«Հայ-թրքական Բարեկամութեան» Արձանի Հեղինակը Թուրքիոյ Մէջ Դատը Շահած է
01 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը քննած է թուրք քանդակագործ Մեհմեթ Աքսոյի դիմումը՝ իր ստեղծագործելու ազատութիւնը ոտնահարելու եւ իր ստեղծագործութեան հասցէին վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչեցնելու մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Diken.com.tr-ը։
Յիշեցնենք, որ 2011-ին, վարչապետի պաշտօնը զբաղցնող Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հրահանգած էր կազմաքանդել Աքսոյի հեղինակած մարդկայնութիւն եւ հաշտութիւն խորհրդանշող արձանը: Կարսի մէջ տեղադրուած այդ արձանը կը կրէ «Հայ-թրքական բարեկամութեան» արձան անունը, բայց Էրտողանի կողմէ անիկա ստացած էր «այլանդակ կառոյց» բնորոշումը:
Եւ ահա քանդակագործի բողոքի դիմումը վարոյթ ընդունելէ 5 տարի անց՝ Սահմանադրական դատարանը արձանի կազմաքանդումը որակած է իբրեւ խօսքի եւ ստեղծագործելու ազատութեան ոտնահարում՝ եւ թուրք քանդակագործին 20.000 թրքական լիրա (3500 տոլար) փոխհատուցում վճարելու մասին որոշում կայացուցած:
yerakouyn.com/2019/11/28/հայ-թրքական-բարեկամութեան-արձանի-հ/