
Միացեալ Նահանգներ Հասկացողութեամբ Կը Մօտենան Իրան – Հայաստան Համագործակցութեան
19 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի դիտել տուած է, որ Ուաշինկթըն լաւապէս կը հասկնայ Իրանի եւ Հայաստանի ունեցած յարաբերութիւնները, ուստի հասկացողութեամբ կը մօտենայ Իրանի հետ Հայաստանի եւ հայաստանեան գործարար շրջանակներու օրինական համագործակցութեան հարցին:
«Մենք շատ լաւ կը հասկնանք Իրանի նշանակութիւնը Հայաստանի համար: Իրանը Հայաստանի երկու բաց սահմաններէն մէկն է: Մենք նաեւ ըմբռնումով կը մօտենանք Հայաստան-Իրան կազ ելեկտրականութեան դիմաց փոխանակումներու ծրագիրին», ըսած է դեսպանը եւ պարզաբանած, թէ Իրանի առնչուած ի՛նչ հարցեր կը յառաջացնեն Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնը:
«Մեր մտահոգութիւնները կապուած են ոչ թէ Իրանի հետ օրինական առեւտուրին, այլ այն հարցերուն, որոնք կը վերաբերին Իրանի կողմէ ահաբեկչական միաւորումներուն պետական մակարդակով աջակցութիւն ցուցաբերելուն: Ասոնք շատ յստակ եւ թիրախաւորուած ուղղութիւններ են», ըսաւ ան` նկատել տալով, որ այդ ուղղութիւններէն դուրս այլ յարաբերութիւններու, օրինական առեւտուրի վերաբերեալ առարկութիւն չունին Միացեալ Նահանգները:
«Սիվիլնեթ»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ իրանական կողմին հետ համագործակցող հայաստանեան երկու ընկերութիւններուն, որոնց նկատմամբ Միացեալ Նահանգներ այս տարի պատժամիջոցներ սահմանած է: Խօսքը «Մարկել» ընկերութեան եւ Երեւանի կապի միջոցներու գիտահետազօտական հիմնարկին (ԵրԿՄԳՀԻ) մասին է:

aztagdaily.com/archives/466255





