ՀԵՄ-ի Նստացոյցը Կը Շարունակուի – ՀԵՄ-ի Նստացոյցը Կը Շարունակուի

ՀԵՄ-ի Նստացոյցը Կը Շարունակուի – ՀԵՄ-ի Նստացոյցը Կը Շարունակուի

21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ – ՄՇԱԿՈՅԹԱՅԻՆ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

«Թէեւ ՀՅԴ ՀԵՄ բողոքի ցոյցը եւ նստացոյցը կը շարունակուին, իսկ դասադուլը ոչ թէ կը դադրի, այլ դադար կու տանք․ Ատոնք տարբեր բաներ են. այսօր Yerkir.am-ին յայտնեց ԵՊՀ ուսանող Գէորգ Գիւլումեան` անդրադառնալով շարք մը լրատումիջոցներու տարածած այն տեղեկութիւններուն, թէ որոշուած է ընդհանրապէս դադրեցնել դասադուլը:

«Չեմ գիտեր, թէ ինչու մամուլի մէջ այդպէս մեկնաբանած են մեր ըսածը: Մենք ընդամէնը երեք օրով դադար կու տանք, որ կապուած է նաեւ մեր դասախօսներու կոչերուն հետ: Բացի այդ` մենք ԵՊՀ տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարին եւ գիտական խորհուրդի կազմին նամակ-դիմումներ ուղղած ենք եւ կ՛ակնկալենք ստանալ այդ երկու մարմիններու արձագանգն ու դիրքորոշումը` կապուած Արայիկ Յարութիւնեանի, մեղմ խօսքով, ոչ յղկուած պահուածքին հետ, որ ան դրսեւորեց դասախօսներոի հետ հանդիպման ժամանակ»,- ըսած է ան:

ԵՊՀ ուսանողը շեշտեց, որ չեն դադրեցներ դասադուլը, իրենց պահանջները չեն փոխեր:

«Մենք պիտի շարունակենք տէր կանգնիլ մեր լեզուին, մշակոյթին, գրականութեան: Կը ցաւիմ, որ մամուլին մէջ իմ` քանի մը րոպէ տեւած խօսքէն կը կտրեն միայն այն հատուածը, ուր ես ըսած եմ, որ կը դադրեցնենք դասադուլը երեք օրով. Ատիկա բովանդակութենէն կտրուած խօսք է: Մեր բողոքը եւ պայքարը պիտի շարունակուի», – նշեց Գիւլումեան:

Ան ողջունեց Հիւսիսային համալսարանի ուսանողներուն, որոնք նոյնպէս դասադուլ յայտարարած են եւ միացած այլ ուսանողներու ու կը միանան նախարարութեան առջեւ նստացոյց ընող ՀՅԴ ՀԵՄ անդամներուն:

«ԵՊՀ-ի մէջ ցնծութեամբ ընդունեցին այդ լուրը: Կոչ կ՛ընենք այլ համալսարաններու մէջ ուսանող մեր միւս ընկերներուն, սերնդակիցներուն` միանալու այս պայքարին, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ընենք բոլոր համալսարաններու ներկայիս եւ նախկին դասախօսական կազմին, մտաւորականներուն` կանգնելու երիտասարդութեան կողքին եւ այս պայքարը հասցնելու դրական աւարտի»,– ըսած է ան:

Ըստ Գիւլումեանի` դասադուլը պիտի վերսկսի Երկուշաբթի, իսկ մինչ այդ հանդէս պիտի գան յայտարարութիւններով: Ուսանողական շարժման ներկայացուցիչները, ըստ անոր, կը պատրաստուին նաեւ տարբեր ձեւաչափերով հանդիպումներ ունենալու ԵՊՀ գիտական խորհուրդի անդամներուն, Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի տարբեր բաժանմունքներու ուսանողական կառոյցներու եւ ղեկավարներուն հետ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Yerakouyn.com/2019/11/20/հեմ-ի-նստացոյցը-կը-շարունակուի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail