Փաշինեան. «Հայաստանը Պիտի Շարունակէ Իր Ներդրումը Ունենալ ՀԱՊԿ-ի Արդիւնաւէտութեան Բարձրացման Գործին Մէջ»

Փաշինեան. «Հայաստանը Պիտի Շարունակէ Իր Ներդրումը Ունենալ ՀԱՊԿ-ի Արդիւնաւէտութեան Բարձրացման Գործին Մէջ»

29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Պիշքեքի մէջ մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, որուն մասնակցած են նաեւ կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն` Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Ռուսիոյ եւ Տաճիկիստանի ղեկավարները: Նախ տեղի ունեցած է առաջնորդներու սեղմ, ապա ընդլայնուած կազմով նիստը, «Երկիր»-ին յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն:

Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի անդամները քննարկած են միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան, ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու միջեւ կազմակերպութեան շրջագիծի եւ միջազգային ասպարէզի մէջ փոխադարձ գործակցութեան հարցեր:

Իր խօսքին մէջ վարչապետը նշած է, որ Հայաստանը մտադիր է այսուհետեւ եւս շարունակելու իր ներդրումը ունենալ ՀԱՊԿ-ի արդիւնաւէտութեան հետագայ բարձրացման եւ միջազգային հեղինակութեան ամրապնդման գործին մէջ:

Այնուհետեւ վարչապետը անդրադարձած է մեր երկրի եւ ամբողջ շրջանի անվտանգութեան իրավիճակին, խօսած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մասին:

Վարչապետ Փաշինեան համոզում յայտնած է, որ ռազմատենչ նկրտումները բացարձակապէս անհեռանկարային են եւ խաղաղ բանակցութիւններուն ու տագնապի խաղաղ լուծման այլընտրանք չկայ: Բացի ատկէ, վարչապետը նկատել տուած է, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան դիրքորոշումը վտանգաւոր է ո՛չ միայն Հարաւային Կովկասին, այլ նաեւ ՀԱՊԿ-ի երկիրներու անվտանգութեան համար: «Կը կարծեմ, որ նոր մագլցողական որեւէ շարժում աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ ո՛չ միայն Հարաւային Կովկասի մէջ, այլ նաեւ անկէ դուրս: Ազրպէյճանը, գտնուելով պատերազմական վիճակի մէջ, կրնայ դառնալ յարմար հարթակ իսլամական ծայրայեղականներու համար, որոնք, կորսնցնելով ազդեցութիւնը Սուրիոյ մէջ, նոր տարածքներ կը փնտռեն իրենց գործունէութեան համար: Ընդ որում` Ազրպէյճանը աշխարհագրական առումով շատ յարմար հարթակ է, որուն միջոցով ծայրայեղականները կրնան ծաւալել իրենց գործունէութիւնը բոլոր ուղղութիւններով` հարաւի, հիւսիսի, արեւմուտքի եւ արեւելքի մէջ», նշած է վարչապետ Փաշինեան:

Միեւնոյն ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ՀԱՊԿ-ը ունի անհրաժեշտ միջոցներ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ նոր մագլցումները կանխելու համար: Վարչապետին համաձայն, որեւէ յարձակում, մագլցում կանխելու համար ՀԱՊԿ-ի երկիրները, մեկնելով անվտանգութեան պահպանման շահերէն, պէտք է անպատասխան ձգեն Ազրպէյճանի կողմէ նոր զէնք ձեռք բերելու դիմումները: «Մենք անկեղծ ենք մեր խաղաղութեան ձգտումին մէջ եւ պատրաստ ենք տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ կառուցողական երկխօսութեան` իմ ներկայացուցած հայեցակարգի հիման վրայ: Մենք կը շարունակենք բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջազգայնօրէն ընդունուած միակ բանակցային ձեւաչափի շրջանակներուն մէջ, որուն ՀԱՊԿ-ը բազմիցս յայտարարած է իր աջակցութիւնը: Այս ծիրին մէջ ես կ՛ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Մինսքի խմբակի ռուսական կողմի համանախագահութեան», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը անդրադարձած է նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին եւ կարեւոր նկատած երկրին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդումը: «Այդ երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ծայր աստիճան մտահոգիչ են: Հայաստանը դատապարտեց վերջերս տեղի ունեցած Թուրքիոյ ռազմական ներխուժումը Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք, ինչ որ ուղղակի սպառնալիք կը ստեղծէ այնտեղ բնակող հայազգի բնակչութեան համար: Ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւնները կը դառնան ահաբեկիչներու եւ անոնց ետին կեցած հիմնական թիրախը: Բոլորս ցնցուած էինք սուրիական Գամիշլի քաղաքի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի եւ անոր հօր դաժան սպանութենէն:

Դրացի ինքնիշխան պետութեան տարածք բռնի միջամտութեան իրական պատճառները ակնյայտ են եւ ոչ մէկ ընդհանուր բան ունին Թուրքիոյ կողմէ յայտարարուած խնդիրներուն հետ: Թուրքիոյ կողմէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու խախտումը անընդունելի է եւ պէտք է դատապարտուի միջազգային հանրութեան կողմէ:

Հայաստանը կը սատարէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան: Մենք պիտի շարունակենք ցուցաբերել Սուրիոյ բարեկամ ժողովրդին ամէն մարդասիրական օգնութիւն, որ այսօր անոնց համար այդքան անհրաժեշտ է», նշած է վարչապետ Փաշինեան:

Փաշինեան յաջողութիւն մաղթած է կազմակերպութեան մէջ Ռուսիոյ նախագահութեան, որ կը համընկնի Համաշխարհային Բ. պատերազմին տարած յաղթանակի 75-ամեակին: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանը կը սատարէ նախագահութեան շրջագիծին մէջ առաջնահերթութիւններու իրականացման:

aztagdaily.com/archives/467510

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail