
ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Հայկական Լաւաշը Ուաշինկթընի Թանգարանին Մէջ
21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄՇԱԿՈՅԹԱՅԻՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Ամերիկեան պատմութեան ազգային թանգարանը օրերս հիւրընկալած էր հայկական խոհանոցին նուիրուած ձեռնարկ մը: «Լաւաշ» անունով գիրքին համահեղինակներ՝ Քէյթ Լիհի, Ճան Լի եւ Արա Զատա «Սմիթսոնիըն» հիմնարկի հովանիին տակ ցուցադրեցին, թէ ինչպէս կը պատրաստուին հայկական լաւաշը, ղափաման եւ ժինգեալով հացը: Ձեռնարկը նուիրուած էր հայկական խոհանոցին մասին նշեալ գիրքի շնորհահանդէսին:
«Սմիթսոնիըն» հիմնարկի ներկայացուցիչ Հէյլի Պաթուին նշած է, որ գիրքին շնորհահանդէսն ու հայկական ճաշերու պատրաստութիւնը անցեալ տարի Հայաստանին նուիրուած փառատօնին շարունակութիւնն են:
Արա Զատա յայտնած է, թէ գիրքը կարեւոր բաց մը կը լեցնէ՝ ժամանակակից Հայաստանի խոհանոցը աշխարհին աւելի ճանաչելի դարձնելու համար: Հայաստանի մէջ եղած օրերուն ան արձանագրած է զգալի տարբերութիւն Սփիւռքի ու Հայաստանի խոհանոցներուն միջեւ, բացառութիւններէն է, թերեւս՝ լաւաշը:
«Լաւաշը չափազանց կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայկական մշակոյթին մէջ: Անիկա առկայ է հայկական իւրաքանչիւր հիւրասիրութեան սեղանին վրայ, ուստի մենք որոշեցինք վերնագրել գիրքը՝ «Լաւաշ»», ըսած է Զատա:
Իր կարգին, Լիհիին հայկական խոհանոցը հրապուրած է իր բազմազանութեամբ: Ան կը նշէ, որ քանի մը բաղադրիչներէ հնարաւոր է բազմաթիւ ուտեստներ պատրաստել:
«Չափազանց ուրախ եմ, որ միջոցառման ներկայ էին ոչ միայն հայեր, այլ նաեւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ: Յոյս ունինք, որ մեր գիրքը հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ ոչ հայ ընթերցողին», շեշտած է Լի:
Լիհի, որ նաեւ տարբեր խոհանոցներու մասին գիրքերու հեղինակ է, պատմած է, որ հայկական խոհանոցին ծանօթ էր մանկութենէն, իր ամերիկահայ ընկերներուն միջոցով: «Միշտ տպաւորուած եմ հայկական հիւրասիրութեամբ», ընդգծած է ան: Լիհի նաեւ զբաղած է ամերիկահայ ինքնութեան հետազօտութեամբ: 2018ի Թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն ան կը գտնուէր Հայաստան եւ գիրքին մէջ ներառած է որոշ դրուագներ այդ օրերէն: «Մեր գիրքին մէջ կան նկարներ այդ օրերու տօնական մթնոլորտէն: Մարդիկ ամէն տեղ խորոված կը պատրաստէին փողոցներու մէջ ու կը հիւրասիրէին զիրար», նշած է Լիհի:
Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսիսեան ընդգծած է նման միջոցառումներու կարեւորութիւնը հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար:

asbarez.com/arm/358008/Հայկական-Լաւաշը-Ուաշինկթընի-Թանգարա/





