«Գոյութիւն Ունի Սուրիացի Գաղթականներուն Վրայ Արեւմտեան Ճնշում, Որպէսզի Սուրիա Չվերադառնան» Կ՛ըսէ Ասատ
29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնեց, որ Արեւմուտքը փորձեց Սուրիոյ պատերազմը ներկայացնել իբրեւ իր իշխանութեան վրայ մնալ ուզող նախագահին պատերազմը, սակայն անիկա ազգային պատերազմ է, ահաբեկչութեան դէմ սուրիացիներուն պատերազմն է:
Ասատ ֆրանսական «Փարի Մաչ» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց. «Ֆրանսական կառավարութենէն ոչինչ կ՛ուզենք, անոնցմէ աջակցութիւն չենք ուզեր, ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ալ ապահովական: Անոնց կարիքը չունինք եւ կրնանք Սուրիոյ մէջ մեր հարցերը դասաւորել, սակայն կ՛ուզենք, որ վերադառնան միջազգային համակարգին, որովհետեւ երբ ֆրանսական ուժերը առանց օրինական կառավարութեան հրաւէրին Սուրիա կու գան, ատիկա բռնագրաւում է: Ահաբեկչութեան աջակցութեան եւ երկիրը բռնագրաւելու համար զինուորական ուժեր բերելը իրարմէ մեծ տարբերութիւն չունին, ընթացքը նոյնն է, սակայն խորագիրը` տարբեր»:
Ասատ յայտնեց, որ գոյութիւն ունի գաղթականներուն վրայ արեւմտեան ճնշում, որպէսզի անոնք Սուրիա չվերադառնան, որովհետեւ ատիկա անոնց համար մարդասիրական հարց մըն է, որ քաղաքական նպատակներու համար իբրեւ խաղաքարտ կ՛օգտագործուի:
«Մենք ամերիկացիներուն հետ ոչ մէկ բանի մէջ գործակցեցանք: Չենք կրնար ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործակցիլ մարդոց հետ, որոնք ահաբեկչութեան կ՛աջակցին», ըսաւ ան:
«Սուրիական կառավարութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը պայքարէր, ինչո՞ւ անոր չաջակցեցաք: Ինչո՞ւ ֆրանսական կառավարութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը պայքարի եւ Ժապհաթ Նուսրային կ՛աջակցի, երբ երկուքը ահաբեկչական են», հարց տուաւ Սուրիոյ նախագահը:
aztagdaily.com/archives/467534