1988-1992ին Ատրպէյճանէն Բռնագաղթած 112 Ընտանիքներու Բնակարան Պիտի Տրամադրուի

1988-1992ին Ատրպէյճանէն Բռնագաղթած 112 Ընտանիքներու Բնակարան Պիտի Տրամադրուի

21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի կառավարութիւնը 21 Նոյեմբերին հաստատեց 1988-1992 թուականներուն Ատրպէյճանէն բռնագաղթած եւ բնակարանի առաջնահերթ կարիք ունեցող անձերուն մնայուն օթեւան ապահովելու նպատակով բնակարաններու գնման վկայագիրներու տրամադրման կարգը:

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի տեղակալ Բագրատ Բադալեան նշեց, որ նախագիծի ընդունման շնորհիւ 112 ընտանիքներ կարելիութիւն պիտի ունենան արժանապատիւ կեանք ապրելու, եւ այսպիսով պիտի լուծուին 30 տարուան վաղեմութիւն ունեցող բնակարանային խնդիրները:

Ըստ 2013ի հաշուարկման տուեալներուն՝ վերոգրեալ առաջնահերթ ծրագիրի ծիրին մէջ 895 ընտանիքներ, որոնցմէ 641ը Երեւան քաղաքին եւ 254ը մարզերուն մէջ կը նկատուին առաջնահերթ կարիքաւորներ: Հաշուի առնելով պահանջուող ֆինանսական միջոցներու բաւական մեծ ըլլալը, յարմար նկատուած է Ատրպէյճանէն բռնագաղթած ընտանիքներու բնակարանային ապահովութեան խնդիրը լուծել ոչ թէ մէկ ընդհանուր ծրագիրի մէջ, այլ զայն տարանջատել՝ ըստ առաջնահերթութեան եւ փուլերու՝ մշակելով առանձին համապատասխան ենթածրագիրներ, որոնց լուծումը աւելի իրատես է, այսինքն՝ նախ հիմնական ուշադրութիւն դարձնել վատ պայմաններու մէջ գտնուողներու հարցերու լուծման։

Այդ խնդիրի լուծման համար պիտի յատկացուի շուրջ 1.5 միլիառ դրամ:

horizonweekly.ca/en/1988-1992ին-ատրպէյճանէն-բռնագաղթած-112-ընտանիք/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail