Դամասկոս. «Կը Դատապարտենք Թրքական Բռնագրաւման Ուժերուն Կողմէ Մեր Ժողովուրդին Դէմ Գործուած Բռնարարքները»

Դամասկոս. «Կը Դատապարտենք Թրքական Բռնագրաւման Ուժերուն Կողմէ Մեր Ժողովուրդին Դէմ Գործուած Բռնարարքները»

22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»»

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց «թրքական բռնագրաւման ուժերուն կողմէ սուրիացի ժողովուրդին դէմ գործուած ոճրային բռնարարքները, որոնց վերջինը երէկ անօդաչու սարքերու կողմէ Ռաքքայի հիւսիսային գիւղական շրջանի Թել Ապիատ քաղաքի գիւղական շրջանի բնակուած թաղամասերուն դէմ գործուած օդային հարուածներն էին, որոնք պատճառեցին 5 քաղաքային զոհեր, ներառեալ երեխաներ, ինչպէս նաեւ շարք մը վիրաւորներ»:

«Թրքական վարչակարգն ու անոր կամակատար ահաբեկչական խմբաւորումները կը շարունակեն սուրիացի ժողովուրդին դէմ ոճիրներ գործել` հակառակ Ասթանայի եւ Սոչիի հոլովոյթներու ծիրին մէջ գոյացած համաձայնութիւններուն: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այդ ձեւով անգամ մը եւս կը փաստէ, թէ միջազգային օրէնքէն դուրս է», նշեց նախարարութիւնը` միջազգային հասարակական կարծիքին կոչ ուղղելով անմիջապէս գործելու` «Էրտողանին ստիպելու համար դադրեցնել սուրիացի ժողովուրդին դէմ իր ոճիրները, որոնք բացայայտ ու վտանգաւոր խախտումներ են միջազգային ու մարդասիրական օրէնքներուն եւ ուխտերուն»:

Մինչ այդ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց. «Թուրքիան Սուրիոյ հիւսիս- արեւելքին մէջ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ ժողովրդագրական փոփոխութեան գործողութեան մը սկսած է»:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական բանակը յաւելեալ ուժեր ուղարկած է Սուրիոյ հետ սահման, մինչ Քիլիսի մէջ գտնուող Էօնճիւփընար սահմանային անցքին վրայ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուած են:

«Անատոլու» կը նշէ, որ նոր ուժերը ուղարկուած են «ամրապնդելու համար Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ տեղակայուած զօրամասերը»:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/466719

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail