
Հայաստան Ընտրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Կրթութեան Բիւրոյի Խորհուրդի եւ Գլխաւոր Համաժողովի Իրաւական Կոմիտէի Անդամ
22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ԵՈՒՆԵՍՔՕ:
ՀՀ ԱԳՆ-էն կը յայտնեն, որ Փարիզի մէջ տեղի ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր համաժողովի 40-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս Նոյեմբեր 21-ին Հայաստան ընտրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կրթութեան միջազգային բիւրոյի խորհուրդի (2019-2023 ժամանակահատուածի համար) եւ Գլխաւոր համաժողովի իրաւական կոմիտէի անդամ (41-րդ նստաշրջանի համար):
Կրթութեան միջազգային բիւրոն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաջին կարգի հիմնարկ է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ բոլոր պետութիւններուն կը տրամադրէ կրթութեան ոլորտի մէջ մասնագիտական աջակցութիւն եւ փորձաքննութիւն:
Իրաւական կոմիտէն պատասխանատու է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կանոնադրութեան եւ այլ հիմնարար իրաւական օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւնները մեկնաբանելու եւ Գլխաւոր համաժողովի փաստաթուղթերու վերաբերեալ մասնագիտական կարծիքի ներկայացնելու համար:

yerakouyn.com/2019/11/22/հայաստան-ընտրուած-է-եունեսքօ-ի-կրթութ/





