Երկրորդ Օրն Ըլլալով Իսրայէլեան Յարձակում` Դամասկոսի Դէմ

Երկրորդ Օրն Ըլլալով Իսրայէլեան Յարձակում` Դամասկոսի Դէմ

21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Սուրիական ՍԱՆԱ պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկու անձեր զոհուած են եւ շարք մը ուրիշներ, ներառեալ կիներ ու մանուկներ վիրաւորուած, երբ Իսրայէլ հրթիռներ արձակած է Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայքին դէմ:

ՍԱՆԱ նշեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Դամասկոսի հարաւային գիւղական շրջանին վերեւ վար առած են շարք մը «թշնամական թիրախներ»` բռնագրաւեալ Կոլանէն եւ Լիբանանի Մերժահիուն շրջանէն շղթայազերծուած յարձակումի մը ընթացքին:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ իր օդուժը հարուածած է Սուրիոյ մէջ իրանեան եւ սուրիական թիրախներ` ի պատասխան մէկ օր առաջ Սուրիայէն Իսրայէլի դէմ «իրանեան հրթիռներու» արձակման:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ այսօր արշալոյսին իսրայէլեան օդուժին գործադրած հարուածը թիրախ դարձուց իրանեան զինուորական կառոյցներ եւ հակադարձութիւն էր Իսրայէլի ռմբակոծման»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ իսրայէլեան յարձակումները կը հակասեն միջազգային օրէնքին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով իսրայէլեան յարձակումը նկատեց սխալ եւ միջազգային օրէնքին հակասող քայլ մը` նշելով, որ Մոսկուան դէպքին շուրջ կապ հաստատած է իր դաշնակիցներուն հետ եւ պիտի հարցնէ անոր պայմաններուն մասին:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով արձանագրուած են 11 զոհեր, որոնցմէ 7-ն` իրանցիներ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

aztagdaily.com/archives/466570

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail