
Ծերակոյտական Քրիսթոֆըր Վան Հոլլըն «Թուրքիան Չափը Անցուց» Կ՛ըսէ Ծերակուտական Վան Հոլլըն
27 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի դեմոկրատական անդամ Քրիսթոֆըր Վան Հոլլըն Թուրքիոյ` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ռատարները փորձարկելուն մասին յայտարարութեան անդրադառնալով «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով նշեց. «Թուրքիան այսպիսով իրեն արտօնուած սահմանը անցաւ»:
«Սպիտակ տուն կատարած իր այցելութենէն երկու շաբաթ ետք, Էրտողան իր քիթը ցոյց կու տայ Թրամփի, Միացեալ Նահանգներուն եւ ՕԹԱՆ-ին, անցնելով այլ կարմիր գիծ մը դէպի «Էս-400»-ը, եւ ուժի մէջ եղող օրէնքները Թրամփին կը պարտաւորեցնեն պատժամիջոցներ հաստատել Թուրքիոյ դէմ` «Էս-400» գնելուն համար», նշեց ամերիկացի ծերակուտականը:
Ծերակուտական Վան Հոլլըն նաեւ յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ պէտք է դիտողութիւն կատարէ Թուրքիոյ` «ապահովական գօտի»-ի անոր վերջին խախտումներուն եւ քիւրտերուն դէմ յարձակումներուն համար»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտարարեց. «Ոչ ոքի «Էս-400» համակարգը չօգտագործելու խոստում տուինք»:

aztagdaily.com/archives/467212





