
Անդրադարձ. Գործնականը Ոչինչի Դիմաց
21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»»
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
13 նոյեմբերին Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նախագահներ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մէկ ժամ 15 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումը, որուն մասնակցած էր նաեւ ծերակուտական Լինտսի Կրահամ:
Այդ մասին հրապարակուած տեղեկատուութենէն եւ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսէն ի յայտ կու գար, թէ կողմերը թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան պատճառ դարձած նիւթերուն շուրջ որեւէ շօշափելի արդիւնքի չեն հասած, եւ տարակարծութիւնները կը յամենան:
Սակայն հանդիպումէն ետք Ծերակոյտի պատկերասփռուած նիստի ընթացքին, հանրապետական ծերակուտական Կրահամ յայտարարեց, որ կ՛արգելակէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին թիւ 150 բանաձեւին Ծերակոյտին կողմէ որդեգրումը` նշելով. «Յոյս ունիմ, որ Թուրքիան եւ Հայաստանը կրնան միասին լուծել այդ խնդիրը»: Ան նաեւ աւելցուց, որ ծերակուտականները «պէտք չէ «գոյներ հաղորդեն» պատմութեան կամ վերաշարադրեն զայն»: Ծերակուտականը այդպիսով կ՛որդեգրէր եւ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմինի վերին պալատի բեմէն կ՛արտայայտէր օտար երկրի մը` Թուրքիոյ պաշտօնական ժխտողական դիրքորոշումը, ինչ որ իսկական գայթակղութիւն մըն է:
Թրամփի մօտիկ եղող ծերակուտականին կեցուածքը հարցականներ ստեղծեց, թէ թիւ 150 բանաձեւը ամերիկեան վարչակազմին կողմէ պարզապէս Թուրքիոյ նկատմամբ բարի կամեցողութեան արտայայտութեա՞ն, թէ՞ թուրք-ամերիկեան գործարքի մը զոհն է:
Թուրքիոյ նախագահի վարչակազմի կայքը չորեքշաբթի, 20 նոյեմբերին հաղորդեց, որ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է, որ ապրիլ 2017-ին Ռուսիոյ հետ Թուրքիոյ ստորագրած համաձայնագիրին հիմամբ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման հոլովոյթը պիտի շարունակուի, սակայն «ներկայիս նոր համաձայնագիրի կնքման մասին խօսք չկայ»:
Էրտողանի բանբերին յայտարարութիւնը մտածել կու տայ, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը զոհն է փոխադարձ բարի կամեցողութեան արտայայտութեան գործարքի մը: Ամերիկեան վարչակազմը իր բարի կամեցողութիւնը արտայայտելու համար արգելակած է բանաձեւին որդեգրումը, իսկ թրքական կողմը փոխադարձ բարի կամեցողութեան արտայայտութեամբ մը հրաժարած է Ռուսիոյ հետ նոր համաձայնագիր կնքելէ:
Թէեւ երկու կողմերուն քայլերն ալ հաւասարապէս դիւրաւ շրջելի են, սակայն պէտք է արձանագրել, որ այստեղ միակ շօշափելի ու գործնական քայլը Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւին արգելակումն է: Թրքական կողմը չէ հրաժարած խնդրայարոյց «Էս-400»-ներէն, այլ պարզապէս խոստացած է յաւելեալ «Էս-400»-ներ չգնել: Այլ խօսքով` բարի կամեցողութեան արտայայտման այս գործարքին մէջ ամերիկեան կողմը պարտուող կողմն է, որովհետեւ վճարած է յստակ գին մը, իսկ թրքական կողմը` ոչինչ:

aztagdaily.com/archives/466532





