
Ուաշինկթըն Յայտնած Է, Թէ Ի՛նչ Պայմանով Պիտի Օժանդակէ Սուրիոյ
25 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»
Միացեալ Նահանգներ պիտի չօժանդակեն սուրիական տարածքներու վերականգնման, այնքան ատեն որ չեն տեսներ «վստահութիւն ներշնչող եւ անդառնալի քաղաքական հոլովոյթ», ըստ «Ռոսպլաթ»-ի յայտարարած է Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի:
Ըստ անոր, այդ դիրքորոշումը կը համընկնի եւրոպական եւ միջինարեւելեան գործընկերներու կարծիքին հետ:
«Մենք սերտօրէն պիտի աշխատինք` այդ ճնշումը պահպանելու համար», ընդգծած է Ճեֆրի:
Յիշեցնենք, որ հոկտեմբերի վերջաւորութեան հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կը քննարկեն Սուրիոյ մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը` 500 զինուոր, Սուրիոյ հիւսիս- արեւելքին մէջ պահպանելու կարելիութիւնը:
Բացի ատկէ, կը նախատեսէ Սուրիա ուղարկել քանի մը տասնեակ հրասայլեր եւ այլ սպառազինութիւն:

aztagdaily.com/archives/466888





