Տեղի Ունեցաւ «Պետականութիւն Եւ Արժեհամակարգ. Մարտահրաւէրներ Եւ Ընելիքներ» Խորագիրով Խորհրդաժողովը
29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ:
Երէկ, 28 նոյեմբերին Երեւանի «Անի փլազա» պանդոկի «Նայիրի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պետականութիւն եւ արժեհամակարգ. մարտահրաւէրներ եւ ընելիքներ» խորագիրով խորհրդաժողովը: Քննարկուեցան ազգային պետականութեան, կրթական, մշակութային եւ լեզուական քաղաքականութիւններուն առնչուող հարցեր:
Խորհրդաժողովի մասնակիցները փորձեցին ուղենշել մտաւորականութեան եւ պետական կառոյցներու ընելիքներն ու խնդիրները:
Նախաձեռնող խումբը նպատակ ունի նման խորհրդաժողովները դարձնել շարունակական` արծարծելու եւ արժեւորելու հանրութիւնը յուզող հոգեւոր-մշակութային խնդիրներ:
Ասիկա համազգային եւ ապագային միտուած գործողութիւններու, մտահոգութիւններու ամբողջութիւն է` խորհրդաժողովի ընթացքին իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան:
«Երբ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինին մէջ կը քննարկուէր այսպիսի խորհրդաժողով մը կազմակերպելու հարցը, եւ որոշում տրուեցաւ դիմել մեր գործընկերներուն, ձեւակերպուեցաւ շատ յստակ խնդիր. պէտք չէ այսպիսի հաւաք մը որեւէ ձեւով կուսակցականացուի», ըսաւ ան:
Արծուիկ Մինասեան յոյս յայտնեց, որ հաւաքը դառնայ հարթակ մը, ուր հետագային եւս բանաձեւումներու, քննարկումներու ձեւով ձեւակերպուին մեր մտաւորականութեան, ակադեմական շրջանակներու, հանրութեան, ազգային հաստատութիւններու, նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մօտեցումներն ու պահանջները ազգային դաստիարակութեան, ազգային ինքնութեան համապատասխան քաղաքականութիւններ մշակելու համար»:
Վերջին մէկուկէս տարուան մեր հանրային կեանքին մէջ հայեցակարգային, ծրագրային, ռազմավարական փաստաթուղթերու բացակայութիւն կայ, բայց այդ բացակայութեան պայմաններուն մէջ մեր հանրային կեանքին կը նետուին գաղափարներ, որոնք խիստ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն հանրութեան բոլոր շերտերուն մօտ` խորհրդաժողովի ժամանակ իր խօսքին մէջ նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան:
Այս համազգային եւ համապետական խնդիրներուն առնչութեամբ մտահոգութիւնը, անոր համաձայն, աւելի կը սրի, երբ ակնյայտ է, որ մէկ կողմէ չկան յստակ ճամբու քարտէսներ, թէ ուր կ՛երթայ Հայաստանը, իսկ միւս կողմէ` քաղաքականութիւն իրականացնող անձեր կը մերժեն երկխօսութիւնը:
Լիլիթ Գալստեան նշեց, որ այսօր անխուսափելի անհրաժեշտութիւն կայ` լսելու շարք մը հարցերու պատասխաններ, եւ այդ հարցերը կը վերաբերին հետեւեալին` Հայաստանը ո՞ւր կ՛երթայ, ի՞նչ միջոցներով կ՛երթայ, ի՞նչ արժէքներու հիման վրայ: «Եւ առհասարակ, միջազգային եւ ազգային արժէքներու բախման մէջ արդեօք մենք ունի՞նք բաւարար դիմադրողականութիւն, բաւարար ներուժ` ճշդելու, յստակացնելու մեր ո՛ւր երթալու ճամբան, արդեօք կա՞յ հանրային եւ շատ աւելի կարեւոր` քաղաքական գիտակցումը, թէ մեր ինքնութեան կարեւորագոյն բաղադրիչները` մշակոյթը, կրթութիւնը եւ հոգեւոր արժէքները առկա՞յ են երկրի ապագայի տեսլականին մէջ», յայտնեց Գալստեան:
Ան աւելցուց, որ հասարակութիւնը իր մտահոգութիւններուն եւ հոգերուն առջեւ մինակ չէ:
«Այստեղ հաւաքուած են գիտութեան, արուեստի, մշակոյթի գագաթին գտնուող մարդիկ: Մշակոյթի, արուեստի եւ գիտութեան մէջ, բարձունքին հասնելու ճամբուն, ձեզմէ ոեւէ մէկուն հայոց լեզուն խանգարա՞ծ է: Սեփական օրինակով գոնէ նայեցէք, եւ յետոյ այդ նայածին ընդմէջէն նայեցէք այսօրուան վարուող քաղաքականութեան», խորհրդաժողովի ժամանակ իր ելոյթին ընթացքին նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան:
Ա. Խաչատրեան իր խօսքը շարունակեց հարցադրումներով. «Կա՞յ լաւ գիտնական, որ լեզու չի գիտեր: Վստահ` կայ: Բայց այդ գիտնականը կամաւո՞ր հրաժարած է լեզու սորվելէ, թէ՞ որոշակի դժբախտ հանգամանքներու պատճառով լեզու չէ սորված»:
Ըստ բանախօսին, բոլոր գիտնականները, նաեւ` հայ գիտնականները, որոնք լեզու չեն գիտեր, կամաւոր ընտրութեամբ չէ, որ լեզու չեն գիտեր, այլ դժբախտ հանգամանքներու պատճառով է ատիկա:
aztagdaily.com/archives/467511