Զարեհ Եահնիեան – դուք ձեր աթոռներուն վրայ բազմեցաք առանց իմանալու Հայոց պատմութիւնը բայց ուշ չէ, Բարեւս տուի անցայ գնացի

Զարեհ Եահնիեան – դուք ձեր աթոռներուն վրայ բազմեցաք առանց իմանալու Հայոց պատմութիւնը բայց ուշ չէ,

Բարեւս տուի անցայ գնացի

Զարէհ Եահնիեան

Խորհուրդ

1985 թուական Պէյրութ

Երիտասարդ կամաւոր Ընկեր մը կը դիմէ Վաստակաշատ Դաշնակցական գործիչ բժիշկ Փափկէն Փափազեանին

– Ընկեր Փափազեան ինձ կառաջարկեն որպէսզի ըլլամ մեր շրջանի պատանեկան միութեան Վարիչ, որպէս փորձառու
դաստիարակ ինձ ինչ՞ խորհուրդներ կրնաք տալ․

– Ռուբէնի «Յեղափոխականի մը յուշերը» կարդացել՞ ես
– Ոչ
– Մալխասի «Զարթօնք»ը կարդացել՞ ես
– Ոչ
– Տղաս՝ ինչ՞ խորհուրդ տամ քեզ, գնայ կարդայ նշածս գիրքերը, նախ դուն զարգացիր ու դաստիարակուիր ապա պատանիներու դաստիարակութեան բեռը ուսերուդ վերցուր․․․

Այսօրուայ Հայաստանի հանրապետութեան իշխանական այրեր եւ տիկնայք՝, դուք ձեր աթոռներուն վրայ բազմեցաք առանց իմանալու Հայոց պատմութիւնը բայց ուշ չէ, այսօր կրնաք եւ կարդալ այն Հայոց պատմութիւնը որը արգիլուած էր խորհրդային օրօք, կարդացէք պատմութիւնը եւ ես աւելի քան վստահ եմ որ ներկայի ձեր իսկ ընդունած օրէնքներն ու որոշումները պիտի չեղարկէք առանց արտաքին միջամտութեան, Մտածէք այս մասին քանի ուշ չէ․․․

Նախ դուք դաստիարակուէք ու զարգացէք յետոյ ազգին բեռը ձեր ուսերուն վերցուցէք, այլապէս դատապարտուած էք մնալ այդ ծանրութեան տակ

Բարեւս տուի անցայ գնացի

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail