
Ռուհանի. «Յաջողեցանք Վերջին Օրերու Իրադարձութիւնները Շրջանցել Եւ Յաղթական Դուրս Գալ Պատմական Նոր Քննութենէ Մը»
21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց. «Յաջողեցանք վերջին օրերու իրադարձութիւնները շրջանցել` հակառակ մեր դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն»:
Ան յայտնեց, որ իր երկիրը «յաղթական դուրս եկաւ պատմական նոր քննութենէ մը»:
«Իրանցիները երկրին թշնամիներուն պատրուակ չտուին անոր անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը հարուածելու», նշեց Իրանի նախագահը:
«Պենզինի սակին բարձրացման նպատակը ինքնաբաւութեան եւ ընկերային արդարութեան հասնիլն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ցոյցերու ընթացքին տեղի ունեցած անկարգութիւնները շրջանային յետադիմական երկիրներու, Իսրայէլի եւ Ուաշինկթընի աջակցութիւնը կը վայելէին»:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի իր կարգին յայտնեց, որ բարեկամներն ու թշնամիները պէտք է իմանան, թէ Իրան թշնամին զինուորական, քաղաքական եւ անվտանգութեան ճակատամարտի դաշտին մէջ նահանջի մղեց:
Ան ըսաւ, որ վերջին օրերուն ընթացքին գործուած արարքները անվտանգութեան արարքներ են եւ ոչ թէ ժողովրդային` աւելցնելով, որ Թեհրան տնտեսական պատերազմին մէջ թշնամին վճռականօրէն պիտի մղէ նահանջի:
Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի յայտնեց. «Անկարգութիւններու երեւոյթը երկու օրուընէ աւելի պիտի չերկարի»:

aztagdaily.com/archives/466569





