Ատրպէյճանի Խորհրդարանը Ինքնալուծարուած է
02 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ:
Ատրպէյճանցի պատգամաւորները այսօր քուէարկած են խորհրդարանի` Միլի Մէճլիսի, ինքնալուծարելու օգտին: Արտահերթ ընտրութիւններու նշանակման մասին արդէն պիտի յայտարարէ նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Խորհրդարանը լուծարելու ցանկութիւն յայտնած էր Ալիեւի «Ենի Ազերպայճան» կուսակցութիւնը, որ խորհրդարանին մէջ 125 աթոռէն ունի 70-ը:
Նախապէս կուսակցութենէն յայտարարած էին, թէ որոշումը ընդունուած է պետութեան ղեկավարին` բարեփոխումներու ու անձնակազմի վերադասաւորումներու քաղաքականութեան աջակցելու նպատակով:
yerakouyn.com/2019/12/02/ատրպէյճանի-խորհրդարանը-ինքնալուծարո/