ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – Անտեսուածները – երբ Յուլիս 27-ի առթիւ յօդուած մը գրեցի «Լիզպոնի ձախողած գործողութիւնը» վերնագրով

ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – Անտեսուածները – երբ Յուլիս 27-ի առթիւ յօդուած մը գրեցի «Լիզպոնի ձախողած գործողութիւնը» վերնագրով

01 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ԱՆՏԵՍՈՒԱԾՆԵՐԸ:

(Անտեսուածները)

Տարիներ առաջ երբ Յուլիս 27-ի առթիւ յօդուած մը գրեցի «Լիզպոնի ձախողած գործողութիւնը» վերնագրով անթիւ անհամար ցեխարձակում եղաւ իմ հասցէին հիմնական այն շերտէն որոնք միայն կարդացած էին վերնագիրը, նոյնը կսպասեմ եւս այսօր, «Ինչ՞ անտեսուած, ինչեր՞ կը յօրինես, մենք այդ տղոցմով երդում կուտանք, իրենցմէ ուժ կառնենք, կը պաշտենք իրենց» եւ այլ նախադասութիւններ որպէս հակահարուած անտեսուածները վերնագրին․

իսկ ես շարունակեմ արտայայտել իմ միտքը

Անտեսուածները

Ով՞ է որ այսօր իր Խօսքը կը վերածէ գործի, բնականաբար Լիզպոնի 5 տղոց գործողութեան կապակցութեամբ․

Կայ երկու հիմնական խրամատ այս իմաստով, չեմ կրնար տոկոսներ ըսել որովհետեւ իսկապէս չեմ տիրապետեր թիւերուն, Կայ խրամատ որտեղ Լիզպոնի տղաքը Հերոսներ են, Դաստիարակներ են, Աստուածներ են․․․

Կայ խրամատ որոնց համար նոյն տղաքը ահաբեկիչներ են, արկածախնդրութեան գիրկը նետուողներ են, վնասակար երեւոյթ են Հայաստանին եւ Հայ ազգին․․․

Ցաւով պիտի նշեմ որ երկրորդ խրամատի ներկայացուցիչները իրենց խօսքին տէրն են եւ այդ փաստած են բազմիցս պարզապէս անտեսելով այդ տղոց եւ իրենց գործողութիւնը նաեւ ընելով հակառակը, փաստեր բերելով տարբեր աղբիւրներէ թէ Լիզպոնի գործողութիւնը «ահաբեկչական բնոյթ կը կրէ», այդ միտքը ու իրենց վարմունքը կը համապատասխանէ իրենց մտածելաձեւին 100 տոկոս․․․

Առաջին խրամատի ներկայացուցիչները որոնց համար Տղաքը Աստուածներ եւ հերոսներ են, ուր՞ է ձեր աշխատանքը, ուր՞ է ձեր վերաբերմունքը, եթէ անոնք Աստուածներ են ապա վարուեցէք ինչպէս կը վարուիք Աստուածներու հետ, եթէ անոնք հերոսներ են ապա վարուեցէք ինչպիսին կը վարուին իսկական հերոսներու հետ, սակայն այսօր մենք չենք տեսներ ոչ այս եւ ոչ այն․․․

Ունինք Հայկական աշխարհ Հայաստանով եւ սփիւռքով նաեւ ունինք միջազգային ընտանիք հասկացողութիւնը, գաղտնիք չէ որ միջազգային ընտանիքի մէջ այսօր կը գործէն մասնագիտացած Հայ դատի գրասենեակներ, «լոպինկ» ընելու մասնագիտացած խումբեր որոնք անշեղ եւ յամառ պայքար, կռիւ ու ճակատամարտ կը մղեն ընդդէմ ուրացման ընդեմ սուտերու եւ ընդեմ ցեղասպանութեան ժխտումին եւ նաեւ գաղտնիք չէ որ մենք յառաջխաղացք կարձանագրենք այդ ուղղութիւններով ի պատիւ նշուած կազմակերպութիւններուն որոնց կնքահայրն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը․

Ետեւ ետեւի յաղթականներ կարձանագրենք միջազգային ընտանիքի մէջ եւ նաեւ ետեւ ետեւ պարտութիւններ եւ հետընթաց Հայկական աշխարհի մէջ, ամբողջ աշխարհին կը համոզենք աւելի ճիշդ կը փաստենք որ մենք ենք իրաւատէրը ու կը ստիպենք իրենց որպէսզի քայլեր ձեռնարկէն եւ այդ բոլորը կընենք լուրջ հիմնաւորուած աշխատութիւններու շնորհիւ որոնց համար միայն կարելի է գլուխ խոնարհել սակայն մենք նահանջի մէջ ենք ներքին գզվռտոցներով եւ քայլ չենք պահէր թէ գիտական եւ թէ բարոյական սկզբունքայնութեան հետ․

Մեր ամենէ զօրաւոր զէնքը եւ արտաքին եւ ներքին ընտանիքներու Լիզպոնի տղաքն են իրենց գործողութիւնով սակայն բացի երգեր գրելէն, քարոզ կարդալէն, շիրիմներու վրայ երդում տալէն տարին մէկ միջոցառումներ կազմակերպելէն զատ ինչ՞ աշխատանք կատարուած է այդ ուղղութեամբ, քանի՞ աշխատասիրութիւն եղած է, քանի՞ գիտական խորհրդաժողով կատարուած է, քանի՞ «սեմինար» եւ այլ անուանումներով երեւոյթներ կազմակերպուած են, որքան՞ ուսումնասիրուած է դասագիրքերու եւ բանակի մէջ այդ երեւոյթը ներառնելը, ես տամ իմ հարցին պատասխանը, ոչ մէկ․

Եթէ Աստուածներ են այսպէս չեն վերաբերուիր

Եթէ հերոսներ են այսպէս չեն վերաբերուիր

Անոնք նոյնիսկ չունին թանգարան որտեղ կրնայ աշակերտը ուսանողը զինուորը դասալիքը եւ բոլորը մտնեն ու հաղորդուին, չունին որովհետեւ դեռ եւս չեն ստացած իրենց համապատասխան գնահատականը, եւ ինչպէս՞ կրնան ստանալ գնահատական երբ չկայ գիտաժողով, չկայ աշխատութիւններ հասարակ կամ գիտական չկայ վերլուծութիւններ․․․

Եթէ այս տղաքը ուրիշ ազգի եւ երկրի մը ծնունդ ըլլային հաւատացէք որ այսօր այդ երկիրը գէր հզօր կը դառնար միայն այս գործողութեան ուսումնասիրութիւնները արտահանելով, այս գործողութիւնը միջուկային զէնքէ մը աւելի զօրաւոր է, բայց երբ մենք չենք հասկցած այդ ինչպէս՞ բացատրել ուրիշին, մենք կը նայինք հարցին այս անկիւնէն թէ քաջ, հերոս տղաք էին, խանդավառ, գինով յեղափոխութեամբ եւ այդպէս ալ կերեւի որովհետեւ չենք կրցած վեր հանել իրենց նպատակը, իրենց գործողութեան իմաստը, իրենց մարդկային աննկարագրելի կերպարները․

Գնդակը այն կողմն է որտեղ կը հերոսացնեն եւ կաստուածացնեն այս տղոց, մտածեցէք Հայկական աշխարհի մասին եւս ինչպէս որ կը մտածէք միջազգայինին որովհետեւ միւս կողմը իր գնդակը վաղուց ուղարկած է ձեր կողմ․․․

Թող ներէ ինձ ընկեր մը որ նման համեմատութիւններ պիտի ընեմ այդ երբեք նսեմացում չէ իր աշխատանքին այլ հակառակը, այսօր Հայաստանի հանրապետութեան մէջ Լիզպոնի տղոց երեւոյթը կը նմանի բանջարեղէնի շուկայի մէջ վարունգի կողքին մաքրամաքուր ադամանդ վաճառողին;

15 տարեկանը չբոլորած պատանին Գարուն ամսագիրը թեւին տակ ծալլած կուզէ շուտ հասնի տուն որ կարդայ Արայի, Սեդրակի, Սիմոնի, Վաչէի եւ Սագօի մասին, կը կարդայ եւ ներքուստ երդում կընէ որպէսզի պիտի քայլէ իրենց ճամբով, պիտի նպաստէ անոնց գործի ծաւալման, պատանին պիտի երիտասարդ դառնար եւ զարմանար որ ինչպէս կարելի էր միայն Շիրազը տեսած ըլլար այդ տղոց իսկ միւսները սովետական դրօշը պարզած կը տեսնէին տարբեր կարմիր հերոսներ․․․

Այդ նոյն պատանին պիտի հասուն մարդ դառնար եւ նախաձեռնէր գիրք հրատարակել իր անձնական յամառ ջանքով եւ հրատարակեց, այսօր կրկին կը նախաձեռնէ եւ մուրացկանի նման ողորմութիւն կը խնդրէ որպէսզի այդ հերոսներուն նուիրուած պատմուածքը հրատարակուի,

Ուր՞ են Աստուածները
Ուր ՞են Հերոսներ
Ուր՞ են Դասագիրքերը
Ուր՞ են Աշխատասիրութիւններն ու մնացեալ երեւոյթները
Ուր՞ է Թանգարանը
Ուր՞ են Ուսանողական մրցանակները
Ուր՞ են

Պատասխանէք՝

Եթէ չկան անոնք ուրեմն չկայ իրենց բացած ճամբով քայլողներ, իսկ մնացած երեւոյթները որ այսօր կը կատարուին եւ որ այնքան գնահատելի են չափից դուրս նեղ շրջանակի մէջ Հայավայել եւ Ազգավայել տարողութիւն չեն կրնար ունենալ եւ այդ գործողութիւնը չի ծառայէր իր իսկական նպատակին․

Փառք Անտեսուածներուն

Բարեւս տուի անցայ գնացի

ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail