Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Մէջ Պէտք Է Նկատի Առնել Շրջանի Ամբողջ Բնակչութեան Կարծիքը. Իկոր Փոփով

Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Մէջ Պէտք Է Նկատի Առնել Շրջանի Ամբողջ Բնակչութեան Կարծիքը. Իկոր Փոփով

22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Իկոր Փոփով` անդրադառնալով Երեւանի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի հնչեցուցած` «առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի համաձայնութեան որեւէ պայմանաւորուածութիւն կարելի չէ» յայտարարութեան, հաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը անկարելի է լուծել առանց բոլոր շահագրգիռ կողմերու համաձայնութեան: Ըստ անոր, պէտք է հաշուի առնել շրջանի ամբողջ բնակչութեան կարծիքը:

«Լուծման հիմնարար սկզբունքներու բոլոր տարբերակներուն համաձայն, գաղթականները եւ ներքին տեղահանուած անձերը իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց նախկին բնակութեան վայրեր եւ, համապատասխանաբար, մասնակցելու իրենց ապագայ ճակատագիրի որոշման, իսկ թէ ինչպէ՛ս այս իրաւունքը պիտի իրականացուի եւ ե՛րբ` կողմերը պիտի որոշեն», դիտել տուաւ Փոփով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդ» եզրին մէջ կ՛ենթադրուի՞ շրջանի ազրպէյճանական բնակչութիւնը:

Անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի` տագնապի բանակցութիւններուն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը մասնակից դարձնելու հարցին, Փոփով նշեց, որ Ռուսիոյ դիրքորոշումը` բանակցային ձեւաչափին վերաբերեալ, միշտ եղած է հետեւողական, եւ բազմիցս ըսած են, որ կողմերը իրենք պէտք է համակարգեն եւ որոշեն մասնակիցներուն կազմը: Բայց եւ այնպէս, Փոփով կրկնեց Լաւրովի խօսքերը, որ բանակցութիւններու կանուխ փուլերուն, երբ դադրեցան ռազմական գործողութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղը կը հանդիսանար համապատասխան համաձայնագիրներու եւ բանակցութիւններու կողմ, որոնք սկսած էին զինադադարի կնքումէն ետք: Այնուհետեւ որոշուած է, որ Երեւանը պիտի ներկայացնէ Ղարաբաղի շահերը: Փոփովի համաձայն, եթէ ժամանակի ընթացքին կողմերը համաձայնին ներառել Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները բանակցային գործընթացին մէջ, իրենք կ՛աջակցին նման որոշումի:

Բանակցային գործընթացի «արգելակման» յայտարարութիւններուն մասին Փոփով ըսաւ, որ Ռուսիան միշտ ալ աշխուժ միջնորդական դիրքորոշում ունեցած է, եւ որ այս «ձգձգուած տագնապի լուծման հարցին մէջ կողմերուն աջակցիլը Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական անվերապահ առաջնահերթութիւններէն է»:

«Մենք աշխուժ կերպով կ՛աշխատինք այս ուղղութեամբ: Ռուսիոյ անմիջական աջակցութեամբ ստորագրուած փաստաթուղթերուն կարգին է 1994 թուականի զինադադարի համաձայնագիրը, որ դեռ հիմք կը հանդիսանայ զինադադարի հաստատման համար: Մեր երկրի միջնորդական ջանքերու ճամբուն վրայ կարեւոր փուլ էր 2008-ին ընդունուած Մոսկովեան հռչակագիրի ընդունումը` առաջին եւ առայժմ միակ փաստաթուղթը, որուն տակ ստորագրած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները: Ինչպէս գիտէք, ինքնին Ռուսիան էր, որ որոշիչ դեր խաղաց 2016-ին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու հարցին մէջ` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ընդհանուր հրամանատարները Մոսկուա հրաւիրելով», ըսաւ Փոփով:

Փոփով նշեց, որ ընթացիկ տարուան մարտին Վիեննայի մէջ Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ մշակուած են յստակ առաջարկներ` ուղղուած բանակցային գործընթացի վերսկսման նպաստող մթնոլորտի ստեղծման: Ըստ անոր, կան նաեւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւնները, ու այդ հարցին մէջ յառաջընթաց կայ:

Ռուս համանախագահը նշեց նաեւ, որ Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը ժամանակի կը կարօտէր հասկնալու ղարաբաղեան բարդ գործընթացի բոլոր մանրամասնութիւնները, եւ այս նիւթը քննարկուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին վերջին այցելութեան ընթացքին:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

yerakouyn.com/2019/11/22/ղարաբաղի-տագնապի-լուծման-մէջ-պէտք-է-նկ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail