
Թուրքիան Յայտարարած Է Սուրիոյ Հիւսիսը Անվտանգութեան Գօտիի Ստեղծումը
22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»»

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարած է Սուրիոյ հիւսիսը 145 քիլոմեթր երկարութեամբ եւ 30 քիլոմեթր լայնութեամբ անվտանգութեան գօտիի ստեղծման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը յայտնած է. «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութեան ծիրին մէջ կը շարունակուին արեւելքէն եւ արեւմուտքէն յարձակումները: Անոնց կանխարգիլման համար բանակցութիւններ կը վարենք ռուս գործընկերներու հետ»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ, Անգարան դադրեցուց մարտական գործողութիւնները Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ, որպէսզի քիւրտերը կարենան հեռացնել իրենց կազմաւորումները:
Բացի ատկէ, կողմերը համաձայնած են Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ 444 քիլոմեթր երկարութեամբ վերահսկուող անվտանգութեան գօտիի ստեղծման շուրջ:

yerakouyn.com/2019/11/22/թուրքիան-յայտարարած-է-սուրիոյ-հիւսիս/





