ՀԱՊԿ-ի Ղեկավարները Հաստատեցին Պիելոռուսիոյ Ներկայացուցիչը Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին
29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու ղեկավարները 1 յունուար 2020-էն կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին հաստատած են Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչ Սթանիսլաւ Չասը:
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ այդ մասին լրագրողներուն յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնակատար Վալերի Սեմերիքովը:
«Մենք հարցեր ունէինք` առնչուած ընդհանուր քարտուղարի նշանակման հետ: Այսօր պետութիւններու ղեկավարները Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչ Սթանիսլաւ Զասը շնորհաւորեցին 1 յունուար 2020-էն այդ պաշտօնին նշանակուելու առիթով», ըսած է Սեմերիքով:
aztagdaily.com/archives/467531