21 նոյեմբեր 2015
«Չեմ կրնար ըսել, որ պատերազմական վիճակ է, բայց շատ ընկճող մթնոլորտ կը տիրէ Փարիզի մէջ ներկայիս»,- «Արեւելք»ին ըսաւ ֆրանսահայ արուեստագէտ Վաչէ Տէմիրճեան: Տէմիրճեան, նաեւ յայտնեց, որ այս դէպքերուն պատճառաւ շատ ծանր է վիճակը, քանի օր է`ուղղաթիռները անպակաս են Փարիզի երկինքէն, գիշերը ճամբաները դատարկ, ամայի, շարժանկարի սրահները՝ թափուր, եւ բոլոր զբօսաշրջիկներն իրենց վերադարձի ժամկէտը առաջ կը բերեն:
«Ոչ միայն Ֆրանսայի, այլ ամբողջ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի սխալը եղաւ այն, որ անոնք Սուրիոյ պատերազմի առաջին օրէն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին նեցուկ չկանգնեցան եւ սկսան ընդդիմադիրներուն «մոտերն իսլամներ» կոչել, մոռնալով, որ «մոտերն իսլամ» չկայ աշխարհի վրայ»,- ըսաւ Վաչէ Տէմիրճեան, նղելով նաեւ. «Անոնք ծայրայեղականները զինեցին, եւ հիմա դժբախտաբար այդ զէնքը մեր վրայ ուղղուած է»:
Տէմիրճեան նաեւ ըսաւ, որ «Նոյնիսկ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս երկու տարի առաջ յայտարարեց, որ Պաշշար Ասատ ապրելու իրաւունք չունի այս աշխարհին վրայ, որուն խօսքէն ֆրանսաբնակ իսլամիստներուն քաջալերեց եւ ուժ տուաւ, որ ազատ գործի անցնին Սուրիոյ դէմ»: Ըստ Տէմիրճեանի, Ֆրանսացիներուն սխալը հոն է, որ անոնք իսլամ սալաֆիսթներուն «Տահէշ», «Ժիհատիսթ» եւ «Էթա իսլամիք» անունները կու տան:
«Անոնք կ’ըսեն, որ իրենց պայքարը «Էթա իսլամիք»ի դէմ է, սակայն Իսլամական պետութիւն անունով բան գոյութիւն չունի, անոնք կը խուսափին ըսելէ, որ մեր պատերազմը իսլամ սալաֆիսթներուն դէմ է: Մինչ 40-ական թուականներուն, երբ նացիները յարձակեցան Ֆրանսայի վրայ եւ երկիրը գրաւուած պահեցին ամբողջ 4 տարի, անոնք չէին ըսեր, որ իրենց պայքարը Գերմանիոյ դէմ է, այլ՝ նացիներուն դէմ էր:
Բուն վէրքը հոն է, որովհետեւ իսլամի այս տեսակը Եւրոպայի ստեղծածն է, եւ այս գործողութիւններու ետին այդ սալաֆիսթներն են»: Դիտարկելով դէպքերու ահագնութեան պատճառը` ան, համեմատելով Յունուար ամսուն կատարուած «Շարլի Հէպտո»ի դէպքերուն հետ, ըսաւ. «Այս անգամ շատ ծանր էր հարուածը, որովհետեւ ուղղակի ժողովուրդին ուղղուած էր, շատ անսպասելի էր, այն առումով, որ բոլոր ժողովուրդը ահաբեկչութեան թիրախ դարձած էր»:
Տէմիրճեան նկատել տուաւ նաեւ, որ ահաբեկչական գործողութիւններու վայրերը պատահական չէին ընտրուած, անոնք խնճոյքի վայրերու, մարզական եւ արուեստի կեդրոններուն վրայ կեդրոնացուցած էին իրենց հարուածները, փոխանցելու իրենց կրօնական պատգամը, որ ֆրանսացիները իսլամական կրօնի համաձայն Աստուածահաճոյ կեանք չեն վարեր, ուստի պէտք է պատժել անոնց, ապա աւելցուց. «Անոնք կ’ուզեն իրենց իսլամական օրէնքները պարտադրել Ֆրանսայի ժողովուրդին, անոնց նպատակը ֆրանսացին ծունկի բերելն է»:
Ֆրանսան պատերազմի մէջ ներգրաւուելու հաւանականութեան առկայութեան շուրջ մեր զրուցակիցը ըսաւ. «Ֆրանսացիք այնպէս կը ներկայանան, որ վախ չունին, եթէ դէպքերը այդ ուղղութեամբ զարգանան, որ իրենք շատ պատերազմներ ապրած են, երկու համաշխարհային պատերազմ տեսած եւ նացիներուն դէմ պայքարած են եւ միշտ յաղթական դուրս եկած են, սակայն Տէմիրճեան շեշտեց, որ այստեղ պարագան ուրիշ է, որովհետեւ թշնամիին ով եւ ուր ըլլալը յստակ չէ:
Խօսելով դէպքերուն պատճառով իր առօրեայի մէջ եղած փոփոխութեան մասին` ան ըսաւ, որ ապահովական նկատառումներով ընդհանրապէս տունէն դուրս չի գար, բացի օրուան անհրաժեշտ սնունդը ապահովելու համար: «Փարիզի ժողովուրդին մէջ վախ կայ, սակայն անոնցմէ շատեր յաղթահարելու համար այդ վիճակը, կը փորձեն ձեւանալ, որ իրենք չեն վախնար եւ կը շարունակեն իրենց սովորական կեանքը սրճարաններ այցելելով:
Ես իմ ստեղծագործական աշխատանքներս կը շարունակեմ, բարեբախտաբար այդ միջոցը ունիմ միտքս խաղաղեցնելու, այլապէս վատ պիտի ըլլար վիճակս»,- աւելցուց ան: Մեր զրուցակիցը յայտնեց նաեւ, թէ այս դէպքերը պատճառ դարձան, որ ինք լրջօրէն Փարիզէն տեղափոխուելու մասին մտածէ, այս ուղղութեամբ ան ըսաւ. «35 տարիէ աւելի է, որ Փարիզ կ’ապրիմ, Լիբանանի պատերազմի օրերուն մեր ծնողները, մտածելով, որ Ֆրանսան քրիստոնեայ երկիր է, մեզ փրկելու համար հոս բերին, Ֆրանսա մեծցանք, ընտանիք կազմեցինք, ապագայ կերտեցինք, սակայն հիմա այդ բոլորը աչքիս իմաստ չունի, որովհետեւ դարձեալ անապահովութեան գիրկը կը գտնուինք»:
«Արեւելք»ի հարցին, թէ ուր կը փափաքի նոր կայք հաստատել, Տէմիրճեան ըսաւ, որ ան մեծ փափաք ունի Հայաստան հաստատուելու, սակայն զինք մտահոգողը ազատութեան մթնոլորտի բացակայումն է, բան մը, որ արուեստագէտին համար շատ անհրաժեշտ է, ազատ ստեղծագործելու եւ ինքզինք արտայայտուելու, այդ է որ զինք չի քաջալարեր նման քայլի դիմել: «Ֆրանսա կայ այդ ազատութեան մթնոլորտը եւ այդ ազատութիւնն է, որ այստեղի իսլամները մեռցնել կ’ուզեն»,-ըսաւ Տէմիրճեան հաստատեց, ու հաստատեց, որ իր փափաքներէն մէկն է` ուշ կամ կանուխ Հայաստան գալ:
http://arevelk.am/