Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` ՀՀ ԿԱ անշարժ գոյքի արձանագրութեան պետական կոմիտէի առաջարկով՝ «Գէոդեզիա եւ քարտէզագրութիւն» ՊՈԱԿ-ը հրապարակած է 11 քարտէզ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Քարտէզներուն շնորհանդէսին ժամանակ՝ ՀՀ ԿԱ անշարժ գոյքի արձանագրութեան պետական կոմիտէի պետ Մարթին Սարգսեան շեշտած է, որ անիկա պատմաքարտէզագրական մտքի մեծ ձեռքբերում է եւ ունի քաղաքական նշանակութիւն:
«Հայագիտութեան զինանոցը հարստացաւ նոր արժէքաւոր քարտէզներով, որոնք նորովի ու յաջողուած, գիտական բարձր մակարդակով կատարուած, հայագիտական լայն տեղեկատւութեամբ օժտուած նիւթեր են: Իւրաքանչիւր քարտէզ ուղեկցւում է տեղադիրքով, բացատրական տեքստերով, թեմատիկ բովանդակութեամբ, որոնք կարելի է անուանել հայ քարտէզագրական եւ աշխարհագրական մտքի նուաճում»,- ըսած է Սարգսեան:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը փաստերով կը ներկայացուի Արեւմտեան Հայաստանի Էրզրումի, Պիթլիսի, Խարբերդի, Վանի, Սեբաստիոյ, Կարսի, Ատանայի քարտէզներուն մէջ: