
Պաղտատի, Քարպալայի Մէջ Եւ Այլուր Բախումներ, Զի Քարի Մէջ Երեք Զոհ
25 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»»
Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի Ռաշիտ փողոցին վրայ ցուցարարներուն եւ ապահովական մարմիններուն միջեւ տեղի ունեցան բախումներ:
Ցուցարարները շարունակեցին յառաջանալ դէպի կեդրոնական դրամատան շէնք եւ անոր մօտ հրկիզեցին անիւներ: Առողջապահութեան ապահովագրութեան վարչութեան շէնքը հրկիզուեցաւ, իսկ ապահովական ուժերը վերաբացին ցուցարարներուն կողմէ Զի Քար նահանգին մէջ փակուած Սարիհ եւ Զէյթուն կամուրջները:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ կիրակի արշալոյսին Զի Քար նահանգի կեդրոն Նասիրիա քաղաքին կեդրոնը գտնուող Զէյթուն կամուրջին մօտ երեք ցուցարարներ սպաննուած են:
Ցուցարարները Պասրայի մէջ փակեցին Զապիր կամուրջը եւ հրկիզեցին անկարգութեան դէմ պայքարի ուժերուն պատկանող փոխադրակառք մը:
Հարաւային Իրաքի Տիուանիէ քաղաքին մէջ ցուցարարները փակեցին պետական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ արեւելեան Համզա գաւառին մէջ ճամբան:
Քարպալայի մէջ բախում արձանագրուեցաւ ցուցարարներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ: Երկու կողմերէն ալ արձանագրուեցան վիրաւորներ:
Իրաքեան զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարի բանբերը յայտարարեց, որ աւազակախումբեր կը շահագործեն ցոյցերը` փորձելով քանդել ու հրկիզել պետական հաստատութիւնները:
Ան ընդգծեց, որ ապահովական ուժերը խիստ ու պատասխանատու կերպով դէմ պիտի դնեն այդ աւազակախումբերուն, ինչպէս նաեւ պիտի ձերբակալուին անոնց ետին կանգնողները:

aztagdaily.com/archives/466887





