«Ռուսիա Կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Կացութեան Լարուածութեան Մեղմացման Ուղղուած Քայլերը» Կ՛ըսէ Զախարովա
29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիա կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի լրագրողներու փոխադարձ ուղեւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ծիրին մէջ բնակչութեան խաղաղութեան նախապատրաստելուն միտուած մարդասիրական միւս քայլերը: «Արմէնփրես»` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները իրենց ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի նախաձեռնութեամբ ապրիլ 2019-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին համաձայնած են քաղաքական աշխատանքի սկսիլ շարք մը մարդասիրական հարցերու շուրջ, ներառեալ` զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու փոխադարձ ուղեւորութիւնները:
«Այդ այցելութիւնները կատարուած են 17 եւ 21 նոյեմբերի միջեւ գտնուող ժամանակաշրջանին մէջ` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի համակարգող դերակատարութեամբ», նշած է ան:
«Անոնց լրագրողներ մասնակցած են Ազրպէյճանէն, Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն: Մենք այդ միացեալ միջոցառումը կը նկատենք իբրեւ հայերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ հաղորդակցութիւններու հաստատման նպաստելու կողմերու մտադրութիւններու դրսեւորում: Կը գտնենք, որ այդօրինակ մարդասիրական արարքները, որոնք միտուած են բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելուն, պէտք է շարունակել, եւ մենք անտարակոյս պիտի պաշտպանենք զանոնք»:
Անոր համաձայն, Ռուսիան «պիտի շարունակէ կողմերուն անհրաժեշտ միջնորդական աջակցութիւն ցուցաբերել ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ»:
aztagdaily.com/archives/467533