
Աշնա. «Իրանը Իրաք Կամ Լիբանան Չէ». Խամենէի Զօրակցեցաւ Կառավարութեան Ցոյցերու Պատճառ Դարձած Որոշումին
18 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց, որ կը զօրակցի վառելանիւթի գինի բարձրացումին, որուն դէմ երկրին տարածքին տեղի կ՛ունենան ցոյցեր:
Խամենէի դատապարտեց «խուլիկաններն» ու հակայեղափոխականները շարք մը քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած բռնարարքներուն համար: Ան ըսաւ, որ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուները պէտք է իրենց պարտականութիւնը կատարեն:
Իրանցի պաշտօնատարներ սպառնացին աւելի խիստ կերպով հակազդել, եթէ «ապօրինի» արարքները շարունակուին:
Ցոյցերը ընթացք առին ուրբաթ երեկոյեան, երբ կառավարութիւնը անսպասելիօրէն յայտարարեց, որ վառելանիւթի խնայողութեան կը սկսի եւ կը ջնջէ նպաստները, ինչ որ վառելանիւթի գինը բարձրացուց 50 առ հարիւրով:
Խամենէի երկրին պաշտօնատարներուն կոչ ուղղեց սանձելու այդ որոշումին ժխտական հետեւանքները եւ շեշտեց, որ այլ ապրանքներու գիներուն հսկողութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ գնաճը քաղաքացիներուն համար խնդիրներ կը ստեղծէ:
Ան քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց խափանարարներէն հեռու մնալու: «Անկարգութիւնն ու հրկիզումը քաղաքացիներու գործերը չեն, այլ չարերուն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Անշուշտ, կարգ մը քաղաքացիներ մտահոգուած են այս որոշումէն եւ նեղացած կամ իրենց շահերուն չի համապատասխաներ»:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Ալի Շամխանի յայտնեց, որ Մուժահիտի Խալք կազմակերպութեան անդամներէն կազմուած խումբեր եւ յեղափոխութեան թշնամիներ յարձակում գործած են ապահովութեան ուժերուն դէմ, եւ անոնցմէ ոմանց մօտ զէնքեր եղած են:
Ան աւելցուց, որ այդ խմբաւորումները անցնող օրերուն յարձակումներ գործած են դրամատուներու եւ պետական ու սեփական կալուածներու դէմ:
Եզտի մէջ ընդհանուր դատախազութիւնը յայտարարեց, որ ձերբակալուած են անկարգութիւններու մասնակից 40 անձեր, որոնց մեծամասնութիւնը քաղաքի բնակիչներէն չեն: Երկրին ներքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նշեց, որ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը խախտողներուն նկատմամբ խիստ վարմունք պիտի ցուցաբերուի` աւելցնելով, որ անկարգութիւններու գլխաւոր պատասխանատուները բացայայտուած են եւ այժմ անոնց նկատմամբ պատշաճ քայլերը կ՛որդեգրուին:
«Իրանի թշնամիները այս անկարգութիւններուն յոյսեր կը կապեն, սակայն անցեալին նման ի դերեւ պիտի հանենք անոնց յոյսերը», ըսաւ ներքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Ժողովուրդին անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովումը մեր պարտաւորութիւնն է, եւ ատիկա իրագործելու համար որեւէ ջանք պիտի չխնայենք»:
Իրանի նախագահի խորհրդական Հուսամէտտին Աշնա ըսաւ, որ ներքին ու արտաքին պատեհապաշտները անգամ մը եւս ռազմավարական սխալ մը գործեցին:
Ան նշեց, որ Իրանը Իրաք կամ Լիբանան չէ, ամերիկեան դեսպանատունը տարիներէ ի վեր փակուած է, իսկ Թեհրան վարձկան լրատուամիջոցներուն պիտի չարտօնէ երկրին ճակատագիրը ճշդել:
Նշենք, որ երէկ համացանցի ծառայութիւնը դադրեցաւ գործելէ Իրանի տարածքին:

aztagdaily.com/archives/466148





