Էրտողան Սպիտակ Տան Մէջ Նախատեց Քոնկրեսականները

Էրտողան Սպիտակ Տան Մէջ Նախատեց Քոնկրեսականները

22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ: ««Հասունացել է Հայոց ցեղասպանության համար հատուցման ժամանակը»»

ARARAD – armenagan-Zvartnots-Cathedral-Ruins-Armavir-Province-Armenia

Ա. Ա.

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ ընդունեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, որ անցնող ամիսներուն բաւական սուր քննադատութիւններ ուղղած էր Միացեալ Նահանգներու հասցէին եւ լարուած յարաբերութիւնները հասցուցած էր այնպիսի մակարդակի, որ Թրամփ Թուիթըրի իր էջին վրայ կատարած գրառումով մը Էրտողանի կոչ ուղղած էր` հրաժարելու յամառութենէ եւ յիմարութենէ:

Սակայն Էրտողան-Թրամփ խորհրդակցութիւններէն ետք երկու նախագահներն ալ խօսեցան դրական մթնոլորտի մը մասին, եւ Թրամփ յայտարարեց, որ շատ արդիւնաւէտ տեսակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահին հետ:

Քննարկումներու օրակարգը լեցուն էր հրատապ խնդիրներով. ռուսական Էս 400 տիպի հրթիռներու վաճառք, ամերիկեան Փեթըրիյըթ հրթիռներու գնման ծրագիր, Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ քրտական թղթածրար, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 296 բանաձեւ, ֆեթհուլա Կիւլենի եւ անոր ղեկավարած շարժման դէմ մղուող պայքար եւ քաղաքական, տնտեսական ու ապահովական այլ հարցեր, որոնց շուրջ քննարկումներէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին էրտողան առաջին հերթին նախատեց Ներկայացուցիչներու տունը ընդհանրապէս եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 296 բանաձեւին «Այո՛» քուէարկած չորս հարիւր հինգ քոնկրեսականները, երբ յայտարարեց, որ բանաձեւին ընդունումը ամօթալի քայլ մըն էր: «Մենք պիտի չներքաշուինք այն խաղին մէջ, որուն հեղինակները կ՛ուզեն քայքայել Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա կապերը: Պատմական որոշ իրադարձութիւններ եւ մեղադրանքներ կը շահագործուին թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւնները փշրելու համար», ըսաւ ան:

Էրտողան աւելի առաջ գնաց իր մեղադրանքներուն մէջ եւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը մեղադրեց թուրք ժողովուրդին խոր վիրաւորանք պատճառելու յանցանքով: «Հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած դէպքերու վերաբերեալ ոչ թէ քաղաքական գործիչները, այլ պատմաբանները պէտք է որոշում կայացնեն: Մենք թաքցնելու ոչինչ ունինք եւ հայկական կողմին ալ առաջարկած ենք փոխադարձաբար բանալ արխիւները եւ ստեղծել պատմաբաններու յանձնախումբ մը», յայտարարեց էրտողան` կրկնելով տարիներէ ի վեր թրքական նոյն յանկերգը:

Թրամփ, սակայն, ոչ մէկ արտայայտութիւն կամ յայտարարութիւն կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 296 բանաձեւին վաւերացման մասին եւ բացառապէս գովաբանեց Էրտողանը` նշելով, որ ինք Էրտողանի, զոր նախապէս գրեթէ յիմար կոչած էր, մեծ երկրպագուներէն մին է, եւ թէ իրենք ընկերներ են իրենց ծանօթութեան առաջին իսկ օրէն:

Տեղին է նշել, որ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին լրագրող մը Էրտողանին հարց տուաւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ ապրող քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն ապահովութեան երաշխաւորման մասին` յիշելով Գամիշլիի հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւին ահաբեկումը` ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ:

Էրտողան ըսաւ, որ քաղկեդոնացիները, եզիտիները, կաթողիկէները, արամէականները եւ քրիստոնեայ միւս փոքրամասնութիւնները, որոնք կ՛ապրին Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, խնդիրներ չունին: Իսկ անոնք, որոնք Սուրիոյ մէջ կ՛ապրին, կը տեսնեն, որ մենք կը վերաշինենք իրենց աղօթավայրերը: Անոնք նաեւ բժշկական եւ մարդասիրական օժանդակութիւն կը ստանան:

Թուրքիոյ նախագահին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման եւ ուրացման նորագոյն այս կեցուածքներուն մէջ, սակայն, ամէնէն դատապարտելին ամբողջ հայութեան հասցէին խիստ նախատական այն խօսքը եղաւ, թէ` «կար ժամանակ, երբ հայերը իբրեւ քոչուորներ կը թափառէին եւ նոյն կերպ ալ Թուրքիոյ մէջ ապրած եւ հարկադրաբար արտաքսուած են»:

Տգիտաբար քաղաքական նպատակներ հետապնդող նման յայտարարութիւն առաջին հերթին ցոյց կու տայ անոր հեղինակին իմացութիւնը նոյնինքն իր երկրին պատմութեան: Ուրեմն պոլսահայութիւնը, որ խաւարամտութեան մէջ թաղուած թուրքերուն թատրոն, լուսանկարչութիւն, երաժշտութիւն, արուեստ եւ, տակաւին, նիստուկաց, քաղաքակիրթ կեանք սորվեցուց, քոչուորներու նման կը թափառէր Թուրքիոյ տարածքին: Ուրեմն Յակոբ Մարթայեանը քոչուոր էր, բայց թրքերէնը արաբատառէն լատինատառի վերածեց, որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, թուրքերէն աւելի զարգացած «քոչուոր» մըն էր: Եւ հազարներով օրինակներ կարելի է յիշել` ջրելու համար Էրտողանի այս արտառոց յայտարարութիւնը:

Հապա՞ Արեւմտեան Հայաստանի ամբողջ տարածքին գործած կրթական ցանցը: Ուրեմն քոչուոր էին նաեւ մեր լուսամիտ եւ ժամանակի ամէնէն յառաջդիմական գաղափարները ընկալած ու տարածած գրագէտները, մտաւորականները, ուսուցչապետները, իրաւաբաններն ու կրօնականները: Եւ ասիկա` այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ թուրքը կիսագրագէտ ամբոխ մըն էր յատկապէս գաւառներու եւ կայսրութեան ծայրամասային քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ:

Որքան ալ զարմանալի եւ անակնկալ մը չըլլան Էրտողանի նման յայտարարութիւնները, իրականութիւնները չտեսնելը, չիմանալը եւ ապա զանոնք ամբողջութեամբ ուրանալու թրքավարի այս ոճային արտառոցութիւնն է, որ աւելի մտածել կու տայ, թէ մեր ո՛ր մեղքին համար թուրքին հետ մեր ճակատագիրը կիսելու ահաւոր հարկադրանքին տակ գտնուած ենք:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

yerakouyn.com/2019/11/22/էրտողան-սպիտակ-տան-մէջ-նախատեց-քոնկրե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail