
Սպիտակ Տունը Պիտի Չմասնակցի Թրամփի Պաշտօնազրկման Հարցով Լսումներուն
02 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սպիտակ տունը Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան Դատական գործերով յանձնախումբին յայտնած է, որ պիտի չմասնակցի նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնազրկման հարցով 4 դեկտեմբերին նախատեսուած լսումներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ» պարբերականը:
Անցեալ շաբաթ Ներկայացուցիչներու տան Դատական գործերով յանձնախումբի ղեկավար Ճերըլտ Նատլըր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը 4 դեկտեմբերին հրաւիրած էր պաշտօնազրկման հարցով լսումներու եւ խնդրած 1 դեկտեմբերին` տեղական ժամանակացոյցով մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, պատասխանել իր հրաւէրին:
Ան նաեւ Թրամփէն խնդրած էր կողմնորոշուիլ յանձնախումբին մէջ զինք ներկայացնող իրաւաբանի հարցով:
Աւելի ուշ, յանձնախումբը Թրամփէն խնդրած էր մինչեւ 6 դեկտեմբեր պատասխանել լսումներուն անոր փաստաբանին մասնակցութեան վերաբերեալ հարցումին:
Թրամփ նախապէս չէր բացառած, որ ցուցմունք կու տայ Քոնկրեսին մէջ պաշտօնազրկման հարցի քննարկման ծիրին մէջ:
«Փոլիթիքօ» պարբերաթերթը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան իրաւական հարցերու խորհրդատու Փեթ Չիփոլոնէ` Ներկայացուցիչներու տան Դատական գործերով յանձնախումբի նախագահ Նատլըրին ուղղուած նամակին մէջ գրած է. «Ներկայ պայմաններուն մէջ մտադիր չենք մասնակցիլ չորեքշաբթի օր տեղի ունենալիք լսումներուն»:
aztagdaily.com/archives/468074





