Թրքական Լրատուամիջոցներ Կը Քննադատեն Լաւրովի Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը

Թրքական Լրատուամիջոցներ Կը Քննադատեն Լաւրովի Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը

18 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական կարգ մը թերթեր եւ լրատուական գործակալութիւններ Թուրքիա-Ռուսիան յարաբերութիւններու խորապատկերին վրայ արձագանգ կը հանդիսանան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Հայաստան այցելութեան, յատկապէս ծանրանալով նախարարին՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր երթալու եւ հոն «կարծեցեալ» Ցեղասպանութեան» զոհերու յուշարձանին մօտ ծաղիկներ դնելու հարցին վրայ։

Թերթերը կը յիշեցնեն, որ Թուրքիա եւ Ռուսիա քանի մը տարի առաջ դիւանագիտական շատ մեծ տագնապ մը ապրած էին, երբ թրքական ուժերը վար առած էին ռուսական օդանաւ մը։ Երկար բանակցութիւններէ ետք երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կրկին հզօրացան ու հասան այսօրուայ գոհացուցիչ վիճակին, բայց այնպէս կը թուի, որ հիմա դարձեալ նոր տագնապ մը պիտի սկսի երկու երկիրներու միջեւ։ Պատճառը՝ Լաւրովի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութիւնը կը նկատուի։

Դիտել կը տրուի նաեւ, որ Լաւրով Երեւանի մէջ պատրաստակամութիւն յայտնեց միջնորդի դեր ստանձնելու հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով։

Թերթերը կը յիշեցնեն, որ Ռուսիա Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցն է Կովկասի մէջ եւ Հայաստանի մէջ կը գտնուի ռուսական ռազմական խարիսխ մը, մօտաւորապէս 4000 զինուորներով ու հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերով։

«Այս այն ռուսն է, զոր մենք բարեկամ կը համարենք», գրած է թրքական իշխանամէտ «Էնսենահեր» կայքը Լաւրովի մասին։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

asbarez.com/arm/357735/Թրքական-Լրատուամիջոցներ-Կը-Քննադատե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail