ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մեր Պատերը

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մեր Պատերը

22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

30 տարի առաջ, նոյեմբեր ամսուն աշխարհը ապրեցաւ պատմական իմաստով մեծ պահեր, երբ Գերմանիոյ պատմական մայրաքաղաքի` Պերլինի «տխուր» պատը, որ կը բաժնէր քաղաքը երկուքի` արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններու, փուլ եկաւ քաղաքական յատուկ մթնոլորտի մէջ եւ խթանը եղաւ Գերմանիոյ միացումին:

Կ՛արժէ hակիրճ կերպով յիշեցնել, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմին, մայիս 1945-ին Պերլինի գրաւումով Գերմանիա յանձնուեցաւ եւ բաժնուեցաւ չորս շրջաններու` ամերիկեան, խորհրդային, ֆրանսական եւ անգլիական: Ապա, օգոստոս 1961-ին, Նիքիթա Խրուչեւի օրով եւ հրահանգով կառուցուեցաւ այն պատը, որ պիտի բաժնէր ոչ միայն քաղաքը երկուքի, այլ պիտի ըլլար խորհրդանիշը «երկաթեայ վարագոյրի», որ պիտի բաժնէր տարիներ ամբողջ Արեւելքը իր քաղաքական ըմբռնումով Արեւմուտքէն:

Արեւելեան Պերլինը մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան, իսկ Արեւմտեան Պերլինը մաս կը կազմէր Արեւմտեան Գերմանիոյ, որ ինքնին նաեւ կը նեկայացնէ «ազատ աշխարհը»: Երկու ստոյգ հակադրուած գաղափարաբանութեամբ զինուած աշխարհներու բաժանումը եւ հակադրութիւնը կարծես կը սկսէր Պերլինի այդ պատէն:

1980-ական թուականներուն Միխայիլ Կորպաչով զգալով ներքին տնտեսական եւ ընկերային դաժան պայմանները, որդեգրեց կլասնոսթ (թափանցիկութիւն) եւ փերեսթրոյքա (վերակառուցում) նշանաբանը` յոյս ունենալով նոր շունչ եւ երկար սպասուած բարեկարգումներ յառաջացնել Խորհրդային Միութեան մէջ, բան մը, որ ըստ պատմաբաններու, կարծր եղաւ ազգային ազատական զգացումներու բռնկումի, որ պիտի առաջնորդէր Խորհրդային Միութեան փլուզումին:

Նոյն վերոյիշեալ պատճառներով, 9 նոյեմբեր 1989-ին Պերլինի տխրահռչակ պատը քանդուեցաւ` դուռ բանալով Գերմանիոյ միացումին, իսկ դեկտեմբեր 1991-ին «լուծարուեցաւ», չըսելու համար` քանդուեցաւ Խորհրդային Միութիւնը, եւ ստեղծուեցան 15 անկախ պետութիւններ:

Պերլինի պատի քանդումէն տարիներ ետք, հոկտեմբեր 1990-ին Գերմանիան վերամիացաւ եւ վերանկախացաւ: Զուգահեռ կերպով մօտ մէկ տարի ետք, սեպտեմբեր 1991-ին, 69 երկար տարիներ պոլշեւիկեան, ապա խորհրդային լուծի տակ ըլլալէ ետք, իր ազատատենչ եւ հրաշալի ժողովուրդի պողպատեայ կամքով եւ անսակարկ նուիրումով մեր հայրենիքի քոյրերն ու եղբայրները կրցան շղթայազերծ ըլլալ խորհրդային կարգերէն` վերանկախացնելով մայր Հայաստանը:

Հակառակ ամէն դժուարութիւններու, վերանկախացած հայրենիքը փիւնիկի նման մոխիրներու մէջէն բարձր թռաւ դէպի ազատ երկինք:

Երբ այսօր, 28 տարիներ ետք, իրապաշտ եւ արդար ըլլալու համար պէտք է ըսենք, որ մենք չյաջողեցանք հայրենիքը վերածելու մեր երազներուն համապատասխանող պետութեան: Չյաջողեցանք հայրենիքը վերածել մեր անգին նահատակներու երազած հայրենիքին, երբեք: Արտաքին դժուար պայմանները միշտ կան ու պիտի մնան, բայց անոնք պարզապէս ոչ համոզիչ պատճառաբանութիւններ են, հիմնական պատճառը այն է, որ մենք չկրցանք փլել մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջի պատերը: Ունինք մէկ հայրենիք, բայց երկու ազգ, ունինք` իրենք եւ մենք, «հայաստանցին» եւ դրսեցին, հասկցողը եւ չհասկցողը եւ, տակաւին, որակումներուն շարքը երկար է: Մեր սրտերուն մէջ իրարու հանդէպ անհանդուրժողականութեան պատը հոն է տակաւին, բան մը, որ վաղուց պէտք էր փլէինք:

Որքան անհաճոյ է լսել «իրարու» հանդէպ արտասանուած նուաստացուցիչ խօսքերը, որքան տխրութիւն կը պատճառէ լսել այս կամ այն ազգային վեհ կուսակցութեան մը կամ ազգային կազմակերպութեան մը հանդէպ վատ արտայայտութիւնները: Ստոյգ է, որ տակաւին շատ սորվելիք ունինք` իբրեւ քաղաքակիրթ ժողովուրդ:

Առ որ անկ է, կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ մեր գոյատեւման միակ ճամբան մեր միասնականութեան մէջն է, մէկ ազգ, մէկ սիրտ, մէկ բազուկ, վե՛րջ: Եթէ այսքան տառապանքէ եւ զուլումէ ետք չկրցանք ըմբռնել այս տարրական իրականութիւնը, ըսել է, թէ ձուլում եւ կորուստի դամոկլեան սուրը, որ կախուած է մեր գլխուն վրայ, անկասկած որ մօտ է մեզ գլխատելու: Փլենք մեր սրտերուն մէջի պատերը, որ մեզ իրարմէ կը բաժնէ, քանի դեռ շատ ուշ չէ:

armenagan-Zvartnots-Cathedral-Ruins-Armavir-Province-Armenia

aztagdaily.com/archives/466652

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail