
ՀՅԴ ՀԵՄականները Կը Դադրեցնեն Նստացոյցը, Սակայն Չեն Փոխեր Իրենց Պահանջները
22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ – ՄՇԱԿՈՅԹԱՅԻՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 22 Նոյեմբերին ՀՅԴ ՀԵՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան յայտարարեց, որ Շաբաթ օրուընէ պիտի դադրեցնեն կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան դիմաց կատարած իրենց բաց նստացոյցը, իսկ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հանդիպման մասին պիտի տեղեկացնեն աւելի ուշ։ «Եթէ հանդիպում չլինի, դրան քայլեր կը յաջորդեն», շեշտեց ան։
«Մենք պատրաստ ենք հանդիպել Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Հրաժարականի պահանջն ուժի մէջ է՝ մինչեւ այլ յայտարարութիւն չլինի», դիտել տուաւ Վարդանեան։
ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գոռ Սարգսեան իր կարգին յայտնեց. «Մտածում ենք, որ նստացոյցով դրած խնդիրը մինչ այս պահը լուծել ենք։ Երկուշաբթիից յետոյ մենք կ՛անցնենք ուրիշ գործողութիւնների, որոնցից մէկն այստեղ հանդիպումն է նախարարի հետ»։

asbarez.com/arm/358299/ՀՅԴ-ՀԵՄականները-Կը-Դադրեցնեն-Նստացոյ/





