ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ – ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ. Հազար

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ – ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ. Հազար

22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՄՇԱԿՈՅԹ:

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0120norayrdadourianՀազարամեայ քարերու մէջ ծնած, հազար ու մէկ փորձութիւններով փորձուած, ապա հազար ու մէկ եկեղեցիներ շինած ազգի մը բառն է «հազար»: Եւ ի՞նչ փոյթ, թէ անյայտ է անոր ծագումը: Նոյնիսկ եթէ օտարամուտ է՝ «բարով եկաւ, հազար բարի»: Քանզի, ան հազար խաղերով ու հազար տաղերով հարստացուց մեր մայրենին: Այսօր, յարգելի ընթերցող, մայրենիի հարստութեան մէկ հազարերորդը վայելելու համար կ՛առաջարկեմ հազարբերան հեքիաթներով լսել «հազար»ի հազարամեայ ու խորհրդաւոր պատմութիւնը:

Նախ, երկիւղածութեամբ ականջ տանք Գարեգին վարդապետ Սրուանձտեանցի խօսքերուն. «Հայաստանն ու Հայ, որ հազար անգամ խորամանկութեան ու բռնաւորութեան փորձեր անցուցեր են, փորձեր՝ խլելու այս ազգի արմատը այդ արտէն, կամ փոխելու այն հողի յատկութիւնը, որ այլեւս չբուսցընէ զՀայ եւ չերեւի Հայութեան նշոյլ մը: Բայց հայերը մանգաղով հնձուած ժամանակ սերմերը թափեր են փոշիներուն մէջ, արմատէն խլուած ժամանակ ջեղ մը թողուցեր են քարի մը տակ, ձորի մը մէջ եւ նորէն բուսեր, ծլեր, արմատ ձգեր, ոստ արձակեր, ծաղկեր ու պտղաբերեր են անդրէն»:

«Հազար»ը զարմանալի չէ, որ իր խանձարուրային օրերէն իսկ երեւակայութիւններու ծնունդ տուաւ: Հայկական մատենագրութեան մէջ ունինք «հազար, հազարս», «հազարք հազարաց» եւ «զօրութեամբ հազարօք» արտայայտութիւնները: Իսկ այժմ, անոր հետ շինուած բարդ բառերու եւ դարձուածքներու շնորհիւ մեր լեզուն հազար անգամ աւելի հարուստ է: Նախ համրենք բարդ բառերը. 130ի չափ՝ պատկերաւոր ընտիր ածականներու հաւաքածոյ, ներառեալ՝ հազարա՝ բոյր, բերան, գանձ, գետ, գոյն, զանգ, լոյս, համ, մայր, մոմ, շող, շուրթ, սիւն, ստինք, փայլ, լեզու, լիճ, նուագ: Կ՛արժէ յիշել, թէ 5րդ դարուն հայերէնը արդէն ունէր «հազարապետ, հազարապետութիւն, հազարապատիկ եւ հազարաւոր» բառերը: Իսկ մեր հազարագոյն դարձուածքները ամէն օր կը քաղցրացնեն առօրեայ զրոյցները: Ահա այսպէս. մայրերը «հազար անգամ» կ՛ըսեն, թէ ճաշէն առաջ պէտք է ձեռքերը լուալ, նոյն մայրերը «հազար ու մէկ նեղութիւն» կը քաշեն զաւակները մեծցնելու համար, փորձառու արհեստաւորը «հազար կը դատէ՝ մէկ կը կտրէ», անգործը «հազար դուռ կը զարնէ» աշխատանքի համար, երախտագէտ մարդը «հազար բերան փառք կու տայ» իր ունեցածին, անելի մատնուած մարդը «հազար կտոր կ՛ըլլայ» իր վիճակին լուծում մը գտնելու համար, հայը ազգային գործերու մէջ երբեմն ձախողութեան կը մատնուի, քանզի կը յայտնուին՝ «մի կառուցող եւ հազար բերան»: Մենք նաեւ ունեցեր ենք «հազար ու մէկ» եկեղեցիներու քաղաքամայր: Ճիշդ է, որ ունինք նաեւ «Զիս չխայթող օձը թող հազար տարի ապրի» խօսքը, սակայն, աստուածաբան եւ իմաստասէր Գրիգոր Տաթեւացին 600 տարի առաջ մեզ զգուշացուցեր է. «Անտարբերութիւնը հաւասար է յանցագործութեան: Մեղաւո՛ր է ան, որ կ՛ըսէ՝ զիս չխայթող օձը թող հազար տարի ապրի»: 13րդ դարուն, երբ հայոց աշխարհը կ՛անցներ հազար ու մէկ փորձանքներէ, ու խանգարուած էր ընկերային կայունութիւնը, բանաստեղծ Ֆրիկը ըմբոստացաւ: Ան հազարով չափեց Աստուծոյ անարդարութիւնը. «Մէկին հազար ձի եւ ջորի, մէկին ոչ ուլ մի, ոչ մաքի: Մէկին հազար դեկան ոսկի, մէկին ոչ փող մի պղնձի»: Մարդ արարածի արժէքն ալ չափելու համար նժարին մէկ թեւին դրեր ենք հազար կշռաքար: 1500 թուականներուն Նահապետ Քուչակ ըսեր է. «Մարդ կայ, որ հազար արժէ, հազար մարդ կայ, որ մէկ մի չարժէ: Այն մարդն, որ հազար արժէ, անգէտին մօտ փող մի չարժէ»: Քուչակը նաեւ հազարով ուզեր է կեանքը վայելել. «Քեզի գիրկ ու ծոց անեմ, պագ հազար, մինչ որ լուսանայ», «Հազար եար փոխան կու տան, չե՛մ առնուր ու զքեզ չեմ ի տար», «Աղուորն ալ ի դէմս ելաւ, զետ հազար լուսին բոլորած», «Եկի, զքեզ ի քու գտայ, պագ առի հազար համարով»: Սայաթ Նովայի սիրտը, իր եարն է պատճառը, հազար անգամ այրեր է. «Ճիպուտըղ վարաղնած պիտի, թահր ունենայ հազար ռանգով»: Իսկ Եղիշէ Չարենցը իր խօսքը ուղղեց Սայաթ Նովային ու երգեց. «Հազար ու մի գիրք կարդացի – խելացի գիրք չտեսայ, / Հազար կնկայ գիրկն ընկայ – սիրեկան գիրկ չտեսայ: / Հազար գոզալ սիրտս էրեց ու հազարին սիրեցի – Քո սուրբ կրքից աւելի վառ ու անմար կիրք չտեսայ»: Իսկ «Էլի գարուն կը գայ» բանաստեղծութեան մէջ Չարենցը իմաստասիրեց. «Հազար վարդ կը բացուի աշխարհի մէջը, / Հազար աչք կը թացուի աշխարհի մէջը, / Հազար սիրտ կը խոցուի աշխարհի մէջը / Էշխը կրակ կ՛ըլի՝ արին կը մնայ»:

Այս բառը, աւելի քան բոլոր թիւերը գումարած, ճշգրտօրէն նկարագրեց մեր լեռնաշխարհը: Դարձեալ լսենք Չարենցին ձայնը. «Ու հնամեայ քաղաքների հազարամեայ քա՛րն եմ սիրում»: «Տանթէական Առասպել» բանաստեղծութեան մէջ ան պարեց հին շուրջպարը, երբ 18ամեայ բանաստեղծը որպէս կամաւոր զինուոր կ՛երթար ճակատ. «Բոլորեց իսկոյն մեր շուրջպարը հին. / Զնգացին նորից հազար երգ ու վանկ»: Բայց ան խելագար ու ցաւոտ վերադարձաւ ճակատէն. «Իմ հազա՜ր անգամ ու հազա՜ր սրով / Արնոտած, խոցուած սիրտը նայիրեան»: Հայրենի դաշտերու վրայ հունձքի պատկերը եկաւ Դանիէլ Վարուժանէն. «Կը սոթտուին թեզանիքներ, գերանդիներ թող հեսանուին. / Այսօր երկու հազար մշակ կը հնձեն ցորե՛նը եւ գարին»: Վարուժանը մեզի տուաւ հազարաւոր այլ հարուստ պատկերներ՝ «շողի հազար վտակներ, հազար ալիքներ», «հազար կայծակ», «հազար սերունդ, «հազար համբոյր», «հազար գոհար»: Դուք լսա՞ծ էք, թէ Կաքաւաբերդի աւերակներուն մօտ Բասուտա գետը ինչպէ՛ս կը թնդայ ձորի մէջ: Ակսել Բակունցը նկարագրեց այդ ձայնը. «Իր նեղ հունի մէջ գալարւում է Բասուտա գետը, ասես նրա սպիտակ փրփուրի տակ ոռնում են հազար գամփռներ»:

Թումանեանի համար հազարը եղաւ մարդ նկարագրող բառ: Նախ յիշենք Նազարը, հերոսներու ամէնէն քաջը. «Անյաղթ հերոս Քաջն Նազար, / Որ մին զարկի՝ ջարդի հազար»: Թումանեանի գրիչէն հազար նզովք տեղաց տմարդին. «Բերանն արնոտ Մարդակերը էն անբան / Հազար դարում հազիւ դառաւ Մարդասպան»: Վերջապէս բանաստեղծը գտաւ յաւերժութեան գաղտնիքը. «Հազար տարով, հազար դարով առաջ թէ ետ, ի՜նչ կայ որ. / Ես եղել եմ, կա՜մ, կը լինեմ յար ու յաւէտ, ի՜նչ կայ որ, / Հազար էսպէս ձեւեր փոխեմ, ձեւը խաղ է անցաւոր, / Ես միշտ հոգի, տիեզերքի մեծ հոգու հետ, ի՜նչ կայ որ»: Միսաք Մեծարենցը այս բառին վրայ դրաւ իր բարի սիրտը. «Ու բարեւի մը փոխան հազար բարիք ես տայի»: Արցախի զաւակ բանաստեղծ Վարդան Յակոբեանը, որ իր երկրի պետական քայլերգին հեղինակն է, ինչպէս նաեւ՝ «Մայրական երախտագիտութիւն՝ Արցախի քաջորդիներին» մետալին արժանացած մարդ, այսպէս նկարագրեց իր ներաշխարհը. «Հազար արեւ ունեմ իմ մէջ… / Հազար ու մի ժայռ ու ջրվէժ»:

Ու վերջապէս, հազարադայլայլ երգեր հիւսեցինք: Թումանեանը տեսաւ հայրենիքի ապագան. «Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած, / Հազա՜ր-հազար լուսապայծառ հոգիներով ճառագած»: Շիրազը փառաբանեց Անին. «Հազարազանգ զարթնեցնեմ հազարամեայ իր խոր քնից / Հազար ու մի զանգով՝ յստակ զանգեմ Անին՝ վեր ղօղանջեմ:/ Հազար տարուայ կարօտ ունի իմ երազը հազարաթեւ / Ա՜խ, թեկուզ լուռ, դեռ աւերակ, տեսնեմ Անին՝ ու նոր մեռնեմ:»

Իսկ երբ հայ գուսանի երգի լարերուն դպաւ բառը, երգեց եարը, եւ ան հազար անգամ անուշցաւ: Գուսան Շահէնը ըսաւ. «Քո Շահէնն եմ, եա՜ր, հազար խաղերով / Եկել եմ դուռդ, մատաղ քո կեանքին»: Իսկ Գուսան Աշոտը հազար յոյսով կանչեց իր եարին.

Հազար նազով, եար, հովերի հետ եկ,

Ծաղիկ փնջելով՝ սարուորի հետ եկ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

asbarez.com/arm/358171/ԲԱՌԵՐՈՒ-ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ-ԱՇԽԱՐՀԸ-Հազար/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail