Էրտողան Կը Յոխորտայ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Քուէարկութիւնը Խոչընդոտելուն Համար

Turkey is not an ordinary state, it is a terrorist state - La Turquie n'est pas un État ordinaire, c'est un État terroriste

Էրտողան Կը Յոխորտայ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Քուէարկութիւնը Խոչընդոտելուն Համար

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»

20 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան Նոյեմբեր 19-ի նիստին ընթացքին, անդրադարձած է թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման եւ Ծերակոյտին մէջ այդ բանաձեւի քննարկման վրայ դրուած վեթոյին:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Էրտողան, խօսելով թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած խնդիրներուն մասին, նշած է, որ անոնք արհեստականօրէն կը մեծցուին Միացեալ Նահանգներու մէջ հակաթրքական շրջանակներու կողմէ, շեշտելով, որ իր եւ նախագահ Տանըլտ Թրամփին միջեւ սերտ կապերը հակառակը կը յուշեն։

Ըստ Էրտողանի՝ թուրքերը «փաստաթուղթեր»ով ցոյց տուած են, որ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ հաստատուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը «կը հակասէ պատմական ճշմարտութիւններուն եւ անարդար է»:

«Մեր հանդիպումէն ետք, բոլոր այն նախաձեռնութիւնները, որոնք կապուած են Ծերակոյտին մէջ հայկական պնդումներուն շուրջ քննարկման, ինչպէս գիտէք, ձախողած են: Անոնց դէմ վեթօ դրուած է», պարծանքով յայտնած է ան։

Յիշեցնենք, որ Թրամփին մօտիկ ծերակուտական Լինզի Կրեհեմ, Էրտողանին հետ հանդիպելէ ետք, կասեցուց բանաձեւը բաց քուարկութեան դնելու ծերակուտական Պապ Մենենտեզի առաջարկը։

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

yerakouyn.com/2019/11/20/էրտողան-կը-յոխորտայ-ցեղասպանութեան-բ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail