ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – Է

Հայաստանի Արագածոտն մարզի Արտենի լերան օպսիտաքարի զինագործարանը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – Է.

03 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Սկիզբը՝ //ՆԱԽՈՐԴԸ//:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստան Աշխարհի Նախամարդը

Հայաստանի Արագածոտն մարզի Արտենի լերան օպսիտաքարի զինագործարանը

Հայաստանի մարած հրաբխային Արտենի լերան,  բարձրութիւնը` 2000 մեթր, կարգ մը օպսիտաքար գործիքները 1 միլիոն 400 հազար տարեկանէն աւելի հին են, կ՛ըսէ Մինեսոթա համալսարանի մարդաբան Էլըրի Ֆրամ` աւելցնելով. «Կասկած չունիմ, որ փալեոլիթ նախամարդերը հայկական օպսիտաքար կը գործածէին, այնքան ատեն որ երկուքը գոյութիւն ունէին», կը գրէ Ֆրէնք Վիվիանօ «Նէշընըլ ճէօկրաֆիք»-ի 13 ապրիլ 2015 թիւին մէջ:

Արտենիի 1,4 միլիոն տարի առաջ շինուած օպսիտաքարէ նիզակի կարթի` ծայրի նմուշ:

«Մենք կը նայինք բացօթեայ հսկայական արտադրամասի մնացորդներուն», կ՛ըսէ հնագէտ եւ ազգագրագէտ Պորիս Գասպարեանը: Անհամար շեղբեր, ձեռքի կացիններ, քերիչներ, գչիրներ, նետի ու նիզակներու ծայրեր, որոնք արտադրուած են լերան կողի «գործարանին» մէջ եւ ճամբորդներ, տարածուեր են հսկայական (ապրանքի*) փոխանակման ցանցի մը վրայ (հասնելով մինչեւ Եւրոպա, արեւելեան Ասիա, Ափրիկէ*), որ երկար ժամանակով կը նախորդէ առեւտուրի ամենահին արձանագրուած դէպքերը» (1): Հետեւաբար Հայաստան ապրող նախամարդը կապ ստեղծած էր հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռաւորութեան վրայ գտնուող նախամարդոց հետ:

Իրլանտական «Հնադարեան ակունքներ» (Ancient origins) հանդէսը նոյն հետազօտութեան մասին հետեւեալ խորագիրը գործածած է` «Սկզբնական քարէ դարու զէնքի գործարանը հարուստ աղբիւր էր օպսիտեան գործիքներու 1,4 միլիոն տարի առաջ» (2):

Նոր Գեղիի հնավայրին խաւերը` յայտնուած ճամբու շինարարութեան ժամանակ

Ցարդ յայտնի ամենահին ուղիղ կանգնող մարդուն (homo erectus) Ափրիկէի մէջ պեղուած աշխատանքային գործիքներուն տարիքը կը գնահատուի 350-300 հազար տարի: Երեւանէն 15 քմ դէպի հիւսիս` Նոր Գեղիի մէջ հնագէտները պեղած են հնագիտական շերտ մը` ամփոփուած երկու հրաբխային պազալթէ խաւերու միջեւ: «Պարզուած է, որ Նոր Գեղիի ուղիղ կանգնող մարդուն մասին վկայող շերտին տարիքը առնուազն 325 հազար տարուան վաղեմութիւն ունի: Այս թիւերը ցոյց կու տան, որ Ափրիկէն Առաջաւոր Ասիոյ կապող «Արեւելեան միջանցքի» նոյնպիսի շերտերով հնավայրերը շատ աւելի նոր են, քան` Հրազդանի կիրճին մէջ փաստագրուածը», կ՛ըսէ ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Փաւել Աւետիսեանը «Նիուզ ամ»-ին, «Հայաստան. երկիր, ուր կը գրուի մարդկութեան պատմութիւնը» խորագիրով հարցազրոյցին մէջ (3):

Ռուսական «Կուլտուրա»  հեռատեսիլի կայանը «Գաղտնիքի հետքերով» վաւերագրական շարքին մէջ ներկայացուցած է ժապաւէն մը, ուր պատմած է Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած զգայացունց հնութիւններու մասին: 2014-ի ամրան հնագէտներու միջազգային արշաւախումբը` ամերիկացիներ, իրլանտացիներ եւ հայեր, Նոր Գեղի գիւղին մօտ աւելի քան 2 հազար բացառիկ իրեր յայտնաբերած են: «Անոնք նախնադարեան մարդոց պատկանող աշխատանքի քարէ գործիքներ են: Գիտնականները պարզած են, որ այս գործիքները աւելի քան 350 հազար տարուան պատմութիւն ունին: Սա անհաւատալի է, սակայն նաեւ` անհերքելի,- կ՛ըսէ հաղորդավարը:- Անոնք այս տարածաշրջանի գործիքներ էին եւ այդ ժամանակաշրջանին Հայաստանի մէջ բնակողները արհեստագիտութեան մէջ շատ զարգացած եղած են» (4):

Ակնաշէնի պեղումներէն հատուածներ

Ակնաշէնի 8000 Տարեկան Բնակավայրը

Շարունակելով թուել Հայաստան աշխարհը քաղաքակրթութեան հնագոյն օրրանը եղած ըլլալու փաստերը` վկայութիւնները, 2013-ին Արմաւիրի մարզի Ակնաշէն գաւառին մէջ, Երեւանէն 21 քմ հարաւ-արեւմուտք, հայ-ֆրանսական հնագէտներու արշաւախումբը յայտնաբերած է ՔԱ 6-րդ հազարամեակին պատկանող սենեակներու բաժնուած բնակավայր: Այնտեղ գտնուած են գունաւորուած զարդեր, պղինձի մնացորդներ, նախնական խեցեղէն եւ ծովախեցի` ոստրէի պատեաններ, որ կը նշանակէ հաղորդակցութիւն` Միջերկրական եւ Կարմիր ծովերու հետ: Այլ խօսքով, կարելի է եզրակացնել, որ այստեղի բնակիչները մշակութային-առեւտրական յարաբերութիւն կը ծաւալէին արդէն ՔԱ 6-րդ հազարամեակին: Իսկ ի՞նչ միջոցով կը ճամբորդէին…

«Մինչեւ այս ժամանակահատուածը մարդիկ կը բնակէին քարայրներու կամ թափառաշրջիկ` ժամանակաւոր ապաստարաններու մէջ: Բայց այստեղ մենք գործ ունինք նստակեաց բնակավայրի հետ, ուր ակներեւ են շինարարութեան եւ խեցեղէնի արտադրութեան առաջին փորձերը: Այս եւ գտածոները ցոյց կու տան, որ Հին Ակնաշէնի բնակիչները ընտանի անասուններ կը բուծանէին` արջառ, խոզեր եւ շուներ», կ՛ըսէ արշաւախումբի ղեկավար Ռուբէն Պատալեան:

Ակնաշէնի 8000 տարուան բնակավայրը` ցարդ քաղաքակրթութեան ամենահին օրրանը

«Կարելի է եզրակացնել, որ այդ տարածքին մէջ ապրող մարդիկ գեղագիտական գեղեցկութեան զգացողութիւն ունէին: Անոնք կը զարդարէին իրենց հագուստը եւ գործիքները: Կան ապացոյցներ, որ անոնք դիմայարդարում կ՛օգտագործէին», ըսաւ Պատալեան: Սակայն յայտնաբերուած ամէնէն զգայացունց իրը` Առաջաւոր Ասիոյ կրկնուած «8»-ի երեւոյթով հնագո՛յն քարէ կնիքն էր, որ կը նշանակէ բարձր մակարդակի մշակոյթի տէր հաւաքականութիւն: Այստեղ հնագէտները յաջողած են բանալ աւելի խորունկ մէկ բնակելի շերտ եւս, որ կը պատկանի ՔԱ եօթներորդ հազարամեակին. ռատիօ քարպոնային քննութենէն ետք ամէն ինչ աւելի կը յստականայ:

Ակնաշէնի մէջ հնագէտները գտան արհեստական նմուշներու մեծ պաշար: Մարդու անմխիթար մնացորդներու կողքին, անոնք յայտնաբերեցին` զարդեր, խեցեղէն, հագուստ եւ գործիքներ, որոնք հետազօտողներուն տրամադրեցին անգնահատելի տուեալներ` այդ մարդոց կենցաղին վերաբերեալ. այս բոլորը ապացոյցներ են, որ անոնք, շատ մեծ հաւանականութեամբ, քաղաքակրթութեան առաջին յայտնաբերողները եղած են: Այս յայտնաբերումը կը փաստէ, որ մնայուն բնակութիւն հաստատուած է այստեղ առ նուազն 1000 տարի: Իսկ անկէ առա՞ջ… (5)(6)(7)(8), տեսանիւթ` (9):

Կախկոթառ կացին, Գիւմրի, ՔԱ 27-25 դար, պրոնզ:                        Կացին, Երեւան` Վարդաշէն, ՔԱ 4-3 հազարամեակ, պրոնզ

Վերադառնալով մեր ձիերուն` պէտք է հարց տալ, թէ ՔԱ չորրորդ կամ երրորդ հազարամեակին ի՞նչ միջոցներով ծառերէն փայտ հանած էին, կոճղը տափակ ու երկար շերտերու վերածելով` ձիաքարշ մարտակառքեր եւ սայլեր շինած:

Եգիպտոսի մէջ ՔԱ շուրջ 3100-2686-ին պատկանող, առանց շրջանակի կամ կոթի, պղինձի թերթէ շինուած սղոցներ գտնուած են, Ճեր փարաւոնի ժամանակաշրջանին պատկանող թիւ 3471 դամբարանին մէջ: Հայաստանի մէջ ցարդ հնադարեան սղոց չէ գտնուած, թէեւ շատ հաւանական է, որ սղոց գործածած են: Սակայն գտնուած են զանազան տեսակի ՔԱ 4-3-րդ հազարամեակի պրոնզէ կացիններ, ինչպէս կը ներկայացնէ հնագէտ Յակոբ Սիմոնեան (10) :

Կտուցաւոր կացին, Երեւան` Վարդաշէն, ՔԱ 4-3 հազարամեակ, պրոնզ

Գիւմրիի մէջ 1959-ին պեղուած է ՔԱ 27-25 դարու պրոնզէ կախկոթառ կացին, այսինքն փայտէ բռնատեղին կոթին խոռոչը հրաշալի վարպետութեամբ ձուլուած է 90 աստիճան թեքումով: Այս տիպի կացինի չենք հանդիպած արդի ժամանակներուն: Իսկ Երեւանի Վարդաշէն հնավայրին մէջ յայտնաբերուած է ՔԱ 4-3 հազարամեակի պրոնզէ կացին մը, նաեւ` կտուցաւոր երկրորդ կացին մը:

ՔԱ 4-3-րդ հազարամեակի Հայաստանի ժայռապատկերներուն մէջ ձիերն ու ձիաքարշ կառքերը առատ են: Հնէակենդանաբան Սոնա Մէջլումեան իր «Ընտանի ձին հայկական լեռնաշխարհում» աշխատութեան մէջ կ՛եզրակացնէ, որ ձիու ընտելացումը հայկական լեռնաշխարհին մէջ սկսած է ՔԱ 5-րդ հազարամեակին: Այսպէս,  «Հնէակենդանաբանութեան մէջ հաստատուած է այն միտքը, որ ընտանի կենդանիի մնացորդներու ի յայտ գալը որոշ ժամանակաշրջանի մը, կ՛ենթադրէ, որ այդ ընտելացումի հոլովոյթը առնուազն հազար տարի աւելի առաջ սկսած էր: Այսպիսով, ՔԱ 4-րդ հազարամեակի սկիզբին ընտելացուած ձիուն ի յայտ գալը կ՛արտօնէ վստահօրէն պնդել, որ մէկ հազարամեակ առաջ, այսինքն` ՔԱ 5-րդ հազարամեակին, Հայաստանի տարածքին արդէն սկիզբ առած էր ձիու ընտելացման հոլովոյթը»: Հայաստանի ՔԱ 7-6-րդ հազարամեակի հնութիւնները սակաւաթիւ են, սակայն բոլորը կը պարունակեն ձիու մնացորդներ, որոնք, միջին հաշուով, կը կազմեն 3 տոկոս, իսկ ՔԱ 5-4-րդ հազարամեակին` 7-9 տոկոս, իսկ 3-րդ հազարամեակին արդէն կան ձիու դամբարաններ` 100 տոկոս կմախք:

ՔԱ 3-րդ հազարամեակի ժայռապատկերներ, 1. Սանձով ձի, Գեղամայ լեռներ, 2. Հեծեալ որսորդներ, Սիւնիք, 3. Հեծեալը` թամբով ձիու վրայ, Սիւնիք:

«Ըսածիս վառ վկայութիւնն են` ՔԱ 3-րդ հազարամեակին պատկանող Գեղամայ լեռներու ժայռափոր սանձուած ձիու պատկերը, Սիւնիքի հեծեալ  որսորդները եւ հեծեալը` թամբած ձիու վրայ: «Հասկանալի է, որ այս մակարդակով տիրապետել ձիուն ո՛չ հարիւրամեակներու եւ ո՛չ ալ մէկ հազարամեակի արդիւնք է, եւ այս բոլորը տեղի ունեցած են շատ աւելի առաջ, քան` այդ իրողութեան արտացոլումը իր ժամանակի արուեստի ժայռապատկերներուն մէջ», կը գրէ Մէջլումեան:

6 հոկտեմբեր 2019
Շար. 7

 

* Լուսաբանութիւնները իմս:

(1)  https://www.nationalgeographic.com/news/2015/04/150413-Paleolithic-obsidian-weapons-arteni-armenia-archaeology/
(2) https://www.ancient-origins.net/news-history-archaeology/paleolithic-weapons-factory-was-rich-source-obsidian-tools-020300
(3)  https://news.am/arm/news/345763.html
(4)  https://armeniasputnik.am/armenia/20171219/9868053/armenia-sensacion-gtaconer.html
(5)  https://armenpress.am/arm/news/739853/pri-raskopkakh-v-drevnem-poselenii-aknashen-naiyden-sensacionniyiy.html
(6)  https://armenpress.am/arm/news/745086/summing-up-armenias-archeological-finds-for-2013.html
(7)  http://ankakh.com/article/56821/haravayin-kvovkasum-pyeghvats-hnaguyn-nstakyats-bnakavayryerits-myekn–aknashyenum-e
(8)  https://allinnet.info/archeology/8000-year-old-settlement-excavated-at-akhashen/
(9)  ttps://youtu.be/GVKW8H8fvfgՏեսանիւթ
(10)  https://akunq.net/am/?p=50723«Հայաստանը վաղ բրոնզի դարում (Ք.ա. 3500-2400 թթ.)», Յակոբ Սիմոնեան, «Ակունք», 8 յունիս2016,
(11)  http://argisdi.am/publ/8-1-0-80

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail