Ռազմիկ Շիրինեան – Յեղափոխութիւններու Ժողովրդավար Նկարագիրը

Ռազմիկ Շիրինեան – Յեղափոխութիւններու Ժողովրդավար Նկարագիրը

18 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ –:

Ռազմիկ Շիրինեան

Ժողովրդավարութեան զանգուածային շարժումներն են որոնք նոր թափ առած են Լիբանանի, Չիլիի, Հայիթիի, Իրաքի եւ այլ երկիրներու մէջ ու կը բացայայտեն ժողովուրդներու թէ՛ յեղափոխական եւ թէ, յատկապէս, ժողովրդավար նկարագիրը: Համատարած փողոքներու ականատես կ՛ըլլանք հաստատուած համակարգերու դէմ եւ զանգուածային պոռթկումները իրենց խոր ազդեցութիւնը կը ձգեն իշխանութիւններու կեղեքող նկարագիրին վրայ: Ասիկա թէ՛ յեղափոխական նկարագիր է եւ թէ ժողովրդավարութեան զանգուածային մասնակցութեան արատայայտութիւն:

Ժողովրդավարութեան այս տիպարը հարազատ պատկերն է ժողովուրդի լայն զանգուածի մասնակցութեան: Հոս, ո՛չ քուէարկութիւնն է, ո՛չ ընտրութիւնը ոչ ալ կուսակցութիւններու կամ հասարակական կազմակերպութիւններու ընտրապայքարը, այլ ժողովուրդին հարազատ կամքը արտայայտող լայնածաւալ շարժումն է, որ քաղաքական գետին կը գտնէ եւ կը խարսխուի հայրենիքի բնատուր կենցաղին մէջ: Հոս թէ՛ պետական ընտրանին եւ թէ, յատկապէս, կուսակցութիւնները կը նահանջեն քաղաքական իրենց դերակատարութեան մէջ:

Ժողովրդավարութեան այս օրինակին ականատես եղանք նաեւ ժամանակակից հայ քաղաքական իրականութենէն բխած ամէնէն յատկանշական երեւոյթը նկատուող՝ 2018ին տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն: Չափազանցութիւն պէտք չէ ըլլայ ըսել, որ Հայաստանի մէջ պատահածը բնական նախատիպն էր ժողովրդավար այն յեղափոխութիւններուն, որոնց ականատես կ՛ըլլանք այլ երկիրներու մէջ: Թաւշիայ յեղափոխութիւնը, վերջին հաշուով, ժողովրդավար մասնակցութեան քաղաքական արժէքը իմաստաւորեց ոչ միայն իշխանափոխութիւն իրականացնելու իր քայլին մէջ, այլեւ հայրենի ժողովուրդին ժողովրդավար մասնակցութեան նկարագիրը յստակացնելու իր իմաստին մէջ: Ասիկա քաղաքական բռնկում մը ըլլալէ առաջ, տարիներու վրայ կուտակուած ժողովուրդի հոգեկան պայքարին պոռթկումն էր, որ ժայթքեցաւ իր բնական միջավայրին մէջ:

Հայրենի ժողովուրդին՝ թաւշեայ յեղափոխականացումով նոր ու իրական հողը մշակուեցաւ ընկերաքաղաքական արդար համակարգի մը հաստատման վարքագիծը յստակացնելու յախուռն քայլին մէջ: Հայ ժողովուրդը իր յեղափոխական նկարագիրով ցոյց տուաւ իր աշխատունակ ու շինարար նկարագիրը, ընկերային ու տնտեսական արդարութեան վրայ խարսխուած համակարգ մը ստեղծելու վճրակամութիւնը:

Հայ ժողովուրդը ցոյց տուաւ ազգային իր կերպարը յատկանշող քրտնաջան աշխատանքով ու արդար վաստակով ապրելու իր ձգտումը: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ հայրենի ժողովուրդին շինարար յատկութեան արտայայտութիւնը: Հետեւաբար, որքան ալ այսօր իշխանութեան թերութիւնները մատնանշելու իրաւունք տանք մենք մեզի, որպէսզի յեղափոխական այս երթը չշեղի իր ընթացքէն, նոյն ատեն ճիշդ պիտի չըլլայ եւ հայ քաղաքական միտքը պէտք չէ այս յեղափոխութիւնը պարզապէս հակաիշխանական մոլուցքի վտանգին ենթարկէ:

Այսօր բոլոր ժողովրդավար երկիրները, պատմական արդիւնքն են քաղաքական եւ տնտեսական ազատական ձգտումներուն, ազատ շուկային եւ անոր վրայ հետագային յարմարած ժողովրդավարական հանգրուանային զարգացումներուն:

Ժողովրդավարութիւնը տարազ եղած է արդէն իսկ ազատական դիմագիծ առած ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Հայրենի ժողովուրդն ալ ամէն իրաւունք ունի իրագործելու ազատական իր ձգտումները, հաստատելու ազատ քաղաքական եւ տնտեսական իր կեանքը, ստեղծելու ազատ շուկան ու քաղաքական անկաշկանդ իր յարաբերութիւնները, ապահովելու բարեկեցիկ իր կեանքը եւ, ի վերջոյ, հաստատելու ժողովրդավար իր համակարգը:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

yerakouyn.com/2019/11/18/յեղափոխութիւններու-ժողովրդավար-նկար/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail