«Հարցի Լուծումը Առանց Արցախի Մասնակցութեան Անհնար Է». Մնացականեան
03 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵԱՀԿ 26-րդ նախարարական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, 4 Դեկտեմբերին Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:
Այս հանդիպումին մասին, ըստ Armenpress.am-ի, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մնացականեան յայտնեց, որ հայկական կողմը ունի մէկ միասնական փաթեթ, որուն մէջ կան թէ՛ բուն կարգաւորման, եւ թէ ալ միջավայրին առնչուող հարցեր:
«Մենք ունինք մէկ միասնական փաթեթ, որուն մէջ շատ կան կարեւոր հարցեր՝ բուն կարգաւորման առնչուող, եւ կան շատ կարեւոր հարցեր, որոնք կը վերաբերին միջավայրին, որուն մէջ տեղի կ՝ունենայ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը: Բոլորը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին իրենց ամբողջութեան, իրենց համապարփակութեան մէջ: Բուն կարգաւորման հարցով մեր գերակայութիւնները կ՝առնչուին Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան եւ կարգավիճակին: Եւ, բնականաբար, մենք պիտի շարունակենք փորձարկել, մշակել այն մօտեցումները, համադրումները, ուր մեզի անհրաժեշտ պիտի ըլլայ տեսնել, որ մեր գերակայ կարեւորագոյն հարցերը կը ստանան իրենց համապատասխան արտայայտութիւնը»,- յայտնեց Մնացականեան:
Նախարարը հաւասարապէս կարեւոր նկատեց միջավայրին առնչուող հարցերը: «Ունեցանք որոշ համեստ արդիւնք անցեալ ամսուայ ընթացքում եւ այդ ուղղութեամբ աշխատել շարունակելն, ի հարկէ, մեզ համար կարեւոր ու հետաքրքրական է: Հաւասարաչափ կարեւորութիւն եմ տալիս, ընդգծում եմ այն նշանակութիւնը, որը տալիս ենք բոլոր այն միջոցառումներին, որոնք ուղղուած են էսկալացիայի վտանգներու նուազեցման»,- դիտել տուաւ ան:
Մնացականեան հաստատեց, որ այդ միջոցառումները իրատեսական դարձնելը, զինադադարի դրութիւնն ու բոլոր անհրաժեշտ քայլերը ամրապնդելը, յարձակման վտանգներու նուազեցումը հայկական կողմին համար եւս կը հանդիսանան չափազանց կարեւոր հարցեր:
«Մենք հաւատարիմ ենք խաղաղ կարգաւորման: Մենք այս մէկ ու կէս տարուան ընթացքին ի ցոյց դրինք մեր կարողութիւններն ու լրջութիւնը՝ խաղաղ գործընթացի մէջ ներգրաւուելու եւ արդիւնաւէտ աշխատելու: Կայանալիք հանդիպման ուղղութեամբ մենք աշխատած ենք: Մենք կ՝երթանք մեր աշխատանքը կատարելու եւ մենք ունինք մեր գերակայութիւնները, եւ պիտի աշխատինք անոնց շուրջ»,- յայտնեց նախարարը:
Ան նաեւ խօսեցաւ ընդհանրապէս Ղարաբաղի տագնապին մասին՝ դիտել տալով, որ ինք մնայուն կերպով կապի մէջ է Արցախի իր պաշտօնակիցին՝ Մասիս Մայիլեանին հետ: «Իբրեւ արդիւնք բանակցային գործընթացին մէջ մենք պիտի ըլլանք նաեւ Արցախի հետ, որ գործնական առումով ոչ ազդու է, եւ Արցախի ներգրաւումը ուղղակի գործնական նշանակութիւն ունի այս գործընթացին համար: Մենք շատ յստակ խօսած ենք, թէ ինչ նշանակութիւն ունի Արցախի անմիջական ներգրաւումը բանակցային գործընթացին մէջ»,- ըսաւ ան:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով եւս յայտարարած է, որ Արցախի հարցի կարգաւորումը պէտք է ընդունելի ըլլայ երեք ժողովուրդներուն համար՝ Մնացականեան ըսաւ. «Այն, որ Արցախի հարցին լուծումը առանց Արցախի մասնակցութեան, առանց Արցախի ձայնի անհնար է, իրողութիւն է, որ ընդունուած է եւ արտայայտուած տարբեր առիթներով»:
Լրագրող մը հարցուց, որ Հայաստանի ներկայի իշխանութեան համար արդեօք առկա՞յ են փոփոխութիւններ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ: Մնացականեան յայտնեց, որ Հայաստան հաւատարիմ է իր դիրքորոշման ու պատրաստ է առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, սակայն թրքական կողմէ նկատելի է այլ ուղղութեամբ որդեգրուած քաղաքականութիւն: «Մենք ըսած ենք, որ պատրաստ ենք յարաբերութիւններու՝ առանց նախապայմաններու, սակայն ատոր համար 2 կողմ կը պահանջուի, իսկ երկրորդ կողմին քաղաքականութիւնը կ՝աշխատի ամբողջովին այլ ուղղութեամբ: Թուրքիոյ սպառնալիք ըլլալը կ՝արտայայտուի իր վարած քաղաքականութեամբ, իր գործողութիւններով եւ հռետորաբանութեամբ»,- նշեց Մնացականեան:
Նախարարը նկատել տուաւ. «Մեր աչքին առջեւ տեղի ունեցողը, Հայաստանի՝ շարունակուող շրջափակումը, Թուրքիոյ կողմէ յարաբերութիւններ հաստատելու ցանկութեան կամ որեւէ քայլի բացակայութիւնը, Ատրպէյճանին ռազմական-քաղաքական անվերապահ աջակցութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ծիրին մէջ, կ՝արտայայտեն Հայաստանի համար անվտանգային սպառնալիք: Թուրքիոյ կողմէ սպառնալիքը կը բխի իրականացուող քաղաքականութենէն, գործողութիւններէն եւ հռետորաբանութենէն»: Մնացականեան անգամ մը եւս վերահաստատեց՝ Հայաստան իր դիրքորոշումը արտայայտած է եւ հաւատարիմ կը մնայ անոր:
yerakouyn.com/2019/12/03/հարցի-լուծումը-առանց-արցախի-մասնակց/