Հարցազրոյց «Մեր Վարժարանները Պէտք Է Մօտեցնել Իրենց Պատկանած Գաղութներուն» ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ «ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՏԵՍՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Անի Կարմիրեան Սեպտեմբեր 2014ին միացաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին, որպէս արեւմտահայերէնի զարգացման եւ դաստիարակչական ծրագիրներու պատասխանատու: Անոր հիմնական պատասխանատուութիւններէն մէկն է արեւմտահայ գաղութներու, դպրոցներու ինքնարժեւորումը եւ անոնց զարգացման ու բարենորոգութեան միտող օժանդակութեանց բաշխումը: Այս գործընթացը սկիզբ առաւ Լիբանանի հայկական դպրոցներով եւ 2015-2016ին պիտի ընդարձակուի ուրիշ երկիրներու վրայ: Անին նաեւ պատասխանատուն էր «Դաստիարակչական նորարարութիւններ. 21րդ դարուն արեւմտահայերէնի դասաւանդման մարտահրաւէրները» խորագրեալ գիտաժողովին՝ կազմակերպուած ԻՆԱԼՔՕի (Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու հիմնարկ) կողմէ, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 21ին եւ 22ին, Փարիզի մէջ: Ստորեւ՝ Անի Կարմիրեանի հետ «Նոր Յառաջ»ի հարցազրոյցը, որ կատարուած է «Ճանչնանք «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Խմբակի Անդամները» շրջանակին մէջ.

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ի՞նչ պատճառով դիմեցիք հայկական գաղութներու բաժանմունքի այս պատասխանատու պաշտօնին:
ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ.- Երկար տարիներ հայկական դպրոցներու ցանցին մէջ աշխատելու բարեբախտութիւնը ունենալէս ետք, ուզեցի դիմագրաւել այս նոր դրական մարտահրաւէրը: Երբ իմացայ 5ամեայ այս ծրագիրին մասին, վստահ էի, որ պիտի կարենամ հոն ի գործ դնել իմ փորձառութիւնս: Շատ խանդավառ էի նաեւ այս նոր խմբակին մաս կազմելու գաղափարով:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ի՞նչն է, որ ամէնէն աւելի ձեզ կը հետաքրքրէ այս նոր գործին մէջ:
ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ.- Կը կարծեմ, որ իմ պաշտօնիս ամէնէն հետաքրքրական բաժինը՝ գաղափարի մտայղացումէն անոր գործադրութեան անցնիլն է, ինչ որ կ՛ենթադրեմ դրական անդրադարձ կ՛ունենայ հայկական գաղութներուն վրայ: Քաջալերող տնօրէնի մը հսկողութիւնը նաեւ զարկ կու տայ այս աշխատանքին: Ամէն մարդ պատրաստ է լսելու առաջարկներս եւ օժանդակելու անոնց իրագործման: Իսկապէս տեսլավառ գործ մըն է:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ի՞նչ կը յուսաք իրագործել հայկական գաղութներու դպրոցներու ինքնարժեւորման այս ծրագիրով:
ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ.- Մենք տակաւին այս ծրագիրի գործադրութեան սկզբնական հանգրուանին կը գտնուինք: Դպրոցներու ինքնարժեւորման գործընթացին նպատակն է մեր վարժարանները մօտեցնել իրենց պատկանած գաղութներուն: Այս նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ դպրոցներու հոգաբարձութիւնները՝ ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու, պաշտօնէութեան եւ աւարտականներու հետ միասնաբար, մղել արժեւորելու իրենց պահանջներն ու կարիքները, ինչպէս նաեւ առաւելութիւններն ու տկարութիւնները, որմէ ետք անոնք (դպրոցները) կրնան մտածել կառուցողական ծրագիրներ ստեղծելու մասին՝ գործակցելով ուրիշ դպրոցներու հետ: Խմբային աշխատանքի քաջալերութեան ծրագիր մըն է: Կը յուսամ, որ անիկա պիտի ստեղծէ վստահութեան նոր շրջապատ մը եւ մշակոյթ մը, ուր հաստատութիւնները պիտի կարենան օգտուիլ մէկզմէկու կարողութիւններէն եւ սրբագրել տկարութիւնները, փոխանակ մնալու առանձնացած կամ լճացած վիճակի մէջ: Նկատի ունենալով, որ մեր հիմնական առաջնահերթութիւնն է արեւմտահայերէնի զարգացումը, շատ խանդավառ եմ նաեւ տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ ծնողներ միասնաբար պիտի աշխատին՝ արեւմտահայերէնի ուսուցման նոր միջոցներ ու ձեւեր գտնելու համար: Մենք այս աշխատանքը սկսանք՝ հիմնելով աշխատանքային երեք խումբեր Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ, իւրաքանչիւրը բաղկացած եօթը-ութ տեղացի մասնագէտներէ, որոնց հաւասարապէս կ՛օժանդակեն միջազգային երկու խորհրդականներ: Այս նախաձեռնութեան հեռակայ նպատակը արժեւորման համակարգ մը ստեղծելն է:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս աշխատանքային խմբակներու պարտականութիւնը:
ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ.- Այս աշխատանքային խմբակները ստեղծուեցան դոկտ. Հուրիկ Աթթարեանի 2014ի Մարտ ամսուն հրատարակած «Լիբանանի Մէջ Դպրոցներ Եւ Կրթութիւն» անունով զեկուցումին հիման վրայ, որ պատրաստուած էր «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին պատուէրով, որմէ ետք ես առաջարկեցի հրաւիրել բոլոր հայկական դպրոցները՝ մասնակցելու ինքնարժեւորման այս գործընթացին: Այսպիսով, նշեալ խմբակները դարձան հիմնական կապ մը իւրաքանչիւր գաղութի զանազան դպրոցներու միջեւ: «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի այս աշխատանքի խմբակը գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ դպրոցներու ինքնարժեւորման հարցարաններու պատրաստութեան գործընթացին: Երեք խմբակներու անդամներն ալ ապացուցեցին իրենց աշխոյժ, խանդավառ եւ մրցունակ մասնակցութիւնը դպրոցներու կողքին: Կը յուսամ, որ անոնք (խմբակները) շարունակեն բերել իրենց արժէքաւոր մասնակցութիւնը դպրոցներու եւ հայկական համայնքներու ապագայ գործունէութեան:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Կը կարծէ՞ք, թէ հայկական դպրոցներու մեծամասնութիւնը դրական կերպով արձագանգած է հայկական գաղութներու ինքնարժեւորման գործընթացին:
ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ.- Առաջին հակազդեցութիւնները շատ դրական էին: Լիբանանի դպրոցները մասնակցեցան եւ իրենց առաւելագոյնը ըրին՝ ճիշդ ժամանակին ամբողջացնելով իրենց հարցաթերթիկները եւ կատարելով իրենց արժեւորումները: Ուրախ եմ տեսնելով, որ դպրոցները արդէն իսկ սկսած են զարգացնելու նոր քննադատական մօտեցումներ, ճշդելու իրենց կարիքները, իսկ տնօրէնները իրենց կարգին սկսած են յաւելեալ գործակցութիւն ցուցաբերելու իրենց պաշտօնակիցներուն, աշակերտներուն, ծնողներուն եւ «աշխատանքի խմբակներու» անդամներուն հետ:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Հայկական դպրոցներու ինքնարժեւորման այս գործընթացը ի՞նչ օգուտ պիտի բերէ աշակերտներուն:
ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ.- Որեւէ ծրագիր, որ կը բարելաւէ կրթական համակարգը, օգտակար կ՛ըլլայ նոյնինքն աշակերտներուն, հետեւաբար՝ որեւէ դպրոցական բարեկարգում պէտք է անպայմանօրէն ուղղուած ըլլայ աշակերտութեան: Երբ դպրոցները հարցադրուին, թէ ինչպէ՞ս կրնան յառաջդիմել, վստահ եմ, որ անոնք պիտի զարգացնեն ծրագիրներ, որոնք պիտի շարունակեն խանդավառել աշակերտները եւ մղել զանոնք նորարար գործունէութեանց: Դպրոցներու ինքնարժեւորման հարցարաններուն մէջ մենք կը միտինք ուղղակիօրէն մասնակից դարձնել աշակերտները, ծնողները, ուսուցիչները, պաշտօնէութիւնը, շրջանաւարտները եւ տնօրէնութիւնը, որպէսզի ճշգրիտ պատկեր մը կազմենք կարիքներուն եւ առկայ յաջողութիւններուն մասին:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Որո՞նք են ձեր աշխատանքի հիմնական մարտահրաւէրները:
ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ.- Կ՛ենթադրեմ, թէ ամէնէն մեծ մարտահրաւէրը մնայուն կերպով տարբեր մտահոգութիւններու եւ կարծիքներու հանդէպ զգօն եւ ուշադիր ըլլալն է: Շատ կարեւոր է նկատի առնել եւ յարգել անհատներու եւ համայնքներու տարբերութիւնները: Միաժամանակ, կ՛աշխատիմ իրազեկ մնալ կրթական մակարդակի կացութեան մասին, հայկական գաղութները դիտել ներսէն եւ դուրսէն: Մէկ կողմէ՝ դժուար է բոլորը խանդավառ պահել եւ մղել միասնական աշխատանքի, սակայն միւս կողմէ՝ շատ հաճելի է տեսնել տարբեր տեսակէտներու գործակցութիւնը:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ինչո՞ւ կը կարծէք, որ «Կիւլպէնկեան»ի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին համար կարեւոր էր կրթական այս միջազգային գիտաժողովին համակազմակերպումը՝ ԻՆԱԼՔՕի մասնակցութեամբ:
ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ.- Կը հաւատամ, որ մենք մեծ կարելիութիւն ունինք ծրագիրներ նախաձեռնելու: Այս գիտաժողովը մենք զմեզ դաստիարակելու եւ նոր ծրագիրներ մշակելու բացառիկ առիթ մըն էր: Մեր («Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան) առանձնայատուկ դիրքը մեզի կ՛արտօնէ մարդիկ հաւաքել բաց քննարկումներու շուրջ, որպէսզի անոնք փոխանակեն իրենց գիտելիքները եւ բաղդատեն իրենց փորձառութիւնները: Գործակցելով ԻՆԱԼՔՕէն Անահիտ Տօնապետեանի հետ՝ մեր գիտաժողովը կը միտէր տարբեր երանգաւորում տալ եւ քաջալերել Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման դրական մօտեցումները: Ինծի համար կարեւոր է կառուցողական հայեացք ունենալ ապագայի նկատմամբ:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ինչպէ՞ս որոշեցիք այս գիտաժողովի «Դաստիարակչական նորարարութիւններ. 21րդ դարուն արեւմտահայերէնի դասաւանդման մարտահրաւէրները» խորագիրը:
ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ.- Հարցը առաւելութիւններն ու տկարութիւնները լուսարձակի տակ բերելն է: Կարելի է ընտրել կրաւորական կամ յոռետես մօտեցում մը արեւմտահայերէն լեզուի ներկայ իրավիճակին, կամ կարելի է զարգացնել դրական հայեացք մը՝ կեդրոնանալով յաջող օրինակներու վրայ, անոնցմէ քաղելով լաւագոյնը՝ դասաւանդելու ու ընկալելու աշխատանքի իրագործման համար: Մենք կ՛ուզենք կեդրոնանալ նորարարութեանց վրայ՝ մշակելով նոր դրոյթներ եւ ծրագիրներ, մարտահրաւէրները յաղթահարելու նպատակով: Նշեալ խորագիրը կ՛արտայայտէ դէպի յառաջ ընթանալու եւ լաւագոյնին ձգտելու գաղափարը՝ ապագայի մեր ընելիքները:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Գիտաժողովը եռալեզու էր (հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն): Ինչո՞ւ այս բազմալեզուութեան անհրաժեշտութիւնը:
ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ.- Մեր փափաքն էր բոլորը մասնակից դարձնել բանավէճերուն: Գիտաժողովի բազմալեզուութիւնը կը ցոլացնէ նաեւ Սփիւռքի ներկայ կացութիւնը: Ամէնօրեայ իրենց իրականութեան մէջ սփիւռքահայերը դէմ յանդիման կը գտնուին տարբեր լեզուներ խօսելու եւ հասկնալու անհրաժեշտութեան:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ի՞նչ դրական արդիւնքներ քաղեցիք այս գիտաժողովէն։
ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ.- Մենք մտահոգութիւններու եւ մարտահրաւէրներու մասին զանազան հարցումներ ուղղեցինք այս գիտաժողովի երկու երկար օրերուն ընթացքին: Սակայն կրնանք երեք եզրակացութիւններու յանգիլ.
Առաջին. մասնակիցները առիթը ունեցան քով-քովի գալու եւ դրական մթնոլորտի մէջ իրարմէ բան սորվելու:
Երկրորդ. գիտաժողովը համախմբեց ուսուցիչներ եւ համալսարանականներ. բան մը, որ յաճախ չի կատարուիր նման հանդիպումներու ընթացքին: Կը կարծեմ, որ այս երկուքին գործակցութիւնը շատ դրական էր:
Երրորդ. բախտը ունեցանք ապահովելու չափահասներու դասաւանդման գծով մասնակցութիւնը երիտասարդ ուսուցիչներու եւ համալսարանականներու, որոնք նոր մեթոտներով ուսուցանելու թարմ փորձառութիւն ունեցած էին: Անոնց առիթ հանդիսացաւ փոխանակելու իրենց անմիջական փորձառութիւնները:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ո՞րն է ձեր յաջորդ ծրագիրը:
ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ.- Շատ գաղափարներ եւ ծրագիրներ ունիմ, բայց յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ շարունակել այս աշխատանքը, որ իրագործուեցաւ սոյն գիտաժողովին ընթացքին՝ քով-քովի բերելով ուսուցիչներու եւ համալսարանականներու խումբ մը, որպէսզի ծառայէ իբրեւ ոստումի սկզբնաքայլ՝ ապագային յստակ ծրագիրներ գործնականացնելու առումով։

http://azadkhosk.com/

Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (52) Նոյեմբեր 2015

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail