Հայ Մամուլը Հանրային Դաստիարակութեան Դպրոց Է. Դաշնակցական Մամուլը Աւելին Է, Քան Կուսակցական Մամուլը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Հայ Մամուլը Հանրային Դաստիարակութեան Դպրոց Է. Դաշնակցական Մամուլը Աւելին Է, Քան Կուսակցական Մամուլը

02 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՕՐՈՒԱՅ ՍԼԱՔ:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, տարեսկիզբին, 2019ն հռչակած էր «Հայ մամուլի տարի»:

Տարին ահա իր աւարտին կը հասնի եւ բնականաբար ժամանակն է հաշուեյարդարի՝ քննելու եւ գնահատելու համար, որ ընդհանրապէս հայ մամուլը ինչպիսի՛ տարի մը բոլորեց, որքանո՛վ արդարացուց իր առաքելութեան կապուած մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնները:

Յատկապէ՛ս, հայ մամուլը կրցա՞ւ յառաջխաղացք նուաճել դէպի ազգային-հանրային ծառայութեան կենսական ու անփոխարինելի դերակատարութեան կոչուած հոգեմտաւոր ազատ ու պատասխանատու բեմի իր բարձունքը՝ ներշնչուելով եւ խրախուսուելով վեհափառ հօր Քաջ հովիւի հոգածու կոչերէն եւ գործնական աջակցութեան նախաձեռնութիւններէն:

Երեւութապէս լաւատեսութիւն թելադրող շատ ազդանշաններ նկատելի են, մանաւանդ եթէ հայ մամուլի սահմանումին մէջ համախմբենք այն ամէնը, ինչ մօտէն կամ հեռուէն կապ ունի հայկական զանգուածային հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներուն հետ՝ տպագիր թերթերէն մինչեւ ձայնասփիւռի կայանները, ելեկտրոնային պաստառներէն մինչեւ համացանցի համատարած եւ համայնակուլ ոլորտները, անոնց լեզուամտածողական ողջ խայտաբղէտութեամբ:

Ակնբախ է համընդհանուր՝ մակերեսային, այլեւ մոլորեցնող աշխուժութիւն մը:

Օրը նոր՝ լրատուութիւն հրամցնող եւ մեկնաբանութիւններ աչքդ կոխող ինքնակոչ հասցէատէրերը նոր. շատեր սունկի պէս արագօրէն կը բուսնին, իրենց ներկայութիւնը կը պարտադրեն համացանցի վրայ նաւարկողին եւ, իրենց գործը կատարած վարձկանի ինքնագոհութեամբ, մէկ կողմ կը քաշուին, որպէսզի նոյնքան արագութեամբ փոխարինուին նորելուկ նմանորդներով:

Ուրիշներ հայ ընթերցողի մտահորիզոնին կը փարին տզրուկի պէս եւ կը մերժեն դադար տալ ամէնօրեայ, նոյնիսկ ժամ առ ժամ երեւալու իրենց ախորժակին, որպէսզի իրենց եւ նմաններու նախասիրած կեղծ ու շինծու լրատուութեամբ «աղբանոց»ի վերածեն հայ հանրային կարծիքը:

Ահա՛ «Հայ մամուլի տարուան» բերած համընդհանուր աշխուժութիւնը, եւ չկայ բարոյական հեղինակութիւն մը, որ հասարակ մահկանացուներուս պաշտպանէ «fake news»՝ «կեղծ, շինծու լուրեր» կոչուած ապատեղեկատուական, այլեւ հակատեղեկատուական մանրէներ տարածող 21րդ դարու այսօրինակ ցեցերէն:

Կեղծ ու շինծու լրատուութեամբ յատկորոշուող մերօրեայ հոգեմտաւոր ցեցերու եւ գաղափարական մակաբոյծներու համատարած գրոհը ահաւոր է այն աստիճան, որ արդէն խլուած է մեզմէ սեփական կողմնորոշումը ունենալու տարրական ազատութիւնը՝ անուանապէս կարծիքի, խօսքի եւ շարժումի անկաշկանդ իրաւունքներն ու ազատութիւնները երաշխաւորող մեր օրերուն:

Աղէտը անշուշտ համաշխարհային տարողութիւն ունի: Օրինակ՝ անգլիական The Telegraph օրաթերթի 20 Նոյեմբեր 2019ի համարով իր լոյս ընծայած «Կեղծ Կամ Շինծու Լրատուութիւն՝ Ճիշդ Ի՞նչ Է, Ինչպէ՞ս Կրնաս Մատդ Դնել Անոր Վրան» յօդուածով, Ճէյմս Քարսըն կ՛ահազանգէր. «Եզր մը չէր, զոր շատ քիչ թուով մարդիկ կը գործածէին չորս տարի առաջ, բայց «fake news»ը այսօր կը նկատուի ժողովրդավարութեան, ազատ վիճարկումին եւ Արեւմտեան կարգուկանոնին սպառնացող մեծագոյն վտանգը: Տանըլտ Թրամփի նախընտրած եզրը ըլլալով, անիկա նաեւ կոչուեցաւ 2017ի Տարուան բառը՝ ժողովուրդներու միջեւ լարուածութիւններ առաջացնելով եւ ընկերային լրատուամիջոցներու կանոնակարգման զսպամիջոցներու առաջնորդելով»:

Աղէտին ահաւորութիւնը կը բարդանայ որոշապէս այն նկատառումով, որ թէ՛ «fake news»ի անարգել տարածումը, թէ՛ անոր հակակշռումի կառավարական կամ միջ-կառավարական ճիգերը յղի են մարդկային հիմնական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու կաշկանդման ու ոտնակոխման վտանգներով:

Հետեւաբար, աղէտին համաշխարհային տարողութիւն ունենալը ոչ միայն «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց»ի մխիթարա՜նք չէ հայերուս համար, այլեւ ողբերգական հարուած կը հասցնէ մեր բաժան-բաժան եղած ժողովուրդին եւ աջէն ու ձախէն բռնագրաւեալ մեր հողերէն հայահաւաք ու հողահաւաք իրականացնելու համազգային մեր ոգեւորումին, նոյնինքն Հայ Դատի սիզիֆեան ուժաքամ պայքարին:

Զգետնող հարուածի տակ ինկած է, առաջին հերթին եւ ամէն բանէ վեր, հայ մամուլին գոյութիւնը իմաստաւորող առաքելութեան կոչումը՝ ազգային-հանրային դաստիարակութեան մշտահոս եւ մշտանորոգ աղբիւր ըլլալու աւանդը:

Հանրային դաստիարակութեան դպրոցի առաքելութեամբ ոչ մէկ մամուլ կրնայ իր կոչումին բարձրութեան վրայ մնալ, երբ լրատուութիւնը ինքնին կեղծ ու շինծու դարձած է եւ իր կողմնակալ յերիւրանքներով թունաւորած ու պառակտած է հանրային կարծիքը՝ «աղբանոց»ի վերածելով հայոց սերունդներու արժանաւոր մեծերու արեամբ ու քրտինքով նուաճուած մեր թերթերը:

Իսկ նման վարձկանի ծառայութեան կոչուած լրագրողներէ, հրապարակագիրներէ եւ մեկնաբաններէ ի՜նչ ազգային-մտաւորական յանձնառութիւն կարելի է յուսալ ու սպասել:

Խօսքը չի վերաբերիր միայն հայաստանեան լրատուական եւ քարոզչական դաշտին: Ամբողջ հայաշխարհի տարածքին հայ մամուլը մեծ մասով կանգնած է նոյն կեղծ ու շինծու լուրերով եւ կողմնակալ բեւեռացումով պառակտուելու՝ հայ հանրային կարծիքն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը անվստահութեան անդունդը գլորելու վտանգին առջեւ:

Նոյնքան եւ աւելի ահաւոր է այս մեծ չարիքէն ձերբազատուելու առաջադրանքով աջէն թէ ձախէն հնչող ահազանգը, որ համաշխարհային հոսանքին համահունչ՝ կ՛առաջադրէ վերանայումի ենթարկել կամ կանոնակարգման պատրուակով կաշկանդումի տակ առնել ոչ միայն ազատ կարծիքի արտայայտութիւնները, այլեւ մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքներն ու ազատութիւնները ընդհանրապէս:

«ՀԱՅ ԼԱՅՖ» անունը կրող տեղեկատուական կայքէջի մը 26 Նոյեմբերի հրապարակումէն առնուած է հետեւեալ հաղորդումը.

«Գագիկ Քամալեանը ֆէյսբուքեան իր էջում գրել է.- Քոչարեանը իր վարձկանների բերանով մշտապէս ահաբեկում է իշխանութիւններին, թէ բա հէնց կրկին գանք իշխանութեան, բոլորիդ ուղարկելու ենք բանտ… Այն, որ նման կերպ կը վարուէք, ոչ մէկը չի կասկածում, որովհետեւ մէկ անգամ հայաստանեան հասարակութիւնը այդ ամէնը տեսել է: Այն, որ կարող էք նաեւ ֆիզիկական հաշուեյարդար տեսնել, դրան էլ ոչ մէկը չի կասկածում: Պարզապէս դուք այլեւս իշխանութեան չէք գալու, այդ մէկը ականջներիդ օղ արէք»:

Այս մէկը իշխանութեանց կողմնակիցի դիրքերէն «կը գրոհէ» եւ անպայման հակադիր ճամբարէն հնչած սպառնալիքներու պատասխան տալու դիտաւորութենէն չի ներշնչուիր: Միեւնոյն ոճի յայտարարութիւններով եւ վերջնագիրներով կ՛արտայայտուին նաեւ իշխանութեանց դէմ մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու հրապարակային երդում կատարողները: Երկու բեւեռներէն հնչող ռազմի շեփորները առօք-փառօք կը հիւրընկալուին «իւրայիններ»ու պաշտօնական լրատուամիջոցներու էջերուն, ալիքներուն, պաստառներուն եւ կայքէջներուն վրայ: Բայց դժուար է հանդիպիլ այս կամ այն բեւեռի պատկանող պաշտօնական որեւէ բեմի կամ լրատուամիջոցի, որ տրամադիր ըլլայ հիւրընկալելու կամ արձագանգելու երկու բեւեռներէն եկող հաղորդումներուն ալ՝ կողմի պատկանող լրատուամիջոցի ընկալեալ հեռաւորութիւնը պահելով կամ վերապահութիւնը բանաձեւելով հանդերձ:

Հակի՛րճ, հայ մամուլի պատասխանատուութեան ու արժանահաւատութեան հիմնական կոչումին՝ հանրային դաստիարակի առաքելութեան կռնակ դարձուցած են գրեթէ բոլորը:

Անկումային այս ընթացքը չի կրնար շարունակուիլ եւ անոր թումբ կանգնելու առաջնահերթ պատասխանատուութիւնը ունին կոչումի տէր հայ մամուլի աւանդակիրները, կուսակցական ի՛նչ պատկանելութիւն ալ ունենան:

Մարտահրաւէրին արժանաւորապէս պէտք է ընդառաջեն յատկապէս հայ մամուլի ազգային-քաղաքական եւ հրապարակագրական-գաղափարական աւանդներուն տասնամեակներով դրօշակիր կանգնած դաշնակցական թերթերը, որոնք շուրջ մէկ դարու ճանապարհ կտրած են եւ ինքնահաւատարմօրէն առաջնորդած են մեր ժողովուրդին կեանքը՝ դէպի Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրութեան աննահանջ պայքարը:

Ի տես հայ հանրային միջավայրը ապականող ու թունաւորող ինքնանպատակ հակամարտութեանց եւ աթոռակռուի գարշահոտ ցեխարձակումներուն՝ որոշապէս դաշնակցական մամուլը ունի գաղափարական եւ բարոյական հեղինակութեան անհրաժեշտ աւանդները, որպէսզի քաղաքական ապականումի այսօրուան մթնոլորտին մէջ հանրային հաշուետուութեան կանչէ բոլոր հրձիգները:

Ի վերջոյ դաշնակցական մամուլը միշտ ալ աւելին եղած է, քան սոսկ կուսակցական թերթ մը: Դաշնակցութեան դրօշակիրը ըլլալու եւ մեր ուղին պաշտպանելու, հիմնաւորելու եւ հունաւորելու իր ամէնէն յանձնառու ծառայութեան մէջ անգամ՝ դաշնակցական թերթը երբեք մտահան ըրած չէ, որ իրեն ծնունդ տուած կուսակցութեան պէս ինք եւս, իբրեւ ՀՅԴ միտքին եւ խօսքին դարբինը, անվիճելիօրէն կը պատկանի իրեն հաւատացող ժողովուրդին, որ միաժամանակ իր գերագոյն դատաւորն է:

Աւելի՛ն, ինչպէս որ Դաշնակցութիւնը արդէն ազգային արժէք է եւ կը պատկանի ոչ միայն իր կուսակցականներուն, այլեւ իր Ծրագրին ու Գործին հաւատացող մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, այնպէս ալ դաշնակցական թերթը համարատու է ոչ միայն կուսակցական այս կամ այն մարմինին, այլեւ ամէն բանէ վեր իր ընթերցող հասարակութեան՝ իրեն փարած մայր ժողովուրդին:

Նոր Հայաստանը կեանքի կոչած մեր ժողովուրդի Թաւշեայ յեղափոխութենէն ասդին, ծայր աստիճան բեւեռացուած՝ քաղաքականացուած ու «կուսակցականացուած» է հայաշխարհը: Հակամարտ ու թշնամական ճամբարներու շուրջ առաջացած անվստահութեան ճահիճը իր թունաւոր մթնոլորտով վարակած է, առաջին հերթին, հայ մամուլն ու զանգուածային լրատուամիջոցները, որոնք ըստ իրենց կոչումին եւ առաքելութեան՝ արթուն պահակներն են ու այդպիսի՛ն պէտք է մնան հայ քաղաքական միտքի բոլոր ոգորումներուն ընթացքին, բոլոր ժամանակներուն եւ յատկապէս պատմութիւն կերտող այս օրերուն:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

asbarez.com/arm/358607/Հայ-Մամուլը-Հանրային-Դաստիարակութեա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail