
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ – Կովկասեան Նախագիծի 115-ամեակ. Ժառանգութիւն Եւ Մտորումներ
21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ: ««Հասունացել է Հայոց ցեղասպանության համար հատուցման ժամանակը»»

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
115 տարի առաջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը որդեգրեց Կովկասեան նախագիծը`ամրապնդելու համար կապը իր եւ աշխատաւոր դասակարգին միջեւ: Հետեւաբար այս նախագիծը հարթեց ճամբան, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը դառնայ հայկական աշխատաւորական շարժման ղեկավար ուժը:
«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը,որ ստանձնած է հայկական շարժման գլխաւոր պատասխանատուութիւնը, կը մտնէ սերտ յարաբերութեան մէջ Ռուսիոյ եւ Կովկասի մէջ գործող յեղափոխական-ընկերվարական կազմակերպութիւններուն հետ`համերաշխ ուժերով մղելու ընդհանուր ազատագրական գործը եւ իր քաղաքական ու ընկերային դաւանանքին հետ կ՛առաջադրէ իր գործունէութեան նախագիծը», կը նշուի նախագիծին մէջ: Կարդալով նախագիծի նշեալ տողերը` կը հասկնանք, որ Դաշնակցութիւնը որդեգրելով Կովկասեան նախագիծը` ո՛չ միայն պաշտպանը դարձաւ աշխատաւոր դասակարգի բովանդակ իրաւունքներուն, այլ նաեւ դարձաւ յեղափոխական այն ուժը, որ կը պայքարի յանուն մարդանհատի ընկերային-տնտեսական ազատագրութեան. ՀՅԴ-ն օժտուելով Կովկասեան նախագիծի ընկերային ու տնտեսական ազատագրութեան տեսլականովիւ` կազմակերպեց արհեստակցական միութիւններ, աշխատաւոր դասակարգին մէջ տարածեց ընկերվարութիւնը, իսկ յիշեալ բոլոր քայլերը դարձան հիմքը ՀՅԴ-ն մղելու 1905-ի ռուսական յեղափոխութեան իր հիմնական մասնակցութիւնը բերելու, որովհետեւ հայահոծ արդիւնաբերական քաղաքներուն մէջ (Երեւան, Թիֆլիս, Պաքու, Ալեքսանդրապոլ) ան ստանձնած էր հայ աշխատաւորի յեղափոխութեան դրօշակը:
Կովկասեան նախագիծին մէջ նաեւ կը նշուի ՀՅԴ-ի յեղափոխական եւ ընկերվարական ուղղուածութիւնը: Այդտեղ մասնաւորաբար կ՛ընդգծուի, որ ՀՅԴ-ն` «Յեղափոխական կռուի միջոցով կը ձգտի դաշնակցական (ֆեդարատիւ) ռամկավարական մէկ կազմակերպութեան (ամբողջ Անդրոկովկասի համար)`ամենալայն տեղական ինքնավարութեամբ: Ըլլալով բացարձակ հակառակորդ ամէն տեսակ առանձնաշնորհութեան ու ճնշումներու` Դաշնակցութիւնը համոզուած է, որ միմիայն ռամկավարական կազմակերպութեան մէջ կովկասեան այլատարր, այլակրօն եւ այլաբարբառ ժողովուրդները կը կարենան ապահովուած տեսնել իրենց ուրոյն, ազատ ու անարգել յառաջադիմութիւնն ու բարգաւաճումը»: Այստեղ յստակօրէն կը տեսնենք, որ Դաշնակցութեան ազգային-ազատագրական (որուն կարեւոր մէկ մասնիկն է ընկերային-տնտեսական ազատագրութիւնը)շարժման ըմբռնումը չի խաչաձեւուիր անոր ընկերվարական գաղափարախօսութեան հետ, այլ ճիշդ հակառակը,` ազգային-ազատագրական պայքարը կը հիմնուի ընկերվարական գաղափարախօսութեան վրայ: Դաշնակցութեան ազգային գիծը չէ հիմնուած որեւէ մոլեռանդութեան, ծայրայեղութեան կամ այլամերժութեան վրայ, այլ` ազգերու միջեւ համերաշխութեան եւ բարեկամական կապերու վրայ:
Ընկերվարութիւնը արագութեամբ տարածուեցաւ Ռուսիոյ եւ Կովկասի (մանաւանդ` վերջինիս հայահոծ շրջաններուն)մէջ, որովհետեւ այդտեղ կային թէ՛ ենթակայական եւ թէ՛ առարկայական պայմաններ, որոնց շնորհիւ այդ գաղափարախօսութիւնը տարածում ստացաւ:Այդ ժամանակաշրջանին կը տեսնենք մէկ կողմէ դրամատիրութեան թափանցումը` արդիւնաբերականացումով, բանուոր դասակարգի յառաջացումով ու, հետեւաբար, նաեւ անոր զրկուածութեամբ ու թշուառացումով, իսկ միւս կողմէ ալ ընկերվարական միտքերու տարածումը` ընկերվարական կուսակցութիւններու հիմնադրութեամբ ու տարածումով: Այս բոլորը վերլուծելով` Կովկասեան նախագիծը կը նշէ. «Ընկերվարական շարժումը իր էութեամբ միջազգային է: Բոլոր երկիրներու աշխատաւոր տարրերը` իբրեւ դառն ճակատագիրի եղբայրակիցներ, կը միանան, ձեռք-ձեռքի կու տան եւ գիտակ իրենց բարձր առաքելութեան, վստահ յաղթանակի վրայ` կը դիմեն կազմակերպուած պայքարի ճանապարհով դէպի ընկերային կազմակերպութիւն մը, ուր պիտի չըլլան կեղեքողներ ու կեղեքուողներ, իշխաններ ու հպատակներ, ուր արդիւնաբերութեան միջոցները, դրամագլուխը պիտի ըլլան համայնական, ուր աշխատանքը, քաղաքակրթութիւնը եւ նիւթական վայելքները հաւասարապէս բաժին պիտի ըլլան իւրաքանչիւրին»: Այստեղ կը տեսնենք նաեւ շեշտադրում` ազգայնամոլութեան մերժման վրայ, նաեւ` դասակարգային պայքարի ակնարկութիւն (որ ներառուած էր նաեւ ՀՅԴ-ի 1892-ի ծրագիրին մէջ). այդ պայքարին յաղթանակը կը տեսնուէր արտադրական միջոցներու` հանրային սեփականատիրութեան յանձնումին մէջ, որուն շնորհիւ բոլոր տեսակի առանձնաշնորհումներն ու կեղեքումները վերջ պիտի գտնէին եւ անոնց պիտի փոխարինէր ազատութեամբ ու արդարութեամբ բնորոշուած հասարակարգ մը, որուն բարիքները արդարապէս բաժնուած պիտի ըլլային հասարակութեան բոլոր անդամներուն: Նախագիծը նաեւ ճամբան բացաւ ՀՅ Դաշնակցութեան անդամակցութեան` Ընկերվար միջազգայնականին: Անիկա առիթ տուաւ ՀՅԴ-ին, որ համագործակցութեան եզրեր գտնէ Ռուսական կայսրութեան մէջ գործող եւ Ընկերվարական Բ. միջազգայնականին անդամակցած կուսակցութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ միեւնոյն ժամանակ արագացուց «ընկերվարութիւն» բառին ներառման հոլովոյթը` ՀՅԴ-ի ծրագիրին մէջ (1907):
Նախագիծին մէջ նշուած թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական պահանջները այդ ժամանակաշրջանին կը նկատուէին յեղափոխական, դասակարգային առանձնաշնորհումներու վերացում, թագաւորութեան տապալում եւ հանրապետութեան կերտում, ութ ժամեայ աշխատանքի օր, հողերու աստիճանական համայնացում, վերացում անուղղակի հարկերուն, երեխաներու աշխատանքի արգիլում եւ գործադուլներու կատարեալ ազատութիւն:
Այս բոլորը կը վերաբերին 1904-ին լոյս տեսած Կովկասեան նախագիծին:
Իսկ այսօր, 115 տարի ետք ի՞նչ պէտք է ըլլայ Կովկասեան նախագիծ որդեգրած կուսակցութեան` ՀՅԴ-ի ընթացքը:
Հայաստանը, այն վայրը, ուր ՀՅ Դաշնակցութիւնը մղեց իր պայքարը ընդդէմ անարդարութեան, այսօր կ՛ապրի 20-րդ դարու սկիզբի անվերահսկելի դրամատիրութեան վերանորոգման շրջանը` նոր-ազատականութեան անուան տակ. ընկերային ապահովագրութիւնը սեփականաշնորհուած ու յանձնուած է մեծ ընկերութիւններուն, իսկ հարկային համակարգը համահարթեցուած ու պայթած`աշխատաւորի գլխուն: 115 տարի եւ նոյն խաւն է տուժողը`աշխատաւոր դասակարգը:
Նոր-ազատականութիւնը, հիմք ունենալով ազատ շուկայական տնտեսական համակարգը, մարդկային կեանքը կը վերածէ շուկայի, մարդը կ՛արժեւորուի իր դրամական ունեցուածքէն մեկնելով, կեանքի տարրական ծառայութիւնները կը դառնան շուկայի մրցակցութեան առարկայ: Եզրակացնելով` կրնանք ըսել, որ հասարակ ժողովուրդի կեանքի կարգավիճակը ազատ շուկայական տնտեսութեան մէջ սպառողական է:
Վերջ տալու համար ներկայ նոր-ազատականութեան անարդար ընթացքին եւ կեանքի անիւը յեղափոխելով`զայն մղելով աւելի արդար գիծի վրայ, ՀՅԴ-ն պէտք է վերակենդանացնէ Կովկասեան նախագիծի ընկերային-տնտեսական ոգին եւ զայն յարմարցնէ ներկայիս հայրենի ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական մարտահրաւէրներուն:

aztagdaily.com/archives/466498





