«Մոսկուան Եւ Պաքուն Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Մէջ Փոխզիջման Կարելիութիւն Կը Տեսնեն». Լաւրով

«Մոսկուան Եւ Պաքուն Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Մէջ Փոխզիջման Կարելիութիւն Կը Տեսնեն». Լաւրով

04 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»

ԵՐԵՒԱՆ.- Ռուսիան եւ Ատրպէյճան կը կարծեն, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ փոխզիջում գտնելու կարելիութիւն կայ։ ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին 3 Դեկտեմբերին, Պաքուի մէջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։

«Մենք ունինք ըմբռնում, որ գոյութիւն ունին փոխզիջման հասնելու կարելիութիւններ։ Գործը դիւրին չէ։ Այդ հակամարտութիւնը ԱՊՀ տարածքին մէջ ամէնէն երկարատեւներէն մէկն է», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ այդ երկու օրերու հանդիպումները կարելիութիւն պիտի տան աւելի լաւ հասկնալ՝ ինչպէս ջանալ յառաջ շարժիլ։ «Յոյսով եմ, որ արդիւնքներ պիտի ըլլան», հաստատեց Լաւրով։

Նշենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2 Դեկտեմբերին Լաւրովի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, թէ ատրպէյճանական կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ յառաջընթաց չի տեսներ, սակայն կ՛ակնկալէ, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ աշխուժօրէն մասնակցիլ այս գործընթացին։

Լաւրով նաեւ յայտնեց, թէ ինք կը զօրակցի «Լեռնային Ղարաբաղի համայնքներու միջեւ հաղորդակցութեան»։ Այս մասին ան ըսաւ՝ մեկնաբանելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լրագրողներու փոխայցելութիւնները։ «Ռուսիան այդ նախաձեռնութեան հեղինակներէն մէկն էր։ Ես կը կարծեմ, թէ ասիկա շատ կարեւոր է։ Ես կողմ եմ այսպիսի հաղորդակցութիւններու շարունակութեան», հաստատեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը։

Ան նշեց, թէ որեւէ որոշում պէտք է տրուի Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մասնակցութեամբ։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, իր կարգին, յայտնեց, թէ կը սպասուի, որ 4 Դեկտեմբերին Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Պրաթիսլաւայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման վերաբերեալ առարկայական բանակցութիւններու մեկնարկը տան։

Մամետեարովի համաձայն՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը մտադիր է անվտանգութեան հարց բարձրացնել։ «Ի՞նչ է անվտանգութիւնը Հայաստանի պատկերացմամբ, եւ ի՞նչ է այն՝ մեր պատկերացմամբ։ Կայ այն գիտակցութիւնը, որ զօրքերը պէտք է վերադառնան զօրանոցներ։ Այո՛, անվտանգութիւնը կարեւոր է, սակայն նաեւ՝ Ատրպէյճանի համար», շեշտեց Մամետեարով։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ անվտանգութիւնը կարեւոր է նաեւ «Ղարաբաղի ատրպէյճանական բնակչութեան համար», եւ որ անվտանգութեան հարցով վաղը ինք եւ իր հայ պաշտօնակիցը առարկայական բանակցութիւններու պիտի սկսին։

Լաւրով Պաքուի մէջ նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ՀԱՊԿ երկիրներուն ուղղուած խօսքերուն, որոնց մէջ ան կոչ ուղղած էր զէնք չվաճառելու Ատրպէյճանին։ Այս մասին կը գրեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

«Ես միայն կրնամ ընդգծել, որ ռազմաթեքնիքական համագործակցութիւնը մեր եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան կարեւորագոյն ոլորտներէն մէկն է», դիտել տուաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ մեկնաբանելով Փաշինեանի խօսքերը։

Ըստ Լաւրովի՝ Ռուսիան ու Ատրպէյճանը «կը զարգացնեն իրենց համագործակցութիւնը միջազգային արժեչափերուն համապատասխան, համաձայն Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ օրէնսդրութեան եւ ամբողջովին հաշուի առնելով այն հաւասարակշռութիւնը, որ կարեւոր է պահպանելու տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը»։

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

asbarez.com/arm/358872/Մոսկուան-Եւ-Պաքուն-Ղարաբաղի-Տագնապի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail