Գեղեցիկ Մզկիթն ու Հայոց Ցեղասպանութեան Մութ Շրջանը

Այնթապ-Gaziantep_armenian_church

Գեղեցիկ Մզկիթն ու Հայոց Ցեղասպանութեան Մութ Շրջանը

28 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Բրիտանական The Independent-ի մեկնաբան Ռապըրթ Ֆիսք «Գեղեցիկ մզկիթն ու Հայոց ցեղասպանութեան մութ շրջանը» վերնագիրով յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Այնթապ (Գազիանթեփ) քաղաքի Ազատագրութեան մզկիթին (kurtuluş camisi)` նշելով, որ ան նոր դասական, գրեթէ գոթական ոճով, սեւ-սպիտակ քարերով կառուցուած կառոյց է, որ արտասովոր է մզկիթներու համար:

«Մինարեթները դուրս կու գան քառակուսի տանիքներէն, որոնք կրնային ըլլալ եկեղեցական, եթէ այդ հինաւուրց քաղաքին մէջ ապրէին քրիստոնեաներ: Բայց, ի հարկէ, անոնք եղած են: Գազիանթեփի մէջ ձեզի ոչ ոք` ո՛չ ուղեկցորդները, ո՛չ ուղեցոյցները կ՛ըսեն, որ այս կառոյցը, զոր կառուցած են սուլթան Ապտուլ Համիտ 2-րդի պալատական ճարտարապետներու զարմիկները (յայտնի Պալեաններու գերդաստանէն Սարգիս Պալեանը), եղած է Սբ Աստուածածին տաճարը, որ կը տեղաւորէր աւելի քան 20.000 հայ, որոնք դարձան 1914-1918-ներու պատերազմին ամենաահռելի ոճիրին` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը»,- ըստ Yerkir.am-ի` կը նշէ յօդուածագիրը:

Կը նշուի, որ 36.000 բնակչութիւն ունեցող քաղաքի 32.000 հայերը արտաքսուած էին սուրիական անապատներ, իսլամ բնակչութիւնը զբաղեցուցած էր հայերու տուները, իսկ տաճարը վերածուած էր պահեստի: Միակ պահպանուած փորագրութիւնը ցոյց կու տայ տաճարին կառուցման տարեթիւը` 1892: Ճակատագրի սարսափելի հեգնանքով` այդ տարուընէ սկսաւ սուլթանին կողմէ հայերու կոտորածներու առաջին շրջանը:

Եկեղեցւոյ բակը Ֆիսք հանդիպած է սուրիացի փախստականի մը, որ ըսած է, թէ տեղեակ է, որ այս մզկիթը եկեղեցի եղած է, նաեւ պատմած է, որ մահուան դատապարտուելու համար անապատներ ուղարկուած հայերուն տեղի արաբները մեծ օգնութիւն ցուցաբերած են: Երբ Ֆիսք խանութի մէջ աշխատող թուրքի մը հարցուցած է եկեղեցւոյ մասին, թուրքը քմծիծաղով ակնապիշ նայած է անոր: «Ես կ՛ենթադրեմ, որ ատիկա մեղքի զգացումէն էր»,- գրած է լրագրողը:


Այնթապ-Gaziantep_armenian_church

yerakouyn.com/2019/11/27/գեղեցիկ-մզկիթն-ու-հայոց-ցեղասպանութե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail