
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ – ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԻ ՄԸ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
27 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԻ ՄԸ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ – ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԷՐ:

Այսօր, 68 տարի առաջ, 1951 Նոյեմբեր 27ին, Փարիզի մէջ իր աչքերը յաւիտեան փակեց մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն կերտիչներէն ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ։ Ռուբէնը, Ռուբէն Փաշան, Պարոն Ռուբէնը՝ Մեծ Հայն ու Մեծ Դաշնակցականը, որուն միշտ պարտական պիտի մնան մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը։։
Ռուբէնին կը պարտինք հայկական յեղափոխութեան խոյանքներուն եւ մեր աննման յեղափոխականներուն օրագրութիւնը։ Իրեն կը պարտինք մեր հայրենիքին հայացումը։ Իրեն կը պարտինք մեր հանրապետութեան կազմակերպումի եւ հայրենիքի ներքին կայունացման կրկնակ իրագործումները։ Մանաւանդ իրեն կը պարտինք մեր աշխարհաքաղաքական ռազմավարութեան ազգային արեւելումը։
Տարբեր է եւ միշտ տարբեր պիտի ըլլայ Ռուբէնի «համն ու հոտը», ճիշդ այնպէս երբ ան կը նկարագրէր մեր աննման ։ֆետայիները իր «Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները» կոթողական գործին մէջ, «Ես շատ սերունդներ տեսայ տարբեր վայրերու մէջ, բայց այդ սերունդին համն ու հոտը տարբեր էր, ինչպէս Արտամետի խնձորինը, թէկուզ մէջը որդ ինկած լինի…»
Կրնանք միայն հպարտանք եւ յարգանք մատուցել Ռուբէնի յիշատակին, մանաւա՛նդ մեզի ժառանգ՝ անոր գործին ու կտակին։ Սակայն, արժանի ըլլալու համար այդ մատուցման, պարտաւոր ենք վաւերական գործով հետեւիլ Ռուբէնի կտակին։ Այդ կտակը նաեւ կը պատկանի եւ ուղեցոյց պէտք է ըլլայ մեր հայրենի պետութեան ու կառավարութեան։
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
facebook.com/photo.php?fbid=10218856508418234&set=a.10208056351821069&type=3&theater





