Յունաստան Թուրքիոյ Եւ Սարաժի Միջեւ Կնքուած Զինուորական Համաձայնութեան Հարցով Պիտի Դիմէ ՕԹԱՆ-ի Աջակցութեան

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս

Յունաստան Թուրքիոյ Եւ Սարաժի Միջեւ Կնքուած Զինուորական Համաձայնութեան Հարցով Պիտի Դիմէ ՕԹԱՆ-ի Աջակցութեան

03 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս յայտարարեց. «Անգարայի` Լիպիոյ համաձայնական կառավարութեան հետ զինուորական համաձայնութիւն կնքելէն ետք, Աթէնք այս շաբաթ Լոնտոնի մէջ նախատեսուած վեհաժողովի ընթացքին պիտի խնդրէ ՕԹԱՆ-ի աջակցութիւնը»:

«Դաշինքը չի կրնար անտարբեր մնալ, երբ իր անդամներէն մէկը կը խախտէ առաջին կանոնը եւ կը ջանայ վնասել այլ անդամի մը», յայտնեց Յունաստանի վարչապետը:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անցեալ չորեքշաբթի օր Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարաժի հետ Պոլսոյ մէջ ստորագրած էր զինուորական համաձայնագիր մը:

Ըստ Անգարայի, նշեալ համաձայնութեան առանցքը «արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող զինուորական գործակցութեան շրջագիծի համաձայնութիւնը եւ երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման համար զինուորական եւ ապահովական գործակցութիւնն է»:

Յունաստան անցեալ շաբաթ դժգոհութիւն յայտնած էր Թուրքիոյ կնքած համաձայնութեան նկատմամբ եւ «հաստատ տեղեկութիւններ» պահանջելու համար արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչած Աթէնքի մէջ Թուրքիոյ ու Լիպիոյ դեսպանները:

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս

aztagdaily.com/archives/468075

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail