
Ըստ «Ֆոքս»-ի. Իրան Սուրիոյ Մէջ Մեծ Ռազմակայան Մը Կը Կառուցէ
20 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Հասունացել է Հայոց ցեղասպանության համար հատուցման ժամանակը»»
Ամերիկեան «Ֆոքս» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրան Սուրիոյ մէջ մեծ ռազմակայան մը կը կառուցէ` նշելով, որ ատիկա ցոյց կու տայ արբանեակներու ճամբով առնուած լուսանկարները:
«Արբանեակներու «Այ.Սի.Այ.» ընկերութեան լուսանկարած նկարները ցոյց կու տան վերակառուցումը 8 կառոյցներու ռազմակայանի մը մէջ, որ անցեալ սեպտեմբերին ենթարկուած էր օդային հարուածի, որուն պատճառով 21 անձ սպաննուած էր», նշեց «Ֆոքս»:
Ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ըստ լուսանկարներուն, շէնքերը բաւարար են պահելու բեռնակառքեր եւ մեծաթիւ սարքեր ու զինամթերք, ինչպէս նաեւ ռազմակայանին երկու կողմերը գոյութիւն ունին անցարգելներ եւ մեծագոյն պահեստանոցներուն տակ ներքին փապուղիներ:
Ըստ «Ֆոքս»-ի նախկին մէկ զեկուցումին, Սուրիոյ մէջ Իրանի նոր ռազմակայանին մէջ պիտի տեղակայուին հազարաւոր զինուորներ եւ ուժեր: Զեկուցումը կը նշէ, որ ասիկա Սուրիոյ մէջ Իրանի կառուցած մեծագոյն ռազմակայանը պիտի ըլլայ, եւ Իրաքի հետ սահմանին մօտ գտնուող ռազմակայանի կառուցումը վստահուած է Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի Քուտս ջոկատին:

aztagdaily.com/archives/466442





