09 նոյեմբեր 2015
Նոյեմբեր 7ի այս օրը, 304 տարի առաջ, Աստրախանի մէջ, 52 տարեկանին վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի բացառիկ դէմքերէն Իսրայէլ Օրի։
Սիւնեաց աշխարհի արժանաւոր զաւակը իրաւամբ կը հանդիսանայ, արդի ժամանակներու հասկացողութեամբ, Հայ Դատի քաղաքական պայքարին եւ այսպէս կոչուած «լոպիինկ»ի ռահվիրան։
Իսրայէլ Օրի ապրեցաւ ու գործեց 17րդ դարու վերջերուն։ Շրջեցաւ հին աշխարհով մէկ եւ հմտացաւ իր ժամանակի զինուորական, քաղաքական ու դիւանագիտական արուեստներուն մէջ, որպէսզի այդ բոլորը, իր անձին ամբողջական նուիրաբերումով ամրապնդած, ծառայեցնէ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման բազմադարեան պայքարի նորովի արծարծումին, այլեւ՝ արդի ժամանակներու ոգիով աշխարահաքաղաքական յառաջխաղացքին, միջազգայնացումին եւ յաղթանակով պսակումին։
Իսրայէլ Օրի հաւատաց եւ գործեց այն ջերմեռանդութեամբ, որ հայ ժողովուրդին ազատագրութիւնն ու Հայաստանի անկախութիւնը անհրաժեշտ են ոչ միայն նոյնինքն հայութեան համար, այլեւ՝ ամբողջ քաղաքական աշխարհի ընդհանրական շահերը երաշխաւորելու առումով, մեծապետական քաղաքականութիւնը համերաշխութեամբ ու հաւասարակշռութեամբ կարգաւորելու առաջադրանքով։
Այդ հաւատքով ալ Իսրայէլ Օրի հասաւ ու իր առջեւ բացաւ ժամանակի հզօր իշխաններուն, թագաւորներուն, կայսրերուն, ցարերուն եւ շահերուն արքունի դռները՝ ամէնուր փորձելով եւ անխոնջ աշխատելով, որպէսզի մեծապետական ուժերը հայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ տեսնեն իրենց սեփական շահերու իսկ ապահովման երաշխիք մը։
Պատահական չէ, հետեւաբար, որ հայոց պատմութեան դասագիրքերն ու հայ քաղաքական մտքի քննարկման ու զարգացման նուիրուած աշխատութիւնները, գրեթէ առանց բացառութեան, կարեւորութեամբ կանգ կþառնեն այս բացառիկ Հայուն կեանքին ու գործունէութեան վրայ, դրուատանքը կը կատարեն ի նպաստ Հայ Դատի արդար լուծման անոր թափած անդուլ ճիգերուն ¬ հայանպաստ միջազգային ազդու միջամտութիւն ապահովելու նպատակով ¬ եւ միաձայնութեամբ կþեզրակացնեն, որ Իսրայէլ Օրի թէեւ չկրցաւ իրականացնել անկախ Հայաստան եւ հայկական պետութիւն ստեղծելու իր քաղաքական ծրագիրը, բայց անպայման արդի ժամանակներ թեւակոխած հայ ժողովուրդին ու անոր հետագայ սերունդներուն կտակեց ազգային¬քաղաքական մեծագոյն տեսլականը։
Նոյնիսկ խորհրդային կոչուած պոլշեւիկեան ապազգային ու այլամերժ ամբողջատիրութեան շրջանին, Օրի շարունակեց ներշնչման աղբիւր մնալ մեր ժողովուրդին համար, իսկ խորհրդահայ պատմագրութեան պաշտօնապէս թոյլատրուեցաւ մեծարել Իսրայէլ Օրին՝ այն հիմնաւորումով, թէ Օրի եղած էր առաջին հայ քաղաքական գործիչը, որ Ռուսաստանի մէջ փնտռած էր Հայաստանի ապաւէնը։
Լրիւ ճշմարտութիւնը, անշուշտ, ա՛յլ էր։
Իսրայէլ Օրի, ամբողջ Եւրոպան շրջելէ եւ Հռոմի Պապէն սկսեալ մինչեւ Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Աւստրիոյ այլեւայլ իշխանները շահագրգռելու յամառ փորձեր կատարելէ ու ձեռնունայն մնալէ ետք միայն, ճարահատ, դիմեց Պետրոս Մեծն ու Ռուսաստանը… հայութեամբ եւ Հայաստանով շահագրգռելու քայլին, որ ըստ ամենայնի ապարդիւն մնաց։
Այդ առումով՝ Իսրայէլ Օրիի քաղաքական Գործն ու Կտակը տակաւին կը սպասեն իրենց ամբողջական ու առարկայական՝ անաչա՛ռ արժեւորումին։
Մանաւանդ որ աջէն թէ ձախէն տակաւին լսելի կը դառնան իմաստակ «մեղադրանքներ», որոնց համաձայն՝ Իսրայէլ Օրի հայ ժողովուրդին ազատագրումը եւ Հայաստանի անկախութիւնը իբր թէ «օտարներէն սպասող» եւ «մուրացող» մը եղաւ։
Այդօրինակ «մեղադրանք» կատարողները մտահան կþընեն, որ Օրի համոզուած էր եւ գործեց այն հաստատ վարքագծով, թէ հայութիւնը իր սեփական ուժերով պէտք է մղէր ազատագրութեան եւ անկախութեան պայքարը։
Իսրայէլ Օրի միաժամանակ ունէր քաղաքական այն իրատեսութիւնը, թէ հայ ժողովուրդին վիճակուած է էապէս անհաւասար ուժերով պայքար մը, որմէ յաջողութեամբ դուրս գալու համար հայութիւնը, անխուսափելիօրէ՛ն, կարիքը ունէր մեծապետական աշխարհի առաջնորդող ուժերու նպաստաւոր դասաւորումին։
Օսմանեան եւ Պարսկական տիրապետութեանց դաժան լուծին տակ երկատուած ու աստիճանաբար մեռնող հայութեան եւ հայաթափուող Հայաստանի փրկութեան՝ միաւորումին ու ազատագրումին համար, 17րդ դարու պայմանները կը պարտաւորեցնէին, ինչպէս որ այսօր ալ անհրաժեշտ կը դարձնեն, համադրումը մէկ կողմէ հայութեան սեփական ուժերու շղթայազերծումին, իսկ միւս կողմէ՝ մեծապետական ուժերը շահագրգռող քաղաքական զօրաշարժին, որպէսզի հզօրները իրենց սեփական շահերուն ապահովումը տեսնեն նաեւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան մէջ։
Այս առումով՝ Իսրայէլ Օրի յառաջամարտիկը եղաւ արդի հասկացողութեամբ հայ քաղաքական լոպիինկին՝ հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին ի նպաստ օտար ու հզօր ուժեր սիրաշահելու եւ ազդու միջամտութեան մղելու ուղղութեամբ։
Իսրայէլ Օրի հանդիսացաւ քաղաքական ու դիւանագիտական խաղին ուրոյն օրէնքներն ու կանոնները լաւ ըմբռնած եւ կիրարկած ազգային գործիչը, որ յանուն իր Ազգի եւ Հայրենիքի պետական անկախութեան՝ գիտցաւ ու տիրապետեց զիջումներ խաղարկելու եւ հիմնական շահեր ապահովելու արուեստին։
Հայ ազգային¬ազատագրական պայքարին յառաջապահ գործիչը ծնած էր Սիսիան, 1659 թուին։ Իր մասին առաջին յիշատակութեան կը հանդիպինք 1677ին, երբ հօր՝ Մելիք Իսրայէլի կողքին, 18 տարեկանին, կը մասնակցի Ս. Էջմիածնի մէջ Գէորգ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ գումարուած գաղտնի ժողովին, որուն օրակարգին գլխաւոր խնդիրը Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան նպատակով քրիստոնեայ տէրութեանց պաշտօնապէս դիմում ներկայացնելու առաջնդրանքն էր։ Այդ առաքելութեան համար ընտրուած պատուիրակներու շարքին էր Մելիք Իսրայէլ, որուն ընկերացաւ որդին՝ Իսրայէլ Օրի, երբ 1679ի Դեկտեմբերին պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Կ. Պոլիս: Բայց պատուիրակութիւնը չյաջողեցաւ Եւրոպա անցնիլ եւ այդ ձախողութիւնը պատճառ դարձաւ, որ բոլորը վերադառնան իրենց տեղերը։ Միայն 20ամեայ Իսրայէլ Օրին շարունակեց ճամբան։
Այդ օրէն սկսեալ Իսրայէլ Օրի իր 52ամեայ կեանքին մնացեալ աւելի քան 30 տարիները նուիրեց թրքական լուծէն սեփական հայրենիքը ազատագրելու նպատակին՝ եւրոպական երկիրներու եւ անոնց տէրութեանց օգնութեամբ։
Այսպէս, 1680ի վերջաւորութեան, Պոլսէն մեկնած խումբ մը հայ վաճառականներու հետ, Իսրայէլ Օրի հասաւ Վենետիկ։ Քանի մը տարի վաճառականութեամբ զբաղելէ ետք, 1683ին ան անցաւ Փարիզ, ուր սկիզբը ձեռնամուխ եղաւ ֆրանսական բանակի պարենամատակարարման աշխատանքներու, ապա՝ մտաւ զինուորական ծառայութեան եւ հասաւ հեծելազօրի լէյթենանթի, յետոյ եւ հեծելազօրի Քափիթանի աստիճանին։ Իբրեւ այդպիսին 1688¬95ին մասնակցեցաւ անգլեւֆրանսական պատերազմին։ Անգլիացիներու ձեռքը գերի ինկաւ, կարճ ժամանակ ետք ազատ արձակուեցաւ եւ մօտէն ծանօթացաւ անգլիական բանակի կազմաւորման ու պետական կառավարման արուեստին։
1698ին Օրի անցաւ Գերմանիա, ուր Յովհան Վիլհելմ իշխանին հետ կապեր հաստատելով՝ անոր ներշնչեց Հայաստանը նուաճելու, անոր թագաւորը դառնալու եւ Օսմանեան Կայսրութեան թիկունքին անկախ Հայաստան ու Վրաստան ստեղծելու միտքը։ Յովհան Վիլհելմ համաձայնեցաւ եւ Իսրայէլ Օրիի միջոցաւ թուղթեր յղեց Քարթլիի Գէորգի ԺԲ. թագաւորին, Հայաստանի մելիքներուն եւ Ամենայն Հայոց ու Աղուանաց Կաթողիկոսներուն՝ մանրամասն տեղեկութիւններ խնդրելով Հայաստանի ու յարակից երկիրներու տնտեսական, քաղաքական ու ռազմական պայմաններուն մասին։
Նոյն 1698ի Օգոստոսին Իսրայէլ Օրի ժամանեց Վիեննա՝ Աւստրիոյ Լէոփոլտ Ա. կայսրէն եւս յուսադրող գրութիւն ստանալու նպատակով, բայց մերժումի հանդիպեցաւ՝ այդ օրերուն թուրքերու հետ սկսած խաղաղութեան բանակցութեանց պատճառով։ Այնուհետեւ մեկնեցաւ Ֆլորենցիա, ուր ստացաւ Թոսքանայի դուքս Քոզմաս Գ.ի համաձայնութիւնը եւ հուսկ, 1699ին, ուղեւորուեցաւ Հայաստան։
Սակայն Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ իրադրութիւնը լրիւ փոխուած էր։ Նախապէս ապստամբ Գէորգի Զ.ն արդէն հնազանդած էր պարսիկ արքունիին եւ կը գտնուէր Սպահան, իսկ Հայոց Կաթողիկոս Նահապետ Ա. Եդեսացին ու Գանձասարի Սիմէոն Կաթողիկոսը չընդառաջեցին Իսրայէլ Օրիի նախաձեռնութեան։ Միայն Մելիք Սաֆրազի օժանդակութեամբ Իսրայէլ Օրի յաջողեցաւ, Անգեղակոթ աւանին մէջ, Ապրիլին գումարել Սիւնիքի 11 մելիքներու խորհրդաժողով մը, ուր կազմուեցան եւ հաստատուեցան գրութիւններ՝ ուղղուած Յովհան Վիլհելմին, Հռոմի Պապին, Աւստրիոյ կայսեր, Թոսքանայի դուքսին եւ ռուսաց ցար Պետրոս Մեծին՝ Հայաստանի ազատագրութեան գործին սատարելու խնդրանքով։
Անգեղակոթի ժողովը Իսրայելի Օրիին տրամադրեց նաեւ մաքուր, բայց կնքուած թուղթեր, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային այլ դիմումներ եւս կատարէր։
Իսրայէլ Օրի վերադարձաւ Եւրոպա՝ այս անգամ իր կողքին ունենալով, ժողովի թելադրութեամբ, Մինաս վարդապետ Տիգրանեանցը՝ իբրեւ մելիքներու ներկայացուցիչ եւ Օրիի օգնական։ 1699ի Սեպտեմբերին հասնելով Տիւսելտորֆ՝ Օրի եւ Մինաս վարդապետ մշակեցին ու 1700ի սկիզբը Յովհան Վիլհելմին ներկայացուցին Հայաստանի ազատագրութեան ծրագիրը, ըստ որուն՝ պէտք է կազմուէր եռեակ դաշինք։ Դաշնակիցներու բանակը պէտք է անցնէր Ռուսաստանի վրայով՝ վերջինիս համաձայնութեամբ եւ, հետեւաբար, ծրագրի իրագործման պէտք է մասնակցէր նաեւ Ռուսաստանը։
Ծրագրին համաձայն՝ եւրոպական ուժերու այդ արտաքին օգնութիւնը կը դիտուէր իբրեւ անհրաժեշտ լծակ՝ բուն երկրէն ներս ապստամբական շարժումին թափ տալու համար։ Հայաստանի ազատագրութիւնը պէտք է իրագործուէր, հիմնականին մէջ, սեփական ուժերով։ Ծրագրին մէջ առաջնահերթ կարեւորութիւն տրուած էր նախ պարսկական լուծի տակ գտնուող Արեւելեան Հայաստանի ազատագրութեան՝ յատկապէս ընդգծելով հայ ու վրացի ժողովուրդներու համատեղ պայքարին անհրաժեշտութեան գաղափարը։
Հանրագիտական աղբիւրները կþաւելցնեն, որ այս Ծրագիրը իրականացնելու համար Յովհան Վիլհելմը, համապատասխան յանձնարարականներով, Իսրայէլ Օրիին ուղարկեց Թոսքանայի դուքսին եւ Աւստրիոյ կայսեր մօտ, սակայն վերջինս դարձեալ հրաժարեցաւ Հայաստանի ազատագրման գործին մասնակցելէ՝ այս անգամ ալ Սպանական գահի ժառանգութեան համար սկսած պատերազմը պատճառաբանելով։ Աւստրիոյ հրաժարումը խափանեց ծրագրով նախատեսուած եռեակ դաշինքին ստեղծումը եւ, Արեւմուտքէն իր յոյսը կտրած, Իսրայէլ Օրի 1701ին մեկնեցաւ Մոսկուա։
Ռուս պետական գործիչներուն հետ իր վարած բանակցութիւնները Իսրայէլ Օրիի մէջ արմատաւորեցին այն գաղափարը, որ քրիստոնեայ Ռուսաստանը, իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի հանդէպ լուրջ քաղաքական ու տնտեսական շահագրգռութիւններ ունեցող երկրի, ի վիճակի էր սատարելու Հայաստանի ազատագրութեան գործին։
Օրի մշակեց նոր ծրագիր, ուր Հայաստանի ազատագրութեան հարցով գլխաւոր դեր կը յատկացուէր Ռուսաստանին։ Ըստ այս նոր ծրագրին՝ Ռուսաստանը պէտք է յատկացնէր 25 հազարնոց բանակ մը, որ Դարիալի կիրճով ու Կասպից ծովով պիտի մտնէր Հայաստան, ուր անոր պիտի միանային հայ ու վրացի ապստամբները եւ, համատեղ ուժերով, օգտուելով Պարսկաստանի ընդհանուր թուլութենէն, կարճ ժամանակի մէջ հնարաւոր պիտի ըլլար ազատագրել Արեւելեան Հայաստանը։
Ըստ Իսրայէլ Օրիի՝ ռուսական օգնութիւնը պէտք է զուգակցուէր հայերու ապստամբական լայն շարժումին՝ իբրեւ ազատագրութեան եւ հայրենի պետականութեան վերականգնման կայուն երաշխիքի։ Գիտակցելով՝ որ Արեւելեան Հայաստանը ազատագրելու անյաջող փորձը կրնար վտանգաւոր կացութիւն ստեղծել հայ ժողովուրդին համար, Իսրայէլ Օրի կը ձգտէր ապահովել Ռուսաստանի եւ Հռոմի Սրբազան Կայսրութեան հակաթրքական համախոհութիւնն ու միացեալ ճակատը, որպէսզի միաժամանակ կարելի ըլլար հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը դուրս բերել ազգային սահմանափակումէ։ Այդ նպատակով ալ Օրի սերտ յարաբերութիւններ հաստատեց Մոսկուա ապաստանած Իմերեթի թագաւոր Արչիլ Բ.ի, իսկ հետագային նաեւ անդրկովկասեան այլ գործիչներու հետ։
Ծրագիրը ռուսական արքունիքին ներկայացուեցաւ 1701ի Յուլիս 25ին։ Հոկտեմբերին, Պետրոս Մեծը ընդունեց եւ յատուկ զրոյց ունեցաւ Իսրայէլ Օրիի եւ Մինաս վարդապետի հետ, իսկ 1702ի Մարտին հայ պատուիրակներուն պաշտօնապէս յայտնուեցաւ, որ ռուսական արքունիքը Հայաստանի ազատագրութեան խնդրով կը զբաղուի միայն շուետական պատերազմէն յետոյ։
1703ին Իսրայէլ Օրիի նախաձեռնութեամբ կազմուեցաւ եւ ռուսական արքունիքին ներկայացուեցաւ նաեւ Հայաստանի քարտէսը։ Իսկ դէպի Անդրկովկաս նախատեսուող արշաւանքի յաջողութեան համար, Իրանի ներքին կացութեան վերաբերեալ ճշգրիտ տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ հայ ու վրացի ապստամբական ուժերը համախմբելու նպատակով՝ ռուսական արքունիքը հաւանութիւն տուաւ նաեւ Իսրայէլ Օրիի առաջադրած Պարսկաստանի մօտ ռուսական դեսպանութիւն հաստատելու եւ անոր իրագործումը անձամբ Օրիի վստահելու գաղափարին։
Դեպանութեան նկատմամբ կասկածանք չառաջացնելու նպատակով՝ 1704ին Իսրայէլ Օրի մեկնեցաւ Եւրոպա, Հռոմի Պապէն ձեռք բերաւ պարսկական տիրապետութեան տակ ապրող քրիստոնեաներու հալածանքը դադրեցնելու մասին Պարսից Շահին ուղղուած դիմում, նաեւ՝ գնեց զէնքեր ու 1706ին վերադարձաւ Ռուսաստան։ Պետրոս Մեծը նոյնպէս գրեց համանման դիմում, Իսրայէլ Օրիին շնորհեց ռուսական բանակի գնդապետի աստիճան եւ զինք նշանակեց դեսպանութեան ղեկավար ու 1707ին ուղարկեց Պարսկաստան։
Շքախումբով եւ ռազմական ջոկատի ուղեկցութեամբ՝ Իսրայէլ Օրի 1708ի սկիզբը մուտք գործեց պարսկական պետութեան սահմանները։ Չնայած, որ Օրի պաշտօնապէս Հռոմի Պապի դեսպանն էր, սակայն ան հանդիպեցաւ մեծ արգելքներու։ Իրանի մէջ գործող եւրոպական, յատկապէս ֆրանսական միսիոնարները Հուսէյին Շահին ներշնչեցին, թէ Իսրայէլ Օրիի նպատակը հայկական պետութեան վերականգնումն է։ Այնուամենայնիւ, 1709ին, Իսրայէլ Օրի յաջողեցաւ տեսակցիլ Շահին հետ։
Այնուհետեւ Օրի վերադարձաւ Անդրկովկաս, ուր եւ մնաց մինչեւ 1711։ Այդ շրջանին հանդիպումներ ունեցաւ Հայոց Կաթողիկոս Աղեքսանդր Ա. Ջուղայեցիի, Աղուանաց Կաթողիկոս Եսայի Հասան¬Ջալալեանի, հայ մելիքներու եւ անդրկովկասեան այլ գործիչներու հետ՝ առաջադրելով ազատագրական շարժման բռնկումը եւ ընդհանուր ճակատի ու հայկական միացեալ զօրական ուժերու ստեղծումը։
Այդ շփումներու ծիրէն ներս, Եսայի Հասան¬Ջալալեանի հետ Իսրայէլ Օրի 1711ին մեկնեցաւ Աստրախան, ուր Օգոստոս ամսուն, մութ հանգամանքներու մէջ, յանկարծամահ եղաւ։
Այդպէ՛ս յանկարծական եւ վաղաժամ ընդհատուեցաւ կեանքն ու գործունէութիւնը Իսրայէլ Օրիի՝ հայ ազգային¬քաղաքական առաջին այն գործիչին, որ սկզբնաւորեց հայ ժողովուրդի ազգային¬ազատագրական պայքարին քաղաքական հետապնդումը։
Թէեւ Իսրայէլ Օրիի մշակած եւ հետապնդած ծրագիրները չիրականացան, բայց անոր անձն ու գործը ներշնչման աղբիւր դարձան հայոց հետագայ սերունդներուն համար, հայ ազգային¬ազատագրական պայքարի եւ Հայաստանի անկախութեան նուաճման հետագայ բոլոր փուլերուն։
http://www.azator.gr/