Ալեքսիս Օհանեան եւ Սերժ Թանքեան Կը Միանան ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Կոչին

Ալեքսիս Օհանեան եւ Սերժ Թանքեան

Ալեքսիս Օհանեան եւ Սերժ Թանքեան Կը Միանան ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Կոչին

29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂԻՆԵՐ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթոնի ուղիղ եթերի ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմած է աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեանին, աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանին, գործարար, «Reddit» կայքի եւ «Initialized Capital» ընկերութեան համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեանին մուտք գործել himnadram.org կայք եւ ամսական 20-23 դոլար նուիրաբերել հիմնադրամին` վստահեցնելով, որ հաւաքուած միջոցներու ծախսելու արդիւնաւէտութիւնը կրկնակի պիտի ըլլայ։

«Ինչպէս կ’ըսէք, Նիկոլ Փաշինեան»,- «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Օհանեանը` արձագանքելով ՀՀ վարչապետի կոչին:

Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ, System of a down խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան եւս ընդունած է Փաշինեանի ուղարկած մարտահրաւէրը:

Թանքեան ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով ըսած է.

«Ես կ՛ընդունիմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մարտահրաւէրը` հիմնադրամին նուիրաբերել ամսական 23 տոլար: Ես ալ մարտահրաւէր կը նետեմ ընկերներուս` դոկտոր Էրիկ Իսրաելեանին, Վահէ Պերպերեանին եւ Անժելա Սարաֆեանին ամէն ամիս նուիրաբերել 23 տոլար` ինքնաշխատ կրկնուող գործողութեամբ:

Կը կարծեմ, որ գաղափարը հիանալի է` ստեղծել հայերու համաշխարհային ցանց, որոնք կը նուիրաբերեն ոչ մեծ գումար, քան կախուած ըլլալ աւելի փոքր թիւով մարդոցմէ, որոնք մեծ գումարներ կը նուիրաբերեն, եւ կը կրճատուի ընդհանուր նուիրաբերողներու թիւը: Եկէք, ընենք ասիկա»:

Փաշինեան առաջարկած է, որ եթէ 10 միլիոյ հայէն գոնէ 5 միլիոնը տարուան ընթացքին հմինադրամին նուիրաբերէ 200 տոլար, կամ ամիսը 20 տոլար, մենք տարեկան կ՛ունենանք 1 միլիառ 250 միլիոն տոլար։

Յիշեցնենք, որ այս տարի հիմնադրամին նուիրաբերուած է մօտ 10 միլիոն տոլար:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

yerakouyn.com/2019/11/29/ալեքսիս-օհանեան-եւ-սերժ-թանքեան-կը-միա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail