Թափառումներ Թէոդիկի Տարեցոյցներու Էջերով. Ա.- Եթէ Մեր Յիշողութիւնը Վառ Պահող Հայերէն Գիրին Եւ Խօսքին Հաւատարիմ Մնայինք…

Թափառումներ Թէոդիկի Տարեցոյցներու Էջերով. Ա.- Եթէ Մեր Յիշողութիւնը Վառ Պահող Հայերէն Գիրին Եւ Խօսքին Հաւատարիմ Մնայինք…

27 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Եթէ հայերէն գիրին եւ խօսքին հաւատարիմ մնացած ըլլայինք, մենք մեզ կը ճանչնայինք, ինքնութիւն կը պահէինք, կարգախօսներով ազգի ներկան եւ ապագան չէինք ջնարակեր մենք մեզի հաճոյք պատճառելու եւ խաբելու համար, մեզի յաջորդող սերունդները մեր իրաւ շարունակութիւնը կ՛ըլլային:

Ինչե՜ր կան գրադարաններու անկիւնները քնացող, յաճախ նաեւ` մեր հրաժարումներուն պատճառով մգլոտած գիրքերուն մէջ: Իրենք զիրենք հայ համարող զանգուածները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), այս լքումներուն, քնախտին եւ մգլոտացման մասնակից եւ մեղսակից են:

Գիտուն-գիտնական փոքրամասնութիւնը ժառանգութիւն կը պահէ, բայց ազգի առաջնորդութիւն չէ, էսթեպլիշմընթ չէ, պայքարելու համար անհրաժեշտ նիւթական եւ մարդկային միջոցներու հակակշիռը չունի:

Այս մտորումներով պաշարուեցայ, երբ գրադարանիս թաքնուած մէկ անկիւնէն վերայայտնուեցաւ հատոր մը. Թէոդիկի տարեցոյցները: Այսօր մեր տասը միլիոնէն, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), քանի՞ հոգի լսած են Թէոդիկի անունը, մեր թերթերուն, հրապարակային ելոյթներուն եւ դպրոցներուն մէջ, լաւատեսութեամբ ըսենք, որ հազուադէպօրէն կը հանդիպինք այս անուան: Միշտ կը կրկնեմ, որ թիւերու լեզուն մեկնաբանութեան չի կարօտիր: Եթէ հարցախոյզ մը կատարէինք գէթ մեր ակումբները եւ սրահները յաճախողներուն մօտ, հարցնէինք, թէ ո՞վ է Թէոդիկ, ի՞նչ կը կարծէք, որ պիտի ըլլար արդիւնքը:

Եւ քանի որ արդիականութեան հետ քայլ պէտք է պահել, դիմեցի համացանցի օգնութեան: Բարեբախտութիւն էր. հոն նիւթեր կային Թէոդիկի մասին. գիրք, յօդուած, կենսագրութիւն, լուսանկար: Նոյնիսկ այս պարագային, իրենց համակարգիչին առջեւէն չհեռացող մարդոց ո՞ր տոկոսը օր մը հետաքրքրուած է այդ էջերով: Թէեւ հայկական թերթերը երբեմն եւ զանազան առիթներով խօսած են Թէոդիկի մասին: Կրկին յիշեցնեմ, որ հետաքրքրուողները կրնան դիմել համացանցի: Ի հարկէ հայկական գրադարաններու եւ մատենադարաններու մէջ ալ կան Թէոդիկի գիրքերը: Այդ մատենագիտական աշխատանքը չէ, որ պիտի ընեմ:

Թէոդիկ` Թէոդորոս Լապճինեան ծնած է 1873-ին, Սկիւտար, մեռած է 1928-ին, Փարիզ: Պիտի չխօսիմ Թէոդիկի ազգանուէր եւ կոթողական գործին մասին, որ ինքնատիպ համայնագիտարան է եւ մեր պատմութեան ողբերգական օրերու վկայութիւնը կը բերէ, ո՛չ ալ իր կենսագրութիւնը պիտի գրեմ: Այդ այլապէս հետաքրքրական կրնայ ըլլալ:

Աւելի կարեւոր է երբեմն Թէոդիկի եւ ուրիշ երախտաւորներու էջերը բանալ եւ կարդալ` հաղորդուելու համար մեր անցեալով, հասկնալու համար, որ վերջին անձրեւէն ետք սունկի պէս նոր բուսած արարածներ չենք: Նաեւ` հասկնալու եւ դատելու համար մեր անմիջական ներկան, ճանչնալու մենք մեզ մեր ըմբռնումներով եւ մեր արժեչափերով, ո՛չ ասդիէն եւ ո՛չ ալ անդիէն որսացուած գաղափարներով, հռետորական ճապկումները մէկդի դնելով: 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու առաջին քսանամեակի վաւերագրական նկարահանումը կը գտնենք Թէոդիկի տարեցոյցներուն մէջ. պատմութիւն, անուններ, քաղաքականութիւն, մշակոյթ, վկայութիւններ: ԱԼԻՔ, ԱԶԴԱԿ եւ ԱԶԱՏ ՕՐ թերթերուն մէջ, յիշելով միայն այս երեքը, անդրադարձած են զանազան առիթներով, պրպտողներ կրնան թուել նաեւ այլ անուններ ալ, որոնք խօսած եւ գրած են Թէոդիկի եւ իր «Տարեցոյց»-ներուն մասին:

Թէոդիկի տարեցոյցներուն էջերը կը դարձնէի:

Թատրոնի եռուն կեանք, բանաստեղծներու եւ գրողներու մուտքը գրական ասպարէզ, գիտնականներ, բժիշկներ, ճարտարապետներ: Օսմանեան կայսրութեան եռուն հայ կեանքը կը տողանցէ: Պատերազմը` իր ահաւորութեամբ: Աքսորուածներ, մահացածներ, լուսանկարի մը տակ գրուած անունի կողքին ըսուած է` կախաղան բարձրացած: Կեանքի իրական ալպոմը` ժողովուրդի մը, որ չկայ:

Թէոդիկի տարեցոյցներուն մէջ կան մարդիկ ո՛չ միայն իրենց անուններով պատկերներով, այլ նաեւ` գաղափարներով: Եւ ի հարկէ, ընթերցողը, երբ տարեցոյցի թերթերը կը դարձնէ, էջերը կը կարդայ, կանգ կ՛առնէ, երբ իր նախասիրութիւններուն հեռուէն եկող արձագանգը կը լսէ: Թերեւս աւելի յաճախ պէտք է բանալ Թէոդիկի «Տարեցոյց»-ները, անցեալը ներկային մէջ տեսնելու, կամ ներկան անցեալով հասկնալու համար: Մեզմէ իւրաքանչիւրին ընկալման ալեհաւաքները իրարմէ տարբեր են, նոյն ալիքներու վրայ չենք, ինչ որ կը բացատրէ մեր տարբերութիւնները:

Թէոդիկի «Տարեցոյց»-ներուն կազմուած հատորին թուղթերը հինցած էին, դարձած էին փխրուն, երբեմն երբ էջերը կը դարձնէի, թուղթի կտորներ կը մնային մատներուս վրայ: Ի՜նչ փոյթ: Ինչ որ գրուած էր` մեր տաք պատմութիւնն էր, տաք գրականութիւնը, ազգին համար եւ ազգով ապրած մարդոց գիրն ու խօսքը: Հարիւրաւոր ծանօթ անուններ, արդէն պատմութիւն դարձած, որոնց օր մը, դպրոցը, կամ թերթի մը մէջ, հանդիպած ենք:

Գիրքին մէջ երեք տեղ յիշեցման թղթիկներ դրի: Երեք անուններ եւ երեք գրութիւններ. Արփիար Արփիարեան, Կոմիտաս եւ Նիկոլ Աղբալեան: Քանի մը անգամ կարդացի գրուածները: Այնքան այժմէական էին անոնք, մեր ներկան լուսաւորող: Կը բանա՞նք մեր գիրքերը, կ՛ուզե՞նք եւ կրնա՞նք հաղորդուիլ պատմութեան մէջ հետք ձգած մեր նախորդներով, կ՛ըսենք` ՄԵԾԵՐ-ով: Եթէ այդ ճիգը ընենք, մենք մեզ կը գտնենք շարունակութիւն ըլլալու գիծին վրայ: Ապա թէ ոչ ամէն օր քիչ մը աւելի պատշաճելով կը հեռանանք մեր ինքնութենէն:

Օր մը վերստին պէտք է բանամ Թէոդիկի «Տարեցոյց»-ները` անցեալէն նոր նկարահանումներ ընելու համար: Կամ ընթերցողը ինք այդ ճիգը պէտք է ընէ, գիտնալու համար, թէ ուրկէ՞ եկած է, որոնց հետ եկած է, եւ ո՞ւր կ՛երթայ:

(Շար. 1) 

aztagdaily.com/archives/466983

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail