
Պաշտօնական Երեւանը Կը Հակադարձէ Թուրքիոյ Նախագահի Յայտարարութիւններուն
18 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Թուրքիոյ նախագահին` Միացեալ Նահանգներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին կատարուած յայտարարութիւններու վերաբերեալ` նշելով, որ անոնց մէջ առկայ են պնդումներ, որոնք նպատակ ունին զոհերու արժանապատուութիւնը վիրաւորելու միջոցով արդարացնելու Ցեղասպանութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթի հետագայ ծաւալման լոյսին տակ Թուրքիոյ նախագահը վերջին օրերուն հանդէս եկած է իրերամերժ եւ իրականութիւնը խեղաթիւրող յայտարարութիւններով: Այս տարի 24 ապրիլին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը արդէն իսկ արդարացուցած էր Հայոց ցեղասպանութեան իրականացումը` զայն որակելով «ամէնէն ողջմիտ գործողութիւն»-ը, իսկ Ցեղասպանութեան զոհերը` «հայկական աւազակախումբեր եւ անոնց աջակիցներ»: Այժմ Թուրքիոյ նախագահը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը կը զրկէ նոյնիսկ իրենց պատմական հայրենիքէն` զանոնք անուանելով քոչուորներ` մոռնալով իր նախնիներուն եւ շրջանի բնիկներուն պատմութիւնը, կը շեշտէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը անկասկած անհրաժեշտ են ճշմարտութեան եւ պատմական արդարութեան համար: Սակայն անիկա անհրաժեշտ է ոչ այնքան պատմութեան կամ պատմաբաններուն, որքան այսօր համայն մարդկութեան եւ յատկապէս ինքնութեան հողի վրայ կատարուող յանցագործութիւններու կարողական զոհերուն: Անիկա անհրաժեշտ է այն մարդոց եւ ժողովուրդներուն, որոնց Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր, կրօնական եւ ազգային պատկանելիութեան համար անուանելով ահաբեկիչներ, կ՛ենթարկէ բռնութեան եւ բռնագաղթի իր իսկ դրացի երկրի տարածքին մէջ: Անիկա անհրաժեշտ է ցեղասպան ընկալումներու յաղթահարման եւ մարդու իրաւունքներու համընդհանուր պաշտպանութեան համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
«Թուրքիան պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ իր ներկայ թշնամական քաղաքականութիւնը, ինչ որ առաջին քայլը կրնայ դառնալ ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման եւ շրջանային սպառնալիքներու նուազեցման ուղղութեամբ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
aztagdaily.com/archives/466113





