Ռուսական Օդուժը Սուրիոյ Մէջ Քարիւղ Տեղափոխող Աւելի Քան 1000 Բերնատար Ինքնաշարժ Ոչնչացուցած Է

23 նոյեմբեր 2015

Ռուսական օդուժի ռմբաձիգները 5 օրուան մէջ ոչնչացուցած են քարիւղ տեղափոխող մօտ 1000 բերնատար ինքնաշարժներ, որոնք պատկանած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման, կը տեղեկացնէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով ՌԻԱ Նովոսթի գործակալութիւնը:

«Վերջին 5 օրերուն ռուսական ռմբաձիգներները ոչնչացուցած են մօտ 1000 ինքնաշարժներ, որոնք անմշակ քարիւղ կը տեղափոխէին ԻՊ ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ գտնուող գործարաններ»,- յայտարարած է Ռուսիոյ ՊՆ ներկայացուցիչ Իկոր Քոնաշենքովը:

Բացի այդ, ռուս պաշտօնեան հաղորդած է ահաբեկիչներու կարեւորագոյն քարիւղային կեդրոնները ոչնչացնելու մասին:

Նախապէս Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաշուետուութիւն ներկայացուցած էր հանգստեան օրերուն Սուրիոյ տարածքին ահաբեկիչներու դիրքերուն հասցուցած օդային հարուածներուն վերաբերեալ:

«Ռուսիոյ ռազմատիեզերական ուժերը 141 մարտական թռիչք իրականացուցած են եւ հարուածած են ահաբեկիչներու 472 դիրքեր` Հալէպի, Դամասկոսի, Իտլիպի, Լաթաքիոյ, Համայի, Հոմսի, Ռաքքայի, Տէր Զօրի մէջ»,- յայտարարած էր գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իկոր Քոնաշենքովը:

ԵՌԱԳՈՅՆ

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail