ՊԵՆՃԱՄԻՆ ՖՐԱՆՔԼԻՆ – «Յիմարները, որոնք պարկեշտ ըլլալու բաւարար խելք չունին, հնարքի ու դաւաճանութեան կը դիմեն»:
03 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Ալիեւ…Ե՛ւ Աւելի
«Յիմարները, որոնք պարկեշտ ըլլալու բաւարար խելք չունին, հնարքի ու դաւաճանութեան կը դիմեն»:
ՊԵՆՃԱՄԻՆ ՖՐԱՆՔԼԻՆ
(1706-1790, ամերիկացի գրագէտ,
լրագրող, քաղաքագէտ եւ դիւանագէտ)
Անգամ մը եւս խօսքը կը վերաբերի… Ազրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի ձաբռտուքներուն: Հետզհետէ ան աւելի ջղագարած` հիսթերիք կը թուի ըլլալ, յատկապէս` հարաւի իր դրացի թշնամիին նկատմամբ: Այսպէս, դեռ քանի մը օր առաջ, նոյեմբեր 27-ին, Պաքուի համալսարանի հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկին բեմ բարձրանալով` առիթը գտաւ կեղծիքը, շինծուն եւ յերիւրածոն ներմուծելու իր խօսքերուն մէջ` Հայաստանի եւ հայութեան հասցէին ցեխարձակումներով:
Վայրկեան մը մէկդի դրած ատելութիւնն ու նախատինքը` ազգային հերոս Գարեգին Նժդեհի հանդէպ, Ազրպէյճանի նախագահը շատ աւելի նախապաշարուած ու հիւանդագին աստիճանի սեւեռած կը թուի ըլլալ Հայաստանի եւ առհասարակ հայութեան վրայ:
Բարձր մակարդակի կրթօճախի մը երդիքին տակ ելոյթ ունենալով` հալածախտէ տառապող Ալիեւ քննադատեց արեւմտեան աշխարհը, որ պրիսմակի տակ առած է իր ղեկավարած երկրին մէջ հետեւողական ձեւով կատարուած ժողովրդավարութեան սկզբունքներու խախտումներն ու իրաւունքներու ոտնահարումները:
Ըստ երեւոյթին, այս բռնատէրին համար հայութիւն ու Հայաստան գերզգայնութիւն` ալերժի մը չէ, այլ` մահացու քաղցկեղ, որուն իբրեւ դարման` խիստ միջոցներու կը դիմէ` սկսելով կրթական բնագաւառէն: Քննադատելով արտասահմանէն կատարուած քննադատութիւնները` Ալիեւ հրաւիրեց կրթական բնագաւառին մէջ գործող ուսուցիչները, դասախօսները եւ տեսուչները, որ ճիշդ կրթութիւն ջամբեն երիտասարդներուն, որպէսզի չսայթաքին եւ ծայրայեղական ահաբեկչական կազմակերպութիւններ մուտք չգործեն: Իր խօսքերուն մէջ Ալիեւ մտամոլոր կը թուի ըլլալ` չկարենալով պարզաբանել, թէ դուրսէն միջամտողները արդեօք միայն ահաբեկչական եւ ծայրայեղ կրօնական շարժումնե՞րն են, թէ՞ բարեփոխումներու համար մարտնչող այլախոհ փաղանգ մը:
Շարունակելով իր կասկածամտութիւնն ու ատելութիւնը` Ալիեւ մեղադրած է իսլամ այլ երկիրներ, որոնք սիրալիր ու սերտ յարաբերութիւն կը մշակեն Հայաստանի հետ: Դեռ աւելի հեռու երթալով իր նենգամիտ ու գրգռիչ արտայայտութիւններուն մէջ կ՛ամբաստանէ իր հարաւի դրացին մզկիթներ քանդած ըլլալու յանցանքով:
Միթէ Ազրպէյճանի նախագահը տեղեակ չէ՞, թէ քանի մը շաբաթ առաջ Շուշիի (Արցախ) իսլամական թաղամասի կեդրոնական մասին մէջ տեղակայուած Վերին մզկիթը, որ կառուցուած է 1883 թուականին յայտնի պարսիկ ճարտարապետ Քերպալա Սեֆի Խանի նախագիծով, վերանորոգուած է Արցախի կառավարութեան, «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամին եւ «Արեւելեան պատմական ժառանգութեան վերածնունդ» հիմնադրամին համագործակցութեամբ: Հիմնական նուիրատու` ղազախ գործարարի մը շնորհիւ, վերանորոգուած է ո՛չ միայն մզկիթը, այլ նաեւ` յարակից տարածքն ու կողքին գտնուող պարսկական կրթօճախի շէնքը:
Անշուշտ, այս վերակառուցման փոխարէն, Ալիեւի իսկ հրահանգով, Նախիջեւանի մէջ կատարուած է 21-րդ դարուն տեղի ունեցող «մշակութային եղեռն»-ն, երբ հայկական գերեզմանոցներու մէջ գոյութիւն ունեցող հազարաւոր խաչքարեր աւերուած եւ ոչնչացած էին:
Դեռ աւելի՞ն… Ալիեւէն: Հոս տեղին է կանգ առնել եւ առանց այլեւայլի եզրակացնել գերմանացի հանճար Ֆրիտրիխ Նիցչէի մէկ իմաստուն խօսքով.
«Ես ընդվզած չեմ, որ դուն ստեցիր… ընդվզած եմ, որ այլեւս քեզի պիտի չհաւատամ»:
aztagdaily.com/archives/467992